Որոնել

 Քոլոմպիոյ մէջ պատահած արիւնալի յարձակում Քոլոմպիոյ մէջ պատահած արիւնալի յարձակում  (AFP or licensors)

Լեւոն ԺԴ. Պապին ցաւը Քոլոմպիոյ մէջ պատահած արիւնալի յարձակումին կապակցութեամբ

Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ունկնդրութեան ընթացքին իր խոր ցաւը յայտնեց Քոլոմպիոյ Քաուքա շրջանին մէջ «FARC»-ի կողմէ իրականացուած արիւնալի յարձակման կապակցութեամբ, որուն զոհ գացին 20 հոգի: Սրբազան Քահանայապետը աղօթեց զոհերուն համար եւ կոչ ուղղեց անյապաղ դադրեցնելու բռնութիւնները՝ ընտրելով խաղաղութեան ու վերաշինութեան ուղին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 29 Ապրիլին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Պապն իր խոր ցաւն ու մտահոգութիւնը յայտնեց Քոլոմպիոյ մէջ պատահած արիւնալի յարձակումին կապակցութեամբ։ Սրբազան Քահանայապետը աղօթքով յիշեց զոհերը եւ կոչ ուղղեց՝ վերջ դնելու բռնութիւններուն եւ ընտրելու խաղաղութեան ուղին։ 

Յարձակում Քոլոմպիոյ մէջ. Ողբերգական հաշուեկշիռ 

Անցեալ շաբաթ օր՝ Ապրիլ 25-ին, Քոլոմպիոյ հարաւ-արեւմտեան Քաուքա շրջանի Քախիպիօ (Cajibío) գիւղական տարածքին մէջ, ահաբեկչական յարձակում մը տեղի ունեցաւ հանրակառքի մը դէմ։ Պայթուցիկ նիւթերով լեցուն գլան մը նետուած էր փոխադրամիջոցին վրայ, որուն պատճառով 20 հոգի զոհուեցաւ (15 կին եւ 5 այր մարդ), իսկ աւելի քան 40 հոգի ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, յարձակման պատասխանատուն «FARC»-ի ապստամբ խմբաւորումն է (Emc)։

Սպանախօս ուխտաւորներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ, Պապը շեշտեց.

«Ցաւով ու մտահոգութեամբ տեղեկացայ Քոլոմպիոյ հարաւ-արեւմտեան շրջանը հարուածող բռնութեան ողբերգական կացութեան մասին։ Իմ մտերմութիւնս ու աղօթքս կը յայտնեմ զոհերուն եւ անոնց ընտանիքներուն՝ յորդորելով բոլորին մերժել բռնութեան ամէն ձեւ եւ վճռականութեամբ ընտրել խաղաղութեան ուղին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2026, 13:41