Եաունտէէն Լուանտա. Լեւոն ԺԴ Պապին Առաքելական Ճամբորդութեան երրորդ հանգրուանը` Անկոլա
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
18 ապրիլ 2026-ին Լեւոն ԺԴ Պապին Ափրիկէ կատարած առաքելական ճամբորդութեան քամերունեան փուլը աւարտեցաւ եւ Սրբազան Քահանայապետը մեկնեցաւ Միջազգային առաքելական ճամբորդութեան երրորդ հանգրուան հանդիսացող Անկոլա հանրապետութիւն որուն բնակչութիւնը բաղբաղմամբ ճամբորդութեան մաս կազմող միւս երկիրներուն, մեծամասնութեամբ կաթողիկէ է։
Սրբազան Պապին յայտագիրը սկսաւ Առաքելական Նուիրակութեան հրաժեշտով եւ անոր Եաունտէ-Վիլ օդակայան փոխադրութեամբ, ուր հազարաւոր հաւատացեալներ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին զինք մինչ Պապական կառքով (papamobile) կ՛անցնէր բազմութեան մէջէն՝ ողջունելով շուրջ 200,000 ներկաները, որոնք եկած էին մասնակցելու Սուրբ Պատարագին` որ նուիրուած է Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնին՝ Առաքելոց Թագուհիին։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Եաունտէի Արքեպիսկոպոս Ժան Մպարկայի արտասանած շնորհակալութեան խօսքերէն ետքը, Սրբազան Պապը կ՛ ուղղուի Եաունտէ-Նսիմալէն միջազգային օդակայան՝ ուր Քամերունի Վարչապետ` Ժոզեֆ Տիոն Նկութէի եւ քաղաքացիական ու զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ներկայութեամբ տեղի ունեցած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան աւարտին Քահանայապետը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները փոխադրող օդանաւը թռիչք առաւ ուղղուելով Անկոլայի մայրաքաղաք Լուանտա՝ սաւառնելով Կեդրոնական Ափրիկէի քանի մը երկիրներու օդային տարածքներուն վրայէն` Քամերուն, Հասարակածային Կուինէա, Կապոն, Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութիւնը եւ Անկոլա։
Քամերունէն Անկոլա
Գրեթէ երկուքուկէս ժամ տեւած թռիչքէ մը ետքը Քահանայապետական օդանաւը վայրէջք կատարեց «4 Փետրուար» միջազգային օդակայան։ Անունումը կը յիշեցնէ 1961-ի Փետրուար 4-ի հակագաղութատիրական պայքարի սկիզբը։
Քահանայապետին ժամանումը ուղեկցեցաւ հանդիսաւոր ընդունելութեամբ։ Սրբազան Պապը արդարեւ դիմաւորուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ժոաու Մանուէլ Կոնսալվէս Լաուրենսոյի կողմէ՝ զինուորական պատիւներով, քայլերգերով եւ պատուիրակութիւններու պաշտօնական ներկայացմամբ։
Յայտնենք որ Անկոլայի մայրաքաղաք Լուանտան, կը գտնուի Ատլանտեան ովկիանոսի ափին։ Պատմականօրէն, անիկա ստրուկներու վաճառքի կարեւոր կեդրոն եղած է դէպի Պրազիլ՝ մինչեւ 1836 թուական։ Այսօր քաղաքը շատ սուղ է եւ ունի ընկերային մեծ անհաւասարութիւն, բնակչութեան բարձր խտութիւն եւ ապրուստի ծախսերու հետ կապուած լարուածութիւն։
Քաղաքը բաժնուած է Պայշա (Baixa) պատմական եւ նաւահանգստային գօտիին՝ իր գաղութային շէնքերով ու արդիական երկնաքերներով, եւ Սիտատի Ալթա (Cidade Alta) բարձրադիր ու վարչական մասին միջեւ, որ շրջապատուած է արուարձաններով։
Պաշտօնական ընդունելութեան աւարտին Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Լուանտայի Նախագահական Պալատ քաղաքավարական այցելութիւն կատարելու Նախագահին եւ անոր հետ ունեցած առանձնական հանդիպումէն ետքը փոխադրուեցաւ Արարողակարգային տաղավար ուր հանդիպում ունեցաւ պետական հաստատութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ դիւանագիտական մարմնի շուրջ 400 ներկայացուցիչներու հետ` որոնց ուղղեց իր պատգամը եւ հանդիպման աւարտին փոխադրուեցաւ Առաքելական Նուիրակութիւն, ուր Ան ընթրիքը կատարեց Անկոլայի եպիսկոպոսներուն հետ միասին, հովուական խորհրդակցութեան եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
