«Ան որ իշխանութիւնը կուռք կը դարձնէ, որպէսզի աշխարհը ծունկի բերէ, կը ծառայէ մահուան». Լեւոն ԺԴ.

Սուրբ Պետրոսի մէջ խաղաղութեան համար Վարդարանի աղօթքի աւարտին Լեւոն ԺԴ. յորդորեց «որպէս մարդկութիւն և մարդկայնօրէն դիմակայել պատմութեան այս ողբերգական ժամը»։ Ան դատապարտեց կառավարողներու «անյետաձգելի պատասխանատուութիւնը»։ Աստուծոյ թագաւորութիւնը, անօդաչու սարքերէ, չարագործութեան սովորականացումէ կամ անարդար շահոյթներէ զերծ է, և հիմնուած է արժանապատուութեան ու ներման վրայ, դիտել տուաւ Քահանայապետը եի աւելցուց Իրական ուժը կը դրսեւորուի կեանքին ծառայելով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 11 ապրիլի, երեկոյեան ժամը վեցին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գլխաւորեց խաղաղութեան համար Սուրբ Վարդարանի աղօթքի հսկումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր կղերականներ եւ հաւատացեալներ։

Ողջոյնի խօսք հրապարակի վրայ գտնուող հաւատացեալներուն
Ողջոյնի խօսք հրապարակի վրայ գտնուող հաւատացեալներուն   (@Vatican Media)

Ողջոյնի խօսք հրապարակի վրայ գտնուող հաւատացեալներուն

Նախ քան Սուրբ Պետրոս պազիլիքայէն ներս խաղաղութեան նուիրուած Սուրբ Վարդարանի աղօթքը գլխաւորելը Նորին Սրբութիւնը ուզեց ողջունեց երեք հազարէ աւելի հաւատացեալները որոնք աղօթքին մասնակցեցան Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ, տրուած ըլլալով որ տաճարը բաւարար չէր բոլորը ընդունելու։

Քահանայապետը ջերմօրէն ողջունելով ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց որ միացան իրեն հրաւէրին` միանալու եւ ձայնով, սրտով ու կեանքով աղօթելու խաղաղութեան համար։

Սուրբ Պետրոսի մէջ խաղաղութեան համար Վարդարանի աղօթք
Սուրբ Պետրոսի մէջ խաղաղութեան համար Վարդարանի աղօթք   (@Vatican Media)

Թող խաղաղութիւնը իսկապէս տիրէ համայն աշխարհին մէջ

«Խաղաղութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրի սրտին մէջ է։ Թող խաղաղութիւնը իսկապէս տիրէ ամբողջ աշխարհին մէջ, և մենք ըլլանք այդ պատգամի կրողները» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով` որ «Աստուած մեզ կը լսէ, Աստուած մեզի կ՛ուղեկցի։ Յիսուս մեզի ըսաւ. «Այնտեղ ուր երկու կամ երեքը հաւաքուած են Իմ անունովս, Ես անոնց հետն եմ»։

Խաղաղութիւն կարելի է

«Այժմ, միացած Սուրբ Վարդարանի աղօթքին՝ խնդրելով մեր Մօր՝ Մարիամի բարեխօսութիւնը, կ՛ուզենք ամբողջ աշխարհին ըսել, որ կարելի է կառուցել խաղաղութիւն, նոր խաղաղութիւն, որ կարելի է  ապրիլ միասին՝ բոլոր ժողովուրդներու, բոլոր կրօններու, բոլոր ցեղերու հետ։ Մենք կ՛ ուզենք ըլլալ Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներ՝ միացած որպէս եղբայրներ և քոյրեր, միացած խաղաղ աշխարհի մէջ։ Աղօթեցէք մեզ հետ։ Շնորհակալութիւն ձեր ներկայութեան համար։ Թող Աստուած ուղեկցի ձեզ և ձեր սիրելիներին այսօր և միշտ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ապա անոնց շնորհեց իր օրհնութիւնը։

Սուրբ Պետրոսի մէջ խաղաղութեան համար Վարդարանի աղօթք
Սուրբ Պետրոսի մէջ խաղաղութեան համար Վարդարանի աղօթք   (@Vatican Media)

Հսկումի խորհրդածութիւնը

Իսկ հսկումի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւ խաղաղութիւնը կերտելու կարեւորութեան վրայ ընդգծելով պատերազմի անհեթեթութիւնը։

«Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, ձեր աղօթքը արտայայտութիւնն է այն հաւատքին, որ, ըստ Յիսուսի խօսքին, կը շարժէ լեռները (հմմտ. Մատթ. 17,20)», ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով խորհրդածութեան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց` որոնք համապատասխանեցին իր հրաւէրին իրեն միանալու այս աղօթքի հսկումին։

Պատերազմը կը բաժնէ, յոյսը՝ կը միացնէ

«Պատերազմը կը բաժնէ, յոյսը՝ կը միացնէ։ Բռնութիւնը ոտնակոխ կ՜ընէ է, սէրը՝ կը բարձրացնէ։ Կռապաշտութիւնը կը կուրացնէ, կենդանի Աստուածը՝ կը լուսաւորէ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը բաւարար համարելով փոքր հաւատք մը, մէկ բեկոր հաւատք, «որպէսզի միասին, որպէս մարդկութիւն և մարդկայնութեամբ, դիմագրաւենք պատմութեան այս ողբերգական ժամը» յարեց Ան դիտել տալով թէ Աղօթքը, պատասխանատուութենէն խուսափիլ չէ, այլ մահուան ամենաանվճար, համընդհանուր և յեղափոխական պատասխանն է եւ ասկէ մեկնելով հրաւիրեց «վեր բարձրացնել հայեացքը» ու «վեր բարձրանալ նաեւ աւերակներէն»։ «Ոչ մէկ բան կարող է մեզ փակել արդեն գրուած ճակատագրի մը մէջ, նոյնիսկ այս աշխարհին մէջ, ուր կը թուայ թէ գերեզմաններն ալ բաւարար չեն, որովհետև կը շարունակուի խաչել, ոչնչացնել կեանքը՝ առանց իրաւունքի և անգութ կերպով»։

Սուրբ Պետրոսի մէջ խաղաղութեան համար Վարդարանի աղօթք
Սուրբ Պետրոսի մէջ խաղաղութեան համար Վարդարանի աղօթք   (@Vatican Media)

 Այլեւս ոչ երբեք պատերազմ

Ան ապա յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ին խօսքերը զոր երջանկայիշատակ Քահանայապետը արտասանած էր 2003 թուականի 16 Մարտի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, Իրաքեան ճգնաժամի ժամանակ, որուն մէջ ան յիշելով իր ապրած պատերազմէ սարսափի փորձառութիւնը հաստատած էր թէ պատկանութիւնն ունի բոլոր երիտասարդներուն ըսելու «այլեւս ոչ երբեք պատերազմ», ինչպէս ըսած էր նաեւ Պօղոս Զ Միացեալ Ազգերուն տուած իր առաջին այցելութեան ժամանակ։

«Այս գիշեր իմս կ՜ընեմ այդ կոչը որ կը մնայ այժմէական» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. հաստատելով` որ «աղօթքը մեզ կը դաստիարակէ գործելու» ու թէ «մարդկային սահմանափակ կարելիութիւնները, աղօթքին մէջ, կը միանան Աստուծոյ անսահման կարելիութիւններուն» եւ այդպիսով «մտածումներ, խօսքեր եւ գործեր կը կործանեն չարին սատանայական շղթան եւ կը դրուին Աստուծոյ Թագաւորութեան ծառայութեան տակ. Թագաւորութիւն ուր չկայ սուր, չկայ անօթաչու սարք, չկայ վրէժ, չկայ չարիքի սովորականացում, ոչ ալ անարդար շահ, այլ միայն արժանապատուութիւն, հասկացողութիւն եւ ներողամտութիւն» ըսաւ Քահանայապետը։

Սուրբ Պետրոսի մէջ խաղաղութեան համար Վարդարանի աղօթք
Սուրբ Պետրոսի մէջ խաղաղութեան համար Վարդարանի աղօթք

Մահուան ելոյթներուն մէջ չի ներգրաւել Աստուծոյ Սուրբ անունը

Ան ապա նշեց որ մարդկային ընտանիքին մէջ հաւասարակշռութիւնը ծանրապէս խախտած է ու մահուան ելոյթներուն մէջ կը ներգրաւուի նոյնիսկ` Կեանքի Աստուծոյ սուրբ Անունը, եւ այդպիսով կ՜անհետանայ եղբայրներու եւ քոյրերու աշխարհ մը ու իրականութիւնը կը բնակեցուի թշնամանիրով։

Ան` որ կ՜աղօթէ գիտէ իր սահմանները` չի սպաներ եւ մահուամբ չի սպառնար, իսկ մահուան կը ծառայէ ան որ իր թիկունքը դարձուց կենդանի Աստուծոյ որպէսզի իր անձը եւ իր իշխանութիւնը դարձնէ «խուլ, կոյր ու համր կուռքը (հմմտ. Սաղմ 115,4-8), որուն կը զոհաբերուին բոլոր արժէքները եւ որուն առջեւ ամբողջ աշխարհէն կը պահանջուի ծունկի գալ»։

Իրական ուժը կը դրսեւորուի կեանքին ծառայելով

«Բաւ է ինքնապաշտամունք եւ դրամապաշտութիւն։ Բաւ է ուժի ցուցադրութիւնը։ Բաւ է պատերազմը։ Իրական ուժը կը դրսեւորուի կեանքին ծառայելով» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. եւ յիշեց Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ-ին խօսքերը. «Խաղաղութենէն բոլորը կը շահին՝ անհատները, ընտանիքները, ժողովուրդները, ամբողջ մարդկային ընտանիքը», ապա կրկնեց Պիոս ԺԲ-ի կտրուկ խօսքերը. «Ոչինչ կորսուած է խաղաղութեամբ։ Ամէն ինչ կրնայ կորսուիլ պատերազմով» (Pacem in terris, 62)։

«Ուրեմն միացնենք մեր բարոյական եւ հոգեւոր ուժերը՝ միլիոնաւոր, միլիարդաւոր մարդկանց եւ կանանց, ծերերու եւ երիտասարդներու, որոնք այսօր կը հաւատան խաղաղութեան, որոնք այսօր կ’ընտրեն խաղաղութիւնը, որոնք կը բուժեն վէրքերը եւ կը վերականգնեն պատերազմի խելագարութեան թողած վնասները» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ակնարկելով այն բազմաթիւ նամակներուն զոր ինք կը ստանայ հակամարտութեան գօտիներու երեխաներէ, որոնցմէ ի յայտ կու գայ եւ «ամբողջ սարսափն ու անմարդկայնութիւնը այն արարքներուն, զորս որոշ մեծահասակներ կը պարծենան հպարտութեամբ»։ «Անսանք երեխաներու ձայնին» կոչ ըրաւ Քահանայապետը։

Սուրբ Պետրոսի մէջ խաղաղութեան համար Վարդարանի աղօթք
Սուրբ Պետրոսի մէջ խաղաղութեան համար Վարդարանի աղօթք

Ազգերու Կառավարիչներու պատասխանատուութիւնը` Կանգ առէք

Ան ապա ակնարկեց Ազգերու Կառավարիչներու պատասխանատուութեան ու հրաւիրեց անոնց բացագանել. «Կանգ առէք։ Ասիկա ժամն է խաղաղութեան։ Նստեցէք երկխօսութեան եւ միջնորդութեան սեղաններու շուրջ, ոչ թէ այն սեղաններուն ուր կը ծրագրուի զինումը ու կ՛որոշուին մահուան արարքները»։

Դարձի գալ խաղաղութեան Թագաւորութեան 

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց նաեւ բազմաթիւ երկիրներու մարդոց ու կիներու պատասխանատուութեան, որ մեծ թիւով կը դատապարտեն պատերազմը նշելով որ աղօթքը մեզ յանձնառու կը դարձնէ դարձի բերելու այն ինչ որ մեր սրտերուն ու մեր մտքերուն մէջ տակաւին բռնաբար է, հրաւէր ուղղելով դարձի գալու խաղաղութեան Թագաւորութեան մը որ կը կերտուի օր ըստ օրին։

«Վերադառնանք հաւատալու սիրոյն, չափաւորութեան եւ բարի քաղաքականութեան։ Կրթուինք եւ անձամբ ներգրաւուինք՝ իւրաքանչիւրս պատասխանելով իր կոչումին։ Ամէն մէկը իր տեղն ունի խաղաղութեան խճանկարին մէջ» եղան Սրբազան Քահանայապետին խրախուսական խօսքերը որոնցմէ ետքը ան ակնարկեց Սուրբ Վարդարանի աղօթքին «որ մեզ միացուց այս երեկոյ» ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի այն ուսուցումին թէ «կարիքը կայ խաղաղութեան արհեստաւորներու, որոնք պատրաստ են զարկ տալու բուժման գործընթացներու եւ նորոգուած հանդիպումի մը` ստեղծագործութեամբ եւ յանդգնութեամբ» ( Fratelli tutti, 225).

Սուրբ Պետրոսի մէջ խաղաղութեան համար Վարդարանի աղօթք
Սուրբ Պետրոսի մէջ խաղաղութեան համար Վարդարանի աղօթք   (@VATICAN MEDIA)

Իւրաքանչիւր համայն թող դառնայ աղօթքի տուն

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, վերադառնանք տուն՝ այս յանձնառութեամբ միշտ աղօթելու, առանց յոգնելու.... Եկեղեցին մեծ ժողովուրդ մըն է՝ հաշտութեան եւ խաղաղութեան ծառայութեան մէջ, որ կը յառաջանայ առանց տատանումի, նոյնիսկ երբ պատերազմի տրամաբանութեան մերժումը կրնայ իրեն պատճառել անըմբնելիութիւն եւ արհամարհանք։ Ան կը հռչակէ խաղաղութեան Աւետարանը եւ կը դաստիարակէ Աստուծոյ հնազանդիլ՝ աւելի քան մարդոց, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի այլ մարդկային էակներու անսահման արժանապատուութեան, որ վտանգուած է միջազգային օրէնքի շարունակական խախտումներով» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ցանկալի համարելով որ «ամբողջ աշխարհին մէջ, իւրաքանչիւր համայնք դառնայ “խաղաղութեան տուն”, ուր կը սորվին թշնամութիւնը չէզոքացնել երկխօսութեան միջոցաւ, ուր կը գործադրուի արդարութիւնը եւ կը պահուի ներումը։ Այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է ցոյց տալ, թէ խաղաղութիւնը սադրանք մը չէ» (Խաղաղութեան համաշխարհային 59-րդ օրուան պատգամ 2026 թ. Յունուար 1) հաստատեց Քահանայապետը որ ապա դարձեալ ակնարկեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի խօսքերուն զոր Ան արտասանած էր 2 Փետրուար 1991-ին խաղաղութեան աղօթքի պահուն ««Այլեւս ոչ երբեք պատերազմ, առանց վերադարձի արկածախնդրութիւն, այլեւս ոչ երբեք պատերազմ, սուգի եւ բռնութեան պարոյր»։

Ան առ այդ խորհրդածութիւնը աւարտեց աղօթքը ուղղուած Յարուցեալ Քրիստոսին

Տէր Յիսուս,
Դուն յաղթեցիր մահուան՝ առանց զէնքի եւ առանց բռնութեան.
Դուն լուծեցիր անոր իշխանութիւնը՝ խաղաղութեան զօրութեամբ։

Տուր մեզ Քու խաղաղութիւնդ,
ինչպէս Զատկուան առաւօտուն տատանող կիներուն,
ինչպէս թաքնուած եւ վախցած աշակերտներուն։

Ուղարկէ Քու Հոգիդ,
կեանք տուող շունչը, որ կը հաշտեցնէ,
որ թշնամիներն ու հակառակորդները եղբայրներ եւ քոյրեր կը դարձնէ։

Ներշնչէ մեզի Մարիամի Քու մօր վստահութիւնը,
որ կոտրուած սրտով կանգնած էր Քու խաչիդ տակ,
ամուր հաւատքով, թէ Դուն յարութիւն պիտի առնէիր։

Թող պատերազմի խելագարութիւնը վերջ գտնէ,
եւ Երկիրը խնամուի ու մշակուի անոնց կողմէ, որոնք տակաւին
կրնան ծնունդ տալ, պահել եւ սիրել կեանքը։

Լսէ՛ մեզ, կեանքի Տէր։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2026, 19:09