Որոնել

BRITAIN-FRANCE-EUROPE-MIGRANTS-AFP PICTURES OF THE YEAR 2021

«Նոյնիսկ մէկը այս մանուկներէն». Գաղթականներու եւ փախստականներու 112-րդ Համաշխարհային Օրուան պատգամի բնաբանը

Այս ընտրութեամբ, Լեւոն ԺԴ. Պապը կը ցանկանայ արտայայտել Եկեղեցւոյ հոգատարութիւնը այն անչափահասներուն հանդէպ, որոնք անմիջապէս ներգրաւուած են գաղթի փորձառութեան մէջ, յիշեցնելով անոնցմէ իւրաքանչիւրը ընդունելու պարտականութիւնը՝ ինչպէս կը սորվեցնէ Աւետարանը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Հայրը ուզեց Գաղթականի և Փախստականի 112-րդ Համաշխարհային Օրուան Պատգամը վերնագրել «Նոյնիսկ մէկը այս մանուկներէն», յստակ յղում կատարելով Մատթէոսի Աւետարանին. «Ով որ այս մանուկներէն մէկը ընդունի իմ անունովս, զիս կ՛ընդունի» (Մատթ 18, 5)»։ Այս կը կարդանք Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Վերատեսչութեան հրատարակած հաղորդագրութեան մը մէջ, որով կը բացայայտուի յառաջիկայ 27 սեպտեմբեր 2026-ին յիշատակուելիք գաղթականներուն եւ փախստականներուն նուիրուած համաշխարհային Օրուայ պատգամին բանաբնը։։

«Այս ընտրութեամբ, Լեւոն ԺԴ. Պապը կը ցանկանայ արտայայտել Եկեղեցւոյ հոգատարութիւնը այն անչափահասներուն հանդէպ, որոնք անմիջապէս ներգրաւուած են գաղթի փորձառութեան մէջ, յիշեցնելով անոնցմէ իւրաքանչիւրը ընդունելու պարտականութիւնը՝ ինչպէս կը սորվեցնէ Աւետարանը» նշուած է միշտ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։

Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Քահանայապետերը վարդապետական կերպով կ՛ արտայայտուին այս հարցի մասին, սակայն ներկայ գաղթի իրավիճակը կ՜առաջարկէ նոր մարտահրաւէրներ, որոնք լրջօրէն կը սպառնան փոքրերու իրաւունքներուն եւ արժանապատուութեան, եւ կը պահանջեն շտապ ու արդիւնաւէտ պատասխաններ։ Ուստի, հարցը թիւերու կամ տոկոսներու մասին վիճաբանութիւն մը չէ, որովհետեւ «նոյնիսկ մէկը» կը մնայ գերագոյն արժէք, հաստատուած է Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Վերատեսչութեան հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2026, 12:00