Որոնել

2026.04.16 Viaggio Apostolico in Camerun - Santa Messa allâ  Aeroporto di Bamenda

Եաունտէ–Տուալա–Եաունտէ. Նորին Սրբութեան Քամերունի մէջ երրորդ օր

Քահանայապետի Քամերուն կատարած առաքելական ճամբորդութեան երրորդ օրը յատկանշուեցաւ անոր Տուալա քաղաք տուած այցելութեամբ ուր Ան կը մատուցէ Սուրբ Պատարագը ապա կ՜այցելէ կաթողիկէ հիւնադանոցը հուսկ կէսօրէն ետք Եաունտէյի մէջ կը հանդիպի համալսարանական համայնքին հետ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 17 ապրիլը, Լեւոն ԺԴ. Պապին Քամերուն կատարած առաքելական ճամբորդութեան երրորդ օրը յատկանշուեցաւ անոր Տուալա քաղաք տուած այցելութեամբ։

Սրբազան Պապին օրակարգը կը սկսի առաւօտեան ժամը ինին երբ Ան Քամերունի մայրաքաղաք Եաունտէի Նսիմալէնի միջազգային օդակայանին մէջ տեղական իշխանութիւններէն հրաժեշտ առնելէն ետք  կը մեկնի դէպի երկրի տնտեսական գլխաւոր քաղաք հանդիսացող՝ Տուալա որ կը գտնուի Կուինէական ծոցի ափին եւ իր ամենակարեւոր նաւահանգիստով, օդակայանով ու շուկայով, կը հանդիսանայ երկրի առեւտրական մայրաքաղաքը։

Տուալա ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը կ՛ արժանանայ պաշտօնական ընդունելութեան եւ  օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ կարճ դադարէ մը ետք , կ՛ուղղուի  դէպի արդիական Ժափոմա մարզադաշտ։ 

Այս վիթխարի մարզական համալիրը, որ կառուցուած էր ընդունելու համար 2021-ի Ափրիկէյի բաժակի մրցաշարքը, Քամերունի ենթակառուցուածքային զարգացման խորհրդանիշներէն մին է։

Սուրբ Պատարագ

Ճիշտ այնտեղ է` որ տեղի կ՛ունենայ կեդրոնական իրադարձութիւններէն մին՝ Զատկուան երկրորդ շաբթուան ուրբաթ օրուան առթիւ Սուրբ Պատարագի մատուցումը, շուրջ 120,000 հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ 

Մարզադաշտ ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը բացօթեայ ինքնաշարժով շրջանը կը կատարէ տարածքին ողջունելու համար հաւատացեալները որմէ ետքը  կ՛ուղղուի աւանդատուն ապա կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը։ 

Մեծ մասնակցութեամբ համակուած այս արարողութեան ընթացքին ընթերցումներն ու շարականները կը հնչեն ֆրանսերէնով եւ անգլերէնով՝ արտացոլելով երկրի լեզուական հարստութիւնը։ 

Սուրբ Պօղոս կաթողիկէ հիւանդանոցին կարճ այցելութիւն

Արարողութեան աւարտին Տուալայի Արքեպիսկոպոսը շնորհակալական խօսքը մը կ՛ուղղէ Քահանայապետին որմէ ետքը տեղի կ՜ունենայ նուէրներու փոխանակումը հուսկ Սրբազան Պապը կը վերադառնայ աւանդատուն, ապա կը տեղափոխուի  Սուրբ Պօղոս կաթողիկէ հիւանդանոց, կարճ այցելութեան մը կատարելով հիւանդներու խնամքով զբաղող այս կառոյցին որմէ ետքը Ան կ՛ուղղուի Տուալայի միջազգային օդակայան եւ տեղական իշխանութիւններէն հրաժեշտ առնելէն ետքը վերադարձ կը կատարէ Եաունտէ ուր կը ժամանէ մէկ ժամ մի քանի վայրկեան տեւող թռիչքէ մը ետք եւ անմիջապէս կ՛ուղղուի  Պապական Նուիրակութիւն՝ քիչ մը հանգստանալու համար, նախքան յայտագիրը շարունակելը։

Կեդրոնական Ափրիկէի Կաթողիկէ Համալսարանը

Յետմիջօրէին, Քահանայապետը կ՛ այցելէ Կեդրոնական Ափրիկէի Կաթողիկէ Համալսարանը, որ ողջ տարածաշրջանի համար ակադեմիական կարեւոր հաստատութիւն մըն է, որ ակադեմիական գերազանցութեան ձգտումը համադրելով բարոյական պատասխանատուութեան հետ՝ նպատակ ունի ամբողջական կերպով կազմաւորելու մարդոց եւ կանանց նոր սերունդ մը, որոնք կարող ըլլան  նպաստել Ափրիկայի ընկերային, քաղաքական, տնտեսական, բարոյական եւ հոգեւոր վերածնունդին։

Համալսարանը Հիմնուած 1989-ին՝ Սուրբ Աթոռի հովանաւորութեամբ,  ընդգրկելու համար Կենտրոնական Ափրիկէյի վեց երկիրները (Քամերուն, Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութիւն, Քոնկօ-Պրազաւիլ, Կապոն, Հասարակածային Կուինէա եւ Չատ), համալսարանը առանձնակի ուշադրութիւն կը դարձնէ երեք հիմնական նպատակներու. նպաստել ափրիկեան հասարակութիւններու զարգացման՝ մասնագիտական եւ ակադեմիական կրթական ծրագրերու միջոցաւ, որոնք կը համապատասխանեն իրական պահանջքներուն՝ ընկերային գիտութիւններու, կառավարման արհեստագիտութեան եւ բուժքոյրական գիտութիւններու ոլորտներուն մէջ, ներկայացնել մարդուն քրիստոնէական տեսլականը՝ իր փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական չափանիշերով, եւ նպաստել բարոյական վարքագիծերու ձեւաւորման՝ կեանքի բոլոր մասնաւոր եւ հանրային ոլորտներուն մէջ։

Անոր կարգախօսն է՝ «Ի ծառայութիւն Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան»։ Այսօր համալսարանը, ի միջի այլոց, ունի Աստուածաբանութեան, Փիլիսոփայութեան, Քաղաքական եւ իրաւաբանական գիտութիւններու, ինչպէս նաեւ Ընկերային գիտութիւններու եւ կառավարման բաժանմունքներ։

Համալսարանին մէջ Քահանայապետը  հանդիպում կ՛ունենայ  համալսարանական աշխարհին հետ՝ երգերու, վկայութիւններու եւ դասախօսներու ու ուսանողներու ելոյթներու ընկերակցութեամբ։

Հանդիպումը աւարտին Սրբազան Պապի իր խօսքը ուղղելէ ետքը ներկաներուն կը վերադառնայ Պապական Նուիրակութիւն եզրափակելով խիտ յայտագիրով յատկանշուած օր մը որ միացուցած էր հոգեւոր տօնակատարութիւնը, հովուական մօտիկութիւնը եւ մշակութային աշխարհի հետ երկխօսութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2026, 08:46