Pope Leo visits African countries

Լեւոն ԺԴ. Պապի ողջոյնի Խօսքը. Ալճերիայէն Քամերուն ճամբորդութեան ընթացքին

Սրբազան Պապը երախտագիտութիւն յայտնեց Ալեճերիոյ իշխանութիւններուն ու ժողովուրդին իրենց վերապահած հիւրընկալութեան համար ու շեշտեց այս երկու օրերու ընթացքին դրսեւորուած պատգամները այն է համակեցութիւնը, միջրկրօնական յարգանքը, եւ կամուրջներ կառուցելու յանձնառութիւնը։
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 15 ապրիլին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը աւարտելով իր քահանայապետութեան երրորդ միջազգային ճամբորդութեան առաջին փուլը Ալճերիոյ մէջ, մեկնեցաւ Քամերունի մայրաքաղաք Եաունտէ։ Թռիչքի ընթացքին, Սրբազան Պապը մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ իրեն ընկերակցող լրագրողներուն հետ՝ ամփոփելով Ալճերիա կատարած «օրհնեալ» այցելութեան տպաւորութիւնները։

Երախտագիտութիւն եւ Յարգանքի Նշաններ

Նորին Սրբութիւնը նախ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Ալճերիոյ իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին՝ անոնց ցուցաբերած առատաձեռնութեան համար։ Ան յատկապէս շեշտեց այն յարգալից վերաբերմունքը, որով հիւրընկալուեցաւ Սուրբ Աթոռը, նշելով որ իշխանութիւններուն կողմէ նոյնիսկ օդային տարածքին մէջ արտօնուած ուղիի շեղումը եղաւ «բարեացակամութեան, առատաձեռնութեան եւ յարգանքի նշան» զոր Ալճերիոյ ժողովուրդն ու կառավարութիւնը ուզեցին ցուցաբերել Սուրբ Աթոռին եւ անձամբ իրեն հանդէպ։

Սուրբ Օգոստինոս. Արդիական պատգամ 

Անդրադառնալով Ալճերիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ փոքրաթիւ, բայց կենսունակ ներկայութեան, Քահանայապետը յիշեց իր այցելութիւնները Ափրիկէի Տիրամօր եւ Աննապայի Սուրբ Օգոստինոսի պազիլիքաները յատուկէն անդրադառնելով Սուրբ Օգոստինոսի տիպարին ու ժառանգութեան։  Քահանայապետը հաստատեց, որ Սուրբին ուսուցումները եւ ճշմարտութեան փնտռտուքը խիստ արդիական են ոչ միայն քրիստոնեաներուն, այլեւ համայն մարդկութեան համար։ Ան նկատել տուաւ, որ նոյնիսկ ոչ քրիստոնեայ ալճերիացիները կը մեծարեն Սուրբ Օգոստինոսը որպէս իրենց հողի մեծ զաւակը, ինչ որ խաղաղ համակեցութեան փայլուն օրինակ է։

Կամուրջներու Կառուցում

Սրբազան Պապը իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով երկխօսութեան կարեւորութիւնը։ Ակնարկելով  իր մզկիթ «նշանակալից» այցելութեան Ան հաստատեց թէ այս մէկը «ցոյց տուաւ, որ թէեւ ունինք տարբեր հաւատալիքներ, աղօթելու տարբեր ձեւեր եւ ապրելակերպի տարբեր եղանակներ, կրնանք միասին խաղաղութեամբ ապրիլ»։

«Այսպիսի պատկերի խթանումը բան մըն է, որուն կարիքն ունի աշխարհը այսօր», ըսաւ Լեւոն ԺԴ.՝ յորդորելով լրագրողներուն շարունակել իրենց վկայութիւնը, մինչ առաքելական ճամբորդութիւնը կը թեւակոխէ իր յաջորդ հանգրուանը դէպի Քամերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2026, 16:11