Միայն Աստուծոյ մէջ է` որ մարդկային սիրտը խաղաղութիւն կը գտնէ. Լեւոն Պապին հրաժեշտի խօսքը Աննապայէն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
14 Ապրիլ 2026 երեկոյեան Աննապայի Սուրբ Օգոստինոսի անուան պազիլիքային մէջ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին Լեւոն ԺԴ. Պապը շնորհակալութեան հրաժեշտի խօսք մը ուղղեց ներկաներուն սկսեալ տեղւոյն եպիսկոպոսէն ապա բոլորին` «իրեն վերապահուած ընդունելութեան համար»։
«Յատուկ շնորհակալութիւն կ’ուղղեմ քաղաքացիական իշխանութիւններուն՝ այն նախախնամ հիւրընկալութեան համար, որմէ օգտուեցայ, եւ այն ուշադրութեան համար, որով անոնք հսկեցին Ալճերիա կատարած իմ այցելութեանս յաջողութեան» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը Ալճերիա իր այս ճամբորդութիւնը սահմանելով «Աստուծոյ Նախախնամութեան յատուկ պարգեւ մըն է. պարգեւ մը, զոր Տէրը ուզեց տալ ամբողջ Եկեղեցւոյ՝ օգոստինեան Պապի մը միջոցաւ»։
«Եւ ինծի կը թուի, թէ կարելի է զայն այսպէս ամփոփել. Աստուած Սէր է, Ան բոլոր մարդոց ու կիներուն Հայրն է։ Խոնարհութեամբ դառնանք դէպի Իրեն՝ ընդունելով, որ աշխարհի ներկայ վիճակը, որպէս բացասական ոլորապտոյտ, խորքին մէջ յառաջ կու գայ մեր հպարտութենէն։ Մենք Իրեն ու Իր ողորմութեան կարիքը ունինք։ Միայն Իր մէջ է, որ մարդկային սիրտը կը գտնէ խաղաղութիւնը, եւ միայն Իրմով պիտի կարենանք՝ բոլորս միասին, զիրար եղբայր ճանչնալով, քալել արդարութեան, համապարփակ զարգացման եւ հաղորդութեան ուղիներով» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին։
Ան ապա ուղղուեցաւ Աննապայի Ռապահ Պիթաթ օդակայան ուրտեղէն վերադարձ կը կատարէ Ալժէ ուրտեղէն վաղը առաւօտուն պիտի մեկնի դէպի ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան հանդիսացող` Քամերունի մայրաքաղաք Եաունտէ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
