Բարոյական պարտաւորութիւն է քաղաքացիական բնակչութիւնը պաշտպանել պատերազմի սարսափելի հետևանքներէն. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 12 ապրիլ 2026-ի կէսօրին Լեւոն ԺԴ. Պապը առաքելական պալատի գրասենեակէն արտասանած Մարեմեան աղօթքէն ետքը խօսքը ուղղելով ս. Պետրոս հրապարակին վրայ ներկայ գտնուող հաւատացեալներուն բախ յիշեց այսօր բազմաթիւ արևելեան Եկեղեցիներուն մէջ յիշատակուող Սուրբ Զատկուան տօնը ըստ Յուլիանոսի օրացոյցին, այդ բոլոր համայնքներուն ի սրտէ մաղթելով «խաղաղութիւն՝ հաւատքի միութեան մէջ Յարութիւն առած Տիրոջ հետ»։
Մաղթանք ու աղօթք Արեւելեան Եկեղեցիներու Յարութեան տօնին առիթով
Ան ապա այս մաղթանքին աւելցուց իր «խոր աղօթքը անոնց համար, որոնք կը տառապին պատերազմի պատճառաւ, յատկապէս՝ սիրելի ուքրանիոյ ժողովրդին» հայցելով` որ «Քրիստոսի լուսը մխիթարէ վշտացած սրտերը և զօրացնէ խաղաղութեան յոյսը» ապա որ «Միջազգային համայնքի ուշադրութիւնը չնուազի այս պատերազմի ողբերգութեան նկատմամբ2։
Մօտիկութիւն Լիբանանցի Ժողովուրդին
«Նաեւ այս օրերուն առաւել քան երբևէ մօտ եմ սիրելի լիբանանցի ժողովրդին՝ ցաւի, վախի և Աստուծոյ նկատմամբ անկոտորում յոյսի մէջ» ըսաւ ապա Քահանայապետը։
Կոչ դադրեցնելու կրակը
«Մարդկայնութեան սկզբունքը, որ ամրագրուած է իւրաքանչիւր անձի խղճին մէջ և ճանչցուած է միջազգային օրէնքներով, կ՛ ենթադրէ բարոյական պարտաւորութիւն՝ պաշտպանելու քաղաքացիական բնակչութիւնը պատերազմի սարսափելի հետևանքներէն» յարեց ապա Ան ու կոչ ուղղեց «հակամարտող կողմերուն դադարեցնելու կրակը և շտապ որոնելու խաղաղ լուծումներ»։
Սուտանի մէջ արիւնալի հակամարտութիւնը
«Գալիք չորեքշաբթի կը լրանայ Սուտանի մէջ արիւնալի հակամարտութեան սկիզբի երրորդ տարին» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա «սրտանց կոչ ուղղեց պատերազմող կողմերուն՝ լռեցնելու զէնքերը և առանց նախապայմաններու սկսելու անկեղծ երկխօսութիւն՝ մղուած հնարաւորինս արագ աւարտելու համար այս եղբայրասպան պատերազմը»։
Աղօթքի խնդրանք առաքելական ճամբորդութեան համար
Քահանայապետը ապա ողջունեց հրապարակ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերը ապա նշեց թէ վաղը պիտի մեկնի տասնօրեայ առաքելական ճանապարհորդութեամբ՝ Ափրիկէի չորս երկրներ՝ Ալճերիա, Քամերուն, Անկոլա և Հասարակածային Կուինեա։ «Խնդրեմ, ինծի ընկերացէք ձեր աղօթքներով։ Շնորհակալութիւն» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. եւ խօսքը աւարտեց բոլորի մաղթելով բարի կիրակի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
