Լեւոն ԺԴ. Յարատեւել մերձաւոր արեւելքի քրիստոնեաներուն հանդէպ սիրոյ եւ մօտիկութեան մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթ, 30 ապրիլ, 2026-ին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Քէօլնի Արքեպիսկոպոսութեան «Weltkirche-Weltmission-Տիեզերական Եկեղեցի եւ Երկխօսութիւն» գրասենեակի անդամները՝ վերջինիս հիմնադրման 50-ամեակին առթիւ։
Իր արտասանած խօսքին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապը բարձր գնահատեց Քէօլնի թեմի տասնամեակներու վասնակը՝ ի նպաստ համաշխարհային համերաշխութեան եւ միջեկեղեցական երկխօսութեան։ Յղում կատարելով Յարութեան տօնին, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ոչ թէ սեփական կամքը պարտադրելն է, այլ սիրոյ միջոցով ճշմարտութեան վկայելը։
Քահանայապետը յատուկ յիշատակութեամբ անդրադարձաւ 1954-ին Քէօլնի եւ Թոքիոյի արքեպիսկոպոսութիւններու միջեւ հաստատուած գործակցութեան, որ առաջինն էր իր տեսակին մէջ Գերմանիոյ համար։ Ան դրուատեց Քարտինալ Եոզեֆ Ֆրինկսի եւ գերապայծառ Եոզեֆ Թոյշի տեսլականը, որոնք հիմքը դրին «Misereor» եւ «Adveniat» նպաստամատոյց կազմակերպութիւններուն՝ նախապատրաստելով 1976-ին գրասենեակի պաշտօնական հիմնադրութիւնը։
Զօրակցութիւն Մերձաւոր Արեւելքին եւ Արեւելեան Եկեղեցիներուն
Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց գրասենեակին՝ աշխարհի աւելի քան հարիւր երկիրներու մէջ ծաւալած գործունէութեան համար, յատկապէս շեշտելով.
Արեւելեան Եկեղեցիներու օժանդակութիւնը. Քէօլնի թեմը ROACO-ի հիմնադիր անդամներէն է։
Քրիստոնէական ներկայութեան պահպանումը. Պապը յորդորեց շարունակել զօրակցութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որպէսզի անոնց դարաւոր եւ յարգելի աւանդութիւնները պաշտպանուին ու ճանչցուին։
Մարդասիրական օգնութիւն. Պատերազմներու, սովի եւ բնական աղէտներու ենթարկուած շրջաններուն մշտական սատարում։
Անձնական Յուշ եւ Երախտագիտութիւն
Լեւոն ԺԴ. վերյիշեց իր եպիսկոպոսական տարիները Փերուի Չիքլայօ քաղաքին մէջ։ Ան պատմեց, թէ ինչպէս Քէօլնի Արքեպիսկոպոսութեան նուիրատուութեամբ գնուած թթուածնի արտադրութեան սարքերը փրկած են բազմաթիւ կեանքեր, եւ թէ տեղացի ժողովուրդը մինչեւ այսօր երախտապարտ է այդ կարեւոր ներդրման համար։
«Ձեր առատաձեռն ծառայութեան միջոցով Եկեղեցւոյ տիեզերական չափումը կը դառնայ տեսանելի եւ շօշափելի,» ըսաւ Պապը՝ եզրափակելով իր խօսքը Առաքելական Օրհնութեամբ եւ յանձնելով ներկաները Սուրբ Աստուածածնայ հովանիին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
