Լեւոն ԺԴ. «Մահապատիժը անընդունելի է. անիկա կը հարուածէ մարդկային արժանապատուութիւնը»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Իլինոյ նահանգի մէջ մահապատիժի վերացման 15-րդ տարեդարձին առիթով, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը տեսաուղերձ մը յղեց Տէ Փոլ (DePaul) համալսարանին մէջ համախմբուած մասնակիցներուն։ Պապը վերահաստատեց Եկեղեցւոյ անդրդուելի կեցուածքը՝ կեանքի սրբութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ի նպաստ։
Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ուսուցումներուն համաձայն՝ իւրաքանչիւր մարդկային կեանք սուրբ է՝ բեղմնաւորման վայրկեանէն մինչեւ բնական մահ։ Ան շեշտեց, որ կեանքի իրաւունքը բոլոր միւս իրաւունքներուն հիմքն է, եւ միայն այս սկզբունքը յարգող հասարակութիւնը կրնայ իսկապէս յառաջդիմել։
Յանցագործութիւնը չի ջնջեր մարդկային արժանապատուութիւնը
Սրբազան Հայրը նշեց, որ նոյնիսկ ծանրագոյն յանցանքներ գործած անձը չի կորսնցներ իր մարդկային արժանապատուութիւնը։ Ան փաստեց, որ այսօր գոյութիւն ունին բանտարկութեան այնպիսի արդիւնաւէտ դրութիւններ, որոնք կրնան պաշտպանել քաղաքացիները՝ առանց յանցագործին զրկելու սրբագրուելու եւ փրկուելու կարելիութենէն։
«Մահապատիժը անընդունելի է, որովհետեւ անիկա կը հարուածէ անձի անձեռնմխելիութիւնն ու արժանապատուութիւնը», յայտնեց Քահանայապետը՝ մէջբերելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը։
Զօրակցութիւն համաշխարհային պայքարին
Լեւոն ԺԴ. իր ուրախութիւնը յայտնեց Իլինոյի նահանգապետին կողմէ 2011-ին առնուած որոշումին համար եւ իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին մահապատիժը վերացնելու համար թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ՛ ամբողջ աշխարհի տարածքին։
Պատգամի աւարտին, Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց, որպէսզի այս ջանքերը ոշնչացնեն ուրիշներն ալ՝ աշխատելու յանուն արդարութեան եւ իւրաքանչիւր անհատի արժէքի ճանաչման։ Ան իր օրհնութիւնները փոխանցեց ներկաներուն՝ մաղթելով անոնց իմաստութիւն, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
