Լեւոն ԺԴ. Պապը յիշեց Dachau-ի ճամբարի ազատագրումը եւ լեհ հոգեւորականներու նահատակութիւնը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 29 ապրիլին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կատարուած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը տարբեր լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները։
Լեհերուն ուղղած իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեց նացիական Գերմանիոյ Dachau-ի ճամբարի ազատագրման տարեդարձը.
«Սրտանց կ՛ողջունեմ լեհերը։ Այսօր, նացիական Գերմանիոյ Dachau-ի ճամբարի ազատագրման տարեդարձին, դուք կը նշէք Երկրորդ աշխարհամարտի ընթացքին Լեհ հոգեւորականներու մարտիրոսութեան օրը։ Հայցեցէ՛ք պաշտպանութիւնը Ի. դարու բռնատիրութիւններու նահատակ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն եւ նորընծաներուն։ Թող անոնք բարեխօսեն յատկապէս երիտասարդներուն համար, որպէսզի վերջիններս քաջութեամբ պատասխանեն Աստուծոյ կոչին», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ապա բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։
Այնուհետեւ Քահանայապետը ողջոյնի խօսք ուղղեց իտալախօս ուխտաւորներուն, որոնց շարքին էին՝ «Ֆոքոլարէ» շարժումի ընտանիքները, «Regnum Christi»-ի գործակիցները, ինչպէս նաեւ Քանեփինայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածնայ եւ Քոլեթորթոյի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ ծխական համայնքները, Վենետիկի «Serenissima» ծովային հետեւակային գունդը, Փիզայի պարաշիւտային մարզումներու կեդրոնը եւ Փեզարոյի «Pavia» 28-րդ գունդը։
Դառնալով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն՝ Ան յիշեցուց, որ այսօր կը նշուի Եկեղեցւոյ վարդապետ, Տոմինիքեան կոյս Սուրբ Կատարինէ Սիենացիի ծիսական տօնը։ Ան հրաւիրեց երիտասարդները սիրահարուելու Քրիստոսին՝ Սրբուհի Կատարինէի նման։
Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց հիւանդները՝ իրենց տառապանքները միացնելու Փրկչի Արեան սիրոյ խորհուրդին, որուն հանդէպ սիենացի Սուրբը ունէր խորունկ ջերմեռանդութիւն։ Իսկ նորապսակներուն Քահանայապետը պատուիրեց իրենց փոխադարձ սիրով դառնալ Եկեղեցւոյ հանդէպ Յիսուսի տածած սիրոյ կենդանի նշանը։
Քահանայապետը ողջոյնի խօսքը աւարտեց՝ բոլորին շնորհելով իր Առաքելական օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
