«Փնտռեցէ՛ք կեանքի Հացը» Լեւոն ԺԴ Քահանայապետի պատարագը եւ այցելութիւնը Սաուրիմոյի մէջ

Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը Սաուրիմոյի մէջ մատուցած հանդիսաւոր Պատարագի ընթացքին յորդորեց հաւատացեալները հեռու մնալ շահախնդիր հաւատքէ եւ դառնալ Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւորդները: Ան շեշտեց, որ Յարութեան պատգամը կը հրաւիրէ ազատագրուիլ ամէն տեսակ անարդարութենէ ու ճնշումէ՝ քալելով յոյսի, հաշտութեան եւ եղբայրական սիրոյ ուղիով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ Քահանայապետի ափրիկեան առաքելութեան ծիրէն ներս, այսօր՝ Ապրիլ 20-ին, Սաուրիմօ քաղաքը դարձաւ համաշխարհային ուշադրութեան կեդրոն։ Սուրբ Զատկուան Գ. շաբթուայ Երկուշաբթի օրը, աւելի քան 30,000 հաւատացեալներ համախմբուեցան քաղաքի ընդարձակ հրապարակին վրայ՝ մասնակցելու համար Սրբազան Քահանայապետին մատուցած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին։

Նախքան պատարագի վայր հասնիլը, Սրբազան Քահանայապետը կանգ առաւ Աստուածածնի Վերափոխման Մայր Տաճարին առջեւ։ Այս տաճարը Սաուրիմօ Արքեպիսկոպոսութեան հոգեւոր սիրտն է. հիմնադրուած է 1975-ին Սուրբ Պօղոս Զ. Պապին կողմէ եւ արքեպիսկոպոսական կարգավիճակի բարձրացած 2011-ին՝ Բենեդիկտոս ԺԶ. Պապի օրով։ Տեղւոյն հովուապետ՝ Գերաշնորհ Ժոզէ Մանուէլ Իմպամպայի ընկերակցութեամբ, Նորին Սրբութիւնը կարճատեւ պահ մը առանձնացաւ խորին աղօթքի եւ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան համար։

Ջերմ ընդունելութիւն

Ժամը 10:50-ին, երբ Սրբազան Քահանայապետը հասաւ Պատարագի վայր, զինք դիմաւորեցին հաւատացեալներու հոծ բազմութեան թնդացող ծափողջոյնները։ Շրջելով «Պապամոպիլ»-ով՝ Քահանայապետը մօտէն օրհնեց հաւատացեալները, որոնք եկած էին Անկոլայի տարբեր շրջաններէն՝ տեսնելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդը։

Քահանայապետին քարոզը

Իր քարոզին մէջ Պապը կեդրոնացաւ այն հարցումին վրայ, թէ ինչո՞ւ մարդիկ կը հետեւին Յիսուսի։ Ան նկատել տուաւ, որ յաճախ մարդիկ Քրիստոսը կը փնտռեն միայն իրենց նիւթական կարիքներուն կամ շահերուն համար՝ զայն տեսնելով որպէս «ծառայութիւն մատուցող» մը կամ «բախտ բերող»։

«Տէրը կը տեսնէ մեր սրտերուն մէջ եւ մեզմէ կը հարցնէ՝ արդեօք զինք կը փնտռենք երախտագիտութեա՞մբ, թէ՞ շահախնդրութեամբ», ըսաւ Քահանայապետը՝ աւելցնելով, որ Աստուած կ’ուզէ ունենալ եղբայրներ ու քոյրեր, եւ ոչ թէ «յաճախորդներ»։

«Յիսուսի վերաբերմունքը մեր հանդէպ տարբեր է. ան չի մերժեր այս ոչ անկեղծ փնտռտուքը, այլ կը քաջալերէ զայն՝ դէպի դարձի առաջնորդելով։ Ան չի վտարեր բազմութիւնը, այլ իւրաքանչիւրը կը հրաւիրէ քննելու իր սրտի բաբախումը։ Քրիստոս մեզ ազատութեան կը կանչէ. ան ո՛չ ծառաներ կ’ուզէ, ո՛չ ալ յաճախորդներ, այլ կը փնտռէ եղբայրներ ու քոյրեր, որոնց կը նուիրուի իր ամբողջ էութեամբ»։

Արդարութեան եւ Յոյսի Հացը

Քահանայապետը չանտեսեց նաեւ Անկոլայի եւ ընդհանրապէս Ափրիկէի առջեւ ծառացած դժուարութիւնները։ Ան խօսեցաւ այն անարդարութիւններուն մասին, ուր բռնապետութեան եւ շահագործման պատճառով «բոլորին պատկանող հացը կը դառնայ քանի մը հոգիի սեփականութիւնը»։

«Մենք աշխարհ չենք եկած մեռնելու կամ մարմնի ու հոգիի ապականութեան ստրուկը դառնալու», յայտարարեց ան՝ շեշտելով, որ Քրիստոսի Յարութիւնը ազատագրում է ամէն տեսակի ճնշումէ եւ սուտէ։

Դէպի «Սինոդական» Ուղեւորութիւն

Յղում կատարելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի «Ecclesia in Africa» շրջաբերականին, Լեւոն ԺԴ. քաջալերեց Անկոլայի Եկեղեցին շարունակել իր ընթացքը որպէս «Յարութեան եւ Յոյսի Սինոդ։

«Սիրելի՛ բարեկամներ, նահատակներուն եւ սուրբերուն վկայութիւնը մեզ կը քաջալերէ հետեւելու յոյսի, հաշտութեան եւ խաղաղութեան ճանապարհին... Այսօրուան մեր բաժնեկցած Նոր Կեանքի Հացին շնորհիւ, կրնանք շարունակել ամբողջ Եկեղեցւոյ ուղին՝ նպատակ ունենալով Աստուծոյ Արքայութիւնը, լոյս ունենալով հաւատքը եւ հոգի՝ սէրը»։

Պատարագը աւարտեցաւ աղօթքի եւ ցնծութեան մթնոլորտի մէջ. Սրբազան Քահանայապետը օրհնեց Սաուրիմոյի ժողովուրդը՝ զանոնք հրաւիրելով աշխատելու այն կերակուրին համար, որ կը մնայ յաւիտենական կեանքին մէջ։

Սուրբ պատարագի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը  երախտագիտութեան եւ քաջալերանքի յատուկ պատգամ  մը յղեց տեղւոյն կաթողիկէ համայնքին եւ պետական մարմիններուն։ Այսօր կեսօրին նախատեսուած վերջին հանդիպումէն առաջ, Նորին Սրբութիւնը փափաքեցաւ անձնական շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին այս առաքելութեան յաջողութեան։

Քահանայապետը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Անկոլայի եպիսկոպոսաց դասին, քահանաներուն, սարկաւագներուն եւ ուխտաւոր հաւատացեալներուն՝ այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ իրենց ցուցաբերած նուիրումին համար։

Միեւնոյն ժամանակ, Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց երկրի քաղաքացիական իշխանութիւններու դերը։ Ան ընդգծեց պետական մարմիններուն ներդրած մեծ ջանքերը՝ կազմակերպչական բարդ աշխատանքները լաւագոյնս պսակելու համար։

Իր խօսքի աւարտին, Քահանայապետը հայրական յորդոր մը ուղղեց համայն անկոլացի ժողովուրդին՝ շեշտելով հոգեւոր արժէքներու կարեւորութիւնը.

«Անկոլա՛, հաւատարի՛մ մնացիր քրիստոնէական արմատներուդ։ Այդպիսով պիտի կարենաս շարունակել, հետզհետէ աւելի լաւ կերպով, քու նպաստդ բերել Ափրիկէի եւ համայն աշխարհի մէջ արդարութեան ու խաղաղութեան կառուցման»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2026, 11:32