Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ. ընդունեց Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդագրութիւնը Լեւոն ԺԴ. Պապին Ֆրանսային նախագահի հետ ունեցած հանդիպումի վերաբերեալ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 10 ապրիլին, առաւօտեան, Վատիկանի Առաքելական պալատին իր գրասենեակի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ, Էմմանուէք Մաքրոն։ Լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորագրութեան մէջ։

Ֆրանսայի նախագահը ապա հանդիպումը ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փաոլինի հետ, ընկերակացութեամբ Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեանց քարտուղար, Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր։

Հաղորագրութեան մէջ կը նշուի,  որ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ մթնոլորտով խորհրդակցութիւններու ընթացքին, կողմերը վերահաստատեցին Սուրբ Աթոռի եւ Ֆրանսայի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ ու բարեկամական կապերը։

Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային բնոյթի հրատապ հարցերու, ուր գլխաւորաբար արծարծուեցան հետեւեալ կէտերը.

Աշխարհի տագնապալից իրավիճակները. Միտքերու փոխանակում կատարուեցաւ աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ տիրող զինեալ բախումներու եւ պատերազմական վիճակներուն շուրջ։

Խաղաղութեան վերականգնում. Երկուստեք շեշտուեցաւ այն հրամայականը, որ խաղաղ համակեցութիւնը պէտք է վերահաստատուի բացառապէս երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու միջոցով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2026, 11:22