Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Քէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսը՝ Կրացիա Սարա Մալիլի։ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Քէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսը՝ Կրացիա Սարա Մալիլի։  (@Vatican Media)

Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Քէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսը

Վատիկանի մէջ կայացած պատմական հանդիպման ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Քէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսը վերահաստատեցին կաթողիկէ եւ անկլիքան եկեղեցիներու միջեւ 60-ամեայ երկխօսութիւնը շարունակելու յանձնառութիւնը: Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ հակառակ նոր մարտահրաւէրներուն, քրիստոնեաները պէտք է միասնաբար վկայեն Քրիստոսի «զինաթափ» խաղաղութիւնը եւ յաղթահարեն բաժանումները՝ աւելի զօրաւոր աւետարանչութեան համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 27 Ապրիլ 2026-ին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Քէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսը՝ Կրացիա Սարա Մալիլի։ Սոյն այցելութիւնը կը զուգադիպի Սուրբ Պօղոս Զ. Պապի եւ Մայքըլ Ռամզի Արքեպիսկոպոսի պատմական հանդիպման 60-ամեակին, որ դրած էր կաթողիկէ եւ անկլիքան եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան հիմքերը։

«Ձեր այցելութիւնը վերստին կը յիշեցնէ վաթսուն տարի առաջ տեղի ունեցած սուրբ Պօղոս Զ. Պապին եւ Մայքըլ Ռամզի Արքեպիսկոպոսին միջեւ պատմական հանդիպումը, որուն տարեդարձը դուք տօնակատարեցիք Կարդինալ Քոխի հետ՝ Քէնթըրպըրիի Մայր Տաճարին մէջ, ձեր գահակալութեան յաջորդող առաւօտեան։ Այդ օրէն ի վեր, Քէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսներն ու Հռոմի Պապերը շարունակած են հանդիպիլ ու միասնաբար աղօթել, եւ ուրախ եմ, որ այսօր կը շարունակենք այս աւանդութիւնը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Քահանայապետը յիշեցնելով Յարուցեալ Քրիստոսի «խաղաղութեան» հրաւէրը ըսաւ. «Այս ողջոյնը մեզ կը հրաւիրէ ոչ միայն ընդունելու Տիրոջ խաղաղութեան պարգեւը, այլ նաեւ ըլլալու իր խաղաղութեան պատգամաւորները։ Յաճախ ըսած եմ, թէ Յարուցեալ Յիսուսին խաղաղութիւնը «զինաթափուած» է։ Այդպէս է, որովհետեւ Ան բռնութեան եւ յարձակումին միշտ պատասխանած է զինաթափուած կերպով՝ մեզ ալ հրաւիրելով նոյնը ընել։ Աւելին, կը կարծեմ որ քրիստոնեաները պէտք է միասնաբար տան այս խորունկ իրականութեան մարգարէական եւ խոնարհ վկայութիւնը։ (Խաղաղութեան 59-րդ Համաշխարհային Օրուան պատգամը, 1 Յունուար 2026)։

Միութիւնը՝ Որպէս Աւետարանչութեան նախապայման

Լեւոն ԺԴ. խօսեցաւ քրիստոնեաներու միջեւ առկայ բաժանումներուն մասին, զանոնք որակելով որպէս «գայթակղութեան քար» Աւետարանի քարոզչութեան ճամբուն վրայ։ Ան վերահաստատեց իր եպիսկոպոսական նշանաբանը՝ «In Illo uno unum-Մէկ Քրիստոսի մէջ մէկ ենք», շեշտելով, որ առանց միութեան՝ եկեղեցւոյ ձայնը կը տկարանայ աշխարհի առջեւ։

Մարտահրաւէրներ եւ յոյս

Լեւոն ԺԴ. վերյիշեց կաթողիկէ եւ անկլիքան եկեղեցիներու միջեւ սկսած աստուածաբանական երկխօսութիւնը՝ միտուած լիակատար հաղորդութեան վերականգնումին։ Ան նշեց որ Հակառակ վերջին տասնամեակներուն ի յայտ եկած նոր մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն, շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ քրիստոնեաներու միջեւ բաժանումը չի կրնար արգելք հանդիսանալ Քրիստոսը աշխարհին քարոզելու մեր ընդհանուր կոչումին, հաստատելով որ պէտք է անդադար աշխատիլ տարբերութիւնները յաղթահարելու համար, որպէսզի խուսափինք բաժանման պատճառած գայթակղութենէն։

Հակառակ վերջին տասնամեակներուն ի յայտ եկած են նոր եւ բարդ խնդիրներու, որոնք դժուարացուցած են լիակատար հաղորդութեան տանող ուղին, Լեւոն ԺԴ. յորդորեց թոյլ չտալ, որ այդ մարտահրաւէրները կասեցնեն  համամիութենական ընթացքը։

«Այս համամիութենական ճանապարհը եղած է բարդ։ Թէեւ պատմականօրէն պառակտիչ հարցերու շուրջ բազմաթիւ յառաջընթացներ արձանագրուած են, վերջին տասնամեակներուն ի յայտ եկած են նոր խնդիրներ՝ լիակատար հաղորդութեան տանող ուղին դարձնելով աւելի դժուար ըմբռնելի։ Գիտեմ, որ Անկլիքան Համայնքն ալ ներկայիս կը դիմագրաւէ նոյնանման հարցեր։ Այսուհանդերձ, պէտք չէ թոյլ տանք, որ այս մնայուն մարտահրաւէրները մեզի արգելք հանդիսանան օգտագործելու ամէն կարելի առիթ՝ միասնաբար Քրիստոսը աշխարհին քարոզելու համար։ Ինչպէս ըսած է իմ սիրելի նախորդս՝ Ֆրանչիսկոս Պապը, 2024-ին Անկլիքան Համայնքի Առաջնորդներուն. «Գայթակղութիւն պիտի ըլլար, եթէ բաժանումներուն պատճառով չիրականացնէինք Քրիստոսը ճանչցնելու մեր ընդհանուր կոչումը» (Անկլիքան Համայնքի Առաջնորդներու Համագումարի մասնակիցներուն ուղղուած խօսք, 2 մայիս 2024)։ Իմ կողմէս կ'աւելցնեմ, թէ նոյնքան գայթակղութիւն պիտի ըլլար, եթէ չշարունակէինք աշխատիլ մեր տարբերութիւնները յաղթահարելու համար, որքան ալ անոնք անլուծելի թուին։

Լեւոն ԺԴ. պատգամը աւարտեց Հրաւիրելով աղօթելու որպէսզի «Սուրբ Հոգին, զոր Տէրը զեղուց իր աշակերտներուն վրայ՝ իր յարութեան յաջորդող իրիկունը, առաջնորդէ մեր քայլերը, մինչ մենք աղօթքով եւ խոնարհութեամբ կը փնտռենք այն միութիւնը, որ Աստուծոյ կամքն է իր բոլոր աշակերտներուն համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2026, 11:41