Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Մալապոյի Մէջ. «Աւետարանը կը քակէ ստրկութեան շղթաները եւ յոյս կը պարգեւէ»

Մալապոյի մէջ մատուցած հանդիսաւոր պատարագին ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Պապը շեշտեց, որ Աւետարանը կը պարգեւէ հոգեւոր ազատագրութիւն եւ կը վերականգնէ մարդկային արժանապատուութիւնը՝ քակելով ստրկութեան ամէն տեսակ շղթաները: Սրբազան Հայրը յորդորեց հաւատացեալները հեռու մնալ եսակեդրոնութենէ եւ Աստուծոյ խօսքը վերածել ծառայութեան ու արդարութեան՝ ապրելով Քրիստոսի հետ հանդիպման իսկական ուրախութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը , 23 Ապրիլ 2026-ին, Հասարակածային Կուինէայի մայրաքաղաք Մալապոյի մարզադաշտին մէջ մատուցեց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ, Հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ:

Պատարագի սկիզբը Նորին Սրբութիւնը ողջունեց հաւատացեալները ըսելով. 

«Կ'ուզեմ նախ սիրով ողջունել Մալապոյի այս մասնաւոր Եկեղեցին՝ իր հովիւին հետ միասին, եւ միեւնոյն ժամանակ իմ խորին ցաւակցութիւններս յայտնել թեմական ողջ համայնքին, քահանայ եղբայրներուն եւ հարազատներուն՝ քանի մը օր առաջ վախճանած Ընդհանուր Փոխանորդ գերապայծառ. Ֆորթունաթօ Նսուէ Էսոնոյի մահուան առիթով, որուն կը յիշատակենք այս Սուրբ Պատարագի ընթացքին: Կը հրաւիրեմ այս ցաւի պահը ապրիլ հաւատքի ոգիով եւ կը վստահիմ, որ առանց տեղի տալու շտապողական մեկնաբանութիւններու կամ եզրակացութիւններու, լիակատար լոյս պիտի սփռուի անոր մահուան հանգամանքներուն վրայ:

Ափրիկեցի ներքինիին օրինակը. Ստրկութենէն դէպի որդեգրութիւն

Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց Գործք Առաքելոցի այն դրուագը, ուր Փիլիպպոս սարկաւագը կը հանդիպի Եթովպիայի թագուհիին ներքինիին: Պապը ընդգծեց, որ այս մարդը, թէեւ հարուստ եւ կրթուած, իրականութեան մէջ ստրուկ էր՝ թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ հոգեպէս, զուրկ կեանք պարգեւելու կարողութենէն:

«Այս ափրիեցի ուխտաւորը, որուն համար իր հայրենիքը ստրկութեան վայր դարձած էր, Աւետարանի քարոզութեամբ գտաւ իրական ազատութիւնը», նշեց Քահանայապետը: Ան շեշտեց, որ Սուրբ Գիրքի ընթերցումը լոկ արհեստավարաժական վարժութիւն չէ, այլ անձնական հանդիպում մը Քրիստոսի հետ, որ մեզ կը դարձնէ Աստուծոյ որդեգիր զաւակներ:

Մանանայէն դէպի Կենաց Հաց

Անդրադառնալով Յովհաննու Աւետարանին, Քահանայապետը համեմատեց անապատի մէջ հրեայ ժողովուրդին տրուած մանանան եւ Յիսուսի պարգեւած Սուրբ Հաղորդութիւնը: «Մինչ մանանայէն ուտողները մեռան, ան որ կը ճաշակէ այս Հացը՝ Յիսուսի մարմինը, պիտի ապրի յաւիտեան», ըսաւ Ան՝ հրաւիրելով հաւատացեալները վստահիլ Աստուծոյ սիրոյն, որ յաղթական է մահուան հանդէպ:

Պայքար «եսակեդրոն տխրութեան» դէմ

Պապը զգուշացուց ներկաները «եսակեդրոն տխրութեան» վտանգէն, որ կը ծնի ագահութենէ եւ մակերեսային հաճոյքներու փնտռտուքէն: Երբ մարդ կը փակուի իր սեփական շահերուն մէջ, այլեւս տեղ չի մնար աղքատներուն համար եւ Աստուծոյ ձայնը կը լռէ:

«Ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապը կը սորվեցնէր, արդարեւ «Աւետարանի ուրախութիւնը կը լեցնէ սիրտն ու ամբողջ կեանքը անոնց, որոնք կը հանդիպին Յիսուսի» (Առաքելական յորդորակ՝ Evangelii Gaudium, 1)։ Միեւնոյն ժամանակ, երբ կը բաժնեկցինք այս ուրախութիւնը, աւելի լաւ կը զգանք վտանգը «անհատապաշտ տրտմութեան մը, որ կը բխի հանգստաւէտ ու ագահ սիրտէն, մակերեսային հաճոյքներու հիւանդագին փնտռտուքէն եւ մեկուսացած խղճմտանքէն։ Երբ ներքին կեանքը կը փակուի սեփական շահերուն մէջ, այլեւս տեղ չի մնար ուրիշներուն համար, աղքատները ներս չեն մտներ, Աստուծոյ ձայնը այլեւս չի լսուիր եւ կարելի չ՚ըլլար վայելել Անոր սիրոյն քաղցր ուրախութիւնը»։ Այսպիսի փակուածութեան դիմաց, Տիրոջ սէրն է, որ կը սատարէ մեր յանձնառութեան, յատկապէս ի սպաս արդարութեան եւ համերաշխութեան», ըսաւ Քահանայապետը

Կոչ՝ հասարակածային Կուինէայի Եկեղեցիին

Իր քարոզի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց տեղական Եկեղեցին շարունակել առաքելութիւնը նոյն խանդավառութեամբ, ինչպէս Փիլիպպոս սարկաւագը: Ան յորդորեց, որ հաւատքը չմնայ լոկ տեսական, այլ վերածուի ծառայութեան, ներողամտութեան եւ արդարութեան ձգտումի, որպէսզի Աստուծոյ խօսքը դառնայ «բարի հաց» բոլորին համար:

«Աւետարանի ուրախութիւնը կը լեցնէ սիրտը եւ ամբողջ կեանքը անոնց, որոնք կը հանդիպին Յիսուսի», եզրափակեց Քահանայապետը՝ օրհնելով հաւատացեալներու բազմութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2026, 11:08