«Անցեալի վէրքերէն՝ դէպի նոր ապագայ» Լեւոն ԺԴ. Պապին քարոզը անկոլացի հաւատացեալներուն»

Լեւոն ԺԴ. Պապը Անկոլայի ժողովուրդին կոչ ուղղեց թօթափելու պատերազմի ու պառակտման վէրքերը՝ վստահելով Յարուցեալ Քրիստոսի մշտական ներկայութեան։ Ան յորդորեց հաւատացեալները կերտել արդարութեան վրայ հիմնուած նոր հասարակութիւն մը, ուր երիտասարդները կը դառնան յոյսի եւ եղբայրութեան գլխաւոր դերակատարները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 19 ապրիլին, Անկոլա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Քալամապա քաղաքին մէջ նախագահեց Սուրբ Պատարագին՝ աւելի քան հարիւր հազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց Անկոլայի ժողովուրդը թօթափելու անցեալի վէրքերը։

Զատկուան երրորդ Կիրակիի առթիւ,  Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց Էմմաւուսի ճամբորդներուն աւետարանական դրուագը՝ զայն զուգահեռելով Անկոլայի արդի պատմութեան հետ։

«Եղբայրնե՛ր եւ քոյրե՛ր, Աւետարանի այս տեսարանին մէջ կը տեսնեմ Անկոլայի պատմութեան արտացոլումը՝ այս գեղեցիկ ու վիրաւոր երկրին, որ ծարաւ է յոյսի, խաղաղութեան եւ եղբայրութեան։ Արդարեւ, ճամբուն վրայ երկու աշակերտներուն զրոյցը, որոնք վիշտով կը մտաբերեն իրենց Վարդապետին պատահածը, կը վերյիշեցնէ այն ցաւը, որմէ դրոշմուած է ձեր երկիրը. երկարատեւ քաղաքացիական պատերազմ մը՝ իր թշնամանքի ու բաժանումներու հետեւանքներով, վատնուած պաշարներով եւ աղքատութեամբ», ըսաւ Սրբազան Հայրը՝ յորդորելով հաւատացեալները չմնալ անցեալի դառնութեան մէջ գերուած։

Պատերազմի վէրքերէն՝ դէպի յոյս

Նորին Սրբութիւնը քարոզին մէջ նշեց թէ «Երբ երկար ժամանակ ընկղմուած կը մնանք ցաւով դրոշմուած պատմութեան մը մէջ, կը վտանգենք Էմմաւուսի երկու աշակերտներուն նմանիլ՝ կորսնցնել յոյսը եւ անդամալուծուիլ յուսահատութեան պատճառով։ Սիրելինե՛ր, Տիրոջ Աւետիսը այսօր ալ նոյնն է. Ան կենդանի է, յարութիւն առած է եւ կը քալէ մեր կողքին։ Մինչ մենք կը կտրենք տառապանքի ու դառնութեան ճամբան, Ան կը բանայ մեր աչքերը, որպէսզի կարենանք ճանչնալ Իր գործը եւ մեզի պարգեւել վերսկսելու ու ապագան վերակառուցելու շնորհքը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, «Տէրը կը միանայ յուսախաբ երկու աշակերտներուն եւ, դառնալով անոնց ճամբու ընկերակիցը, կ’օգնէ անոնց վերագտնելու այդ պատմութեան բեկորները, նայելու ցաւէն անդին եւ յայտնաբերելու, որ առանձին չեն այս ուղիին վրայ։ Ապագայ մը, որ բնակուած է Աստուծոյ սիրով, կը սպասէ իրենց։ Ասիկա է նաեւ ձեր ուղին, սիրելի՛ անկոլացի եղբայրներ ու քոյրեր. մէկ կողմէն՝ Տիրոջ ընկերակցութեան ստուգութիւնը, իսկ միւս կողմէն՝ այն յանձնառութիւնը, որ Ան մեզմէ կը պահանջէ»։

Աղօթք եւ Սուրբ Հաղորդութիւն

Լեւոն ԺԴ. նշեց, որ իսկական հանդիպումը Աստուծոյ հետ տեղի կ'ունենայ Աւետարանի լոյսին տակ եւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդով։ Քրիստոս Ինքզինք կը յայտնէ Սուրբ Գիրքին միջոցով, ուր կը զգանք Յարուցեալին ներկայութիւնը՝ յաղթելով մահուան եւ յուսահատութեան։ Քահանայապետը շեշտեց, որ Անկոլայի դժուարութիւնները կը պահանջեն զօրաւոր ու մտերիմ Եկեղեցի մը, որ կարող է լսել իր զաւակներուն աղաղակը եւ յոյսի աղբիւր դառնալ։ Անկոլան կարիքը ունի այնպիսի հաւատացեալներու, որոնք պատրաստ են իրենց կեանքը «բեկեալ հացի» նման նուիրելու ուրիշներուն։

Ապագայի տեսլականը

Քարոզին մէջ Լեւոն ԺԴ.  Քահանայապետը թելադրեց հետեւեալ առանցքային կէտերը.

Անցեալի Յաղթահարում. Հրաժեշտ տալ հին պառակտումներուն, ատելութեան եւ բռնութեան։

Արդարութեան Մշակոյթ. Կերտել արդարութեան եւ բաժնեկցութեան նոր միջավայր մը՝ որպէս դեղամիջոց կաշառակերութեան ախտին դէմ։

Դերը Երիտասարդութեան. Պապը յատուկ անդրադարձ կատարեց յուսալքուած երիտասարդներուն՝ յորդորելով զանոնք ըլլալ նոր հասարակութեան գլխաւոր դերակատարները։

Իր քարոզին աւարտին, Նորին Սրբութիւնը վստահեցուց իր աղօթքներն ու մշտական զօրակցութիւնը, ապա հաւատացեալները յանձնեց Մուշիմայի Սուրբ Աստուածածնայ պաշտպանութեան, որպէսզի անոնք հաստատուն մնան հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2026, 11:43