Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը Տուալայի մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 17 ապրիլին, Քամերունի առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Տուալայի «Ճափոմա» մարզադաշտին մէջ մատուցեց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ՝ հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Պապը շեշտեց սիրոյ, արդարութեան եւ յատկապէս «բաժնեկցութեան հրաշքին» կարեւորութիւնը։
Յովհաննէս Աւետարանի հացերու բազմացման դրուագին շուրջ հիւսելով իր խօսքը՝ Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ Քրիստոսի հարցումը՝ «Ի՞նչպէս պիտի կերակրենք այս բազմութիւնը», այսօր ալ կ’ուղղուի բոլորին՝ ծնողներուն, եկեղեցականներուն եւ քաղաքական պատասխանատուներուն։
«Հացերու եւ ձուկերու բազմացումը տեղի կ’ունենայ բաժնեկցութեան միջոցով. ահա՛ հրաշքը։ Հաց կայ բոլորին համար, եթէ զայն բոլորին նուիրենք։ Հաց կայ բոլորին համար, եթէ անիկա առնուի ոչ թէ յափշտակող ձեռքով, այլ՝ տուող ձեռքով։ Լաւ դիտենք Յիսուսի շարժումը. երբ Աստուծոյ Որդին կ’առնէ հացն ու ձուկերը, նախ եւ առաջ գոհութիւն կը մատուցանէ։ Երախտապարտ է Հօրը այն բարիքին համար, որ կը դառնայ պարգեւ եւ օրհնութիւն ամբողջ ժողովուրդին համար»,- ըսաւ Սրբազանը՝ յաւելելով, որ Յիսուսի կատարած հրաշքը սոսկ նիւթական բազմացում չէր, այլ՝ բարոյական դաս։
Սիրոյ եւ Համերաշխութեան Նշանը
Պապը դատապարտեց սնունդի վատնումը, զայն յափշտակելու կամ կուտակելու մոլուցքը, մինչդեռ աշխարհի այլ անկիւններու մէջ մարդիկ քաղցած են։ Ըստ Քահանայապետին՝ երբ մարդը կը սորվի շնորհակալութեամբ բաժնեկցիլ իր ունեցածը, օրհնութիւնը կը բազմանայ։
«Այս հրաշքը մեզի ցոյց կու տայ ոչ միայն թէ ինչպէ՛ս Աստուած կը կերակրէ մարդկութիւնը կեանքի հացով, այլ նաեւ թէ ինչպէ՛ս մենք կրնանք այդ սնունդը տանիլ բոլոր այն տղամարդոց ու կիներուն, որոնք մեզի պէս անօթի են խաղաղութեան, ազատութեան եւ արդարութեան։ Համերաշխութեան եւ ներողամտութեան իւրաքանչիւր արարք, բարիքի իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն՝ հացի պատառ մըն է խնամքի կարօտ մարդկութեան համար»։
Կոչ՝ Երիտասարդութեան եւ Արդարութեան
Քահանայապետը դիմեց Ափրիկէի, եւ յատկապէս Քամերունի երիտասարդութեան՝ զանոնք որակելով որպէս «Ափրիկէի օրհնեալ հողին սիրեցեալ զաւակները»։ Ան կոչ ուղղեց երիտասարդներուն ըլլալու այն կենդանի դէմքերն ու ձեռքերը, որոնք իրենց նմաններուն կը մատուցեն «կեանքի հացը»՝ իմաստութեան եւ արժանապատուութեան սնունդը։
Պայքար՝ ընդդէմ յուսահատութեան եւ բռնութեան
Անդրադառնալով Քամերունի մէջ տիրող նիւթական եւ հոգեւոր տագնապներուն՝ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց չընկրկիլ դժուարութիւններու առջեւ.
«Մի՛ տեղի տաք յուսահատութեան։ Մերժեցէ՛ք բռնութեան ամէն ձեւ, որոնք դիւրին վաստակի խաբկանքով կը քարացնեն սիրտը»։
Ժողովուրդի Իսկական Գանձը
Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Քամերունի իրական հարստութիւնը ոչ թէ հողին տակ է, այլ ժողովուրդի հոգիին մէջ։ Ան շեշտեց հիմնական արժէքներու կարեւորութիւնը. Հաւատք, Ընտանիք, Հիւրասիրութիւն, Աշխատանք
Առաքելութիւն՝ ըստ Առաքեալներու օրինակին
Ներշնչուելով « Գործք Առաքելոց»-ընթերցումէն՝ Քահանայապետը քաջալերեց երիտասարդները դառնալու «բարի լուր» (Աւետիս) իրենց հայրենիքին համար։ Որպէս տիպար օրինակ յիշեցուց Երանելի Ֆլորիպերթ Պուանա Շուիի կեանքը՝ յանձնարարելով աննահանջ կերպով դաւանիլ Քրիստոսի ազատագրող պատգամը թէ՛ տաճարներէն ներս եւ թէ՛ տուներէն ներս։ Ան շեշտեց, որ երիտասարդները պէտք չէ ըլլան սոսկ հանդիսատես, այլ իրենց սեփական ապագայի գլխաւոր դերակատարները։
Քարոզի աւարտին Լեւոն ԺԴ. վերահաստատեց, որ Սուրբ Հաղորդութիւնը լոկ յիշատակ չէ, այլ կենդանի ներկայութիւն, որ կը զօրացնէ մեզ յաղթահարելու վախն ու անտարբերութիւնը՝ հրաւիրելով հաւատացեալները ըլլալու Քրիստոսի ձեռքերն ու սիրտը այսօրուայ աշխարհին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
