Որոնել

«Դուք այս երկրին խունկն էք». Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Ալճերիոյ քրիստոնեաներուն

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Աննապայի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն վերստին ծնիլ «ի վերուստ»՝ Աստուծոյ սիրոյն եւ Սուրբ Օգոստինոսի ժառանգութեան միջոցով դիմագրաւելու արդի մարտահրաւէրները: Ան քաջալերեց Ալճէրի փոքրաթիւ քրիստոնեայ համայնքը ըլլալու Քրիստոսի սիրոյ խոնարհ վկաները՝ իրենց հաւատքը, տոկունութիւնը եւ եղբայրական երկխօսութիւնը տարածելով խունկի նման:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Իր առաքելական այցելութեան երկրորդ օրը, երեքշաբթի, 14 ապրիլին, յետմիջօրէին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը պատմական Աննապա քաղաքի Սուրբ Օգոստինոս պազիլիքային մէջ մատոյց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ:
Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն՝ որդեգրելու «ի վերուստ վերստին ծնունդի» ոգին, որպէսզի դիմագրաւեն արդի աշխարհի մարտահրաւէրները:

Նիկոդեմոսի հարցումը եւ մերօրեայ տագնապները

Մենաբանելով Յովհաննէս Աւետարանի Նիկոդեմոսի դրուագը, Պապը նշեց, թէ Քրիստոսի պատգամը՝ «Պէտք է վերստին ծնիլ» (Յովհ. 3,7), ոչ թէ պարտադրանք է, այլ ազատութեան հրաւէր:

«Երբ մենք մեզի կը հարցնենք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է արդարութեան եւ խաղաղութեան ապագայ մը կերտել, մենք Աստուծոյ կ'ուղղենք Նիկոդեմոսի նոյն հարցումը. արդեօք մեր պատմութիւնը կրնա՞յ փոխուիլ: Այո՛, Տիրոջ սիրով լեցուն հաստատումը մեր սրտերը յոյսով կը համակէ», յայտնեց Նորին Սրբութիւնը:

«Յիսուսի արտայայտած պարտականութիւնը մեզի համար ազատութեան պարգեւ մըն է, որովհետեւ մեզի կը յայտնէ անակնկալ կարելիութիւն մը․կրնանք վերստին ծնիլ ի վերուստ՝ շնորհիւ Աստուծոյ։ Հետեւաբար, պէտք է ընենք զայն ըստ Իր սիրոյ կամքին, որ կը փափաքի նորոգել մարդկութիւնը՝ զայն կոչելով կեանքի հաղորդութեան մը, որ կը սկսի հաւատքով։ Մինչ Քրիստոս մեզմէ կը խնդրէ հիմնովին նորոգել մեր ամբողջ գոյութիւնը, Նաեւ մեզի ուժ կու տայ զայն իրագործելու համար», նշեց Սրբազան Հայրը

Սուրբ Օգոստինոսի ժառանգութիւնը

Անդրադառնալով տեղւոյն խորհուրդին՝ Իփփոնայի մեծն եպիսկոպոս Սուրբ Օգոստինոսին, Պապը յիշեցուց անոր դարձի պատմութիւնը եւ մօրը՝ Սուրբ Մոնիքայի արցունքները: Ան շեշտեց, որ Օգոստինոսի նման, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կոչուած է դառնալու «ինքն իրեն» միայն Աստուծոյ մէջ բնակելով:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ ճաշակել այն նոր կեանքի ազատութիւնը, որ կու գայ Փրկչին հանդէպ ունեցած հաւատքէն։ Դարձեալ, Սուրբ Օգոստինոսը մեզի օրինակ կը հանդիսանայ․ իր իմաստութենէն առաջ՝ նայինք իր դարձին։ Այս վերածնունդին մէջ, որ նախախնամութեամբ ընկերակցուեցաւ իր մօր՝ Սուրբ Մոնիքայի արցունքներով, ան դարձաւ ինքն իրեն՝ բացագանչելով․ «Ես չէի ըլլար, Աստուած իմ, ամենեւին չէի ըլլար, եթէ Դուն իմ մէջս չըլլայիր» Ըսաւ Ան

Առաքելական կանոնը որպէս բարեկարգումի ուղի

Մեկնաբանելով Գործք Առաքելոցի ընթերցումը, Լեւոն ԺԴ. մատնանշեց երեք հիմնական սիւներ, որոնք պէտք է առաջնորդեն եկեղեցական բարեկարգումը.

«Մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի» ըլլալը ոչ թէ ընկերային պայմանագիր է, այլ հաւատքի ներդաշնակութիւն:

Բաժնեկցութիւն. Սեփականութիւնը նուէրի վերածելը, յատկապէս կարիքաւորներուն հանդէպ գործնական սիրոյ միջոցով:

Յարութեան վկայութիւն. Առաքեալներուն գլխաւոր պարտականութիւնը Քրիստոսի յարութեան վկայութիւնն է՝ առանց վախի կամ զիջումներու:

Խունկի նման թանկագին տարր

Քահանայապետը ապա խօսքը կեդրոնացնելով տեղական փոքրաթիւ քրիստոնեայ համայնքին վրայ ըսաւ.

«Այս երկրին մէջ, Ալճերիոյ սիրելի՛ քրիստոնեաներ, մնացէք իբրեւ Քրիստոսի սիրոյ խոնարհ ու հաւատարիմ նշան։ Վկայեցէ՛ք Աւետարանը պարզ արարքներով, ճշմարիտ յարաբերութիւններով եւ օրն ի բուն ապրուած երկխօսութեամբ. այսպիսով դուք համ ու լոյս կու տաք այնտեղ, ուր կ’ապրիք։

Ձեր ներկայութիւնը այս երկրին մէջ խունկ կը յիշեցնէ. շիկացած հատիկ մը, որ բուրմունք կը տարածէ, որովհետեւ փառք կու տայ Տիրոջ եւ խնդութիւն ու սփոփանք՝ բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու։ Այս խունկը փոքրիկ ու թանկագին տարր մըն է, որ ուշադրութեան կեդրոնը չի գտնուիր, այլ կը հրաւիրէ մեր սիրտերը ուղղելու առ Աստուած՝ քաջալերելով մէկզմէկ՝ յարատեւելու ներկայ ժամանակի դժուարութիւններուն մէջ։

Արդարեւ, մեր սրտի բուրվառէն կը բարձրանան փառաբանութիւնը, օրհնութիւնն ու աղերսանքը՝ տարածելով ողորմութեան, ողորմածութեան եւ ներումի անոյշ հոտը (հմմտ. Եփ 5, 2)։ Ձեր պատմութիւնը շաղախուած է առատաձեռն հիւրընկալութեամբ եւ փորձութեանց մէջ՝ տոկունութեամբ. հոս աղօթած են մարտիրոսները, հոս Սուրբ Օգոստինոսը սիրած է իր հօտը՝ կիրքով փնտռելով ճշմարտութիւնը եւ վառ հաւատքով ծառայելով Քրիստոսի։ եղէ՛ք այս աւանդութեան ժառանգորդները՝ եղբայրական սիրոյ մէջ վկայելով վերուստ ծնածներուն ազատութիւնը՝ իբրեւ փրկութեան յոյս աշխարհի համար։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2026, 17:24