Լեւոն ԺԴ. Պապի այցելութիւնը Մալապոյի համալսարան. Գիտութեան եւ հաւատքի երկխօսութիւնը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 21 ապրիլի յետմիջօրէին, Լեւոն ԺԴ. Պապը այցելեց Հասարակածային Կուինէայի Մալապօ քաղաքին մէջ գտնուող Ազգային համալսարանի «Լեւոն ԺԴ.» անուան նորակառոյց մասնաշէնքը եւ հանդիպում ունեցաւ մշակութային աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ։
Արտասանած պատգամին սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի նոր մասնաշէնքը իր անունով կոչելու համար՝ նշելով, որ այս պատիւը անձէն անդին կը տարածուի դէպի այն արժէքները, որոնք հասարակութիւնը կը ձգտի փոխանցել։ Պապը շեշտեց, որ համալսարանական նոր կառոյցի մը բացումը պարզ վարչական քայլ մը չէ, այլ վստահութեան արտայայտութիւն է մարդկային էակին հանդէպ՝ հաստատելով նոր սերունդներու կրթութեան հիմնարար կարեւորութիւնը։
«Այս նոր հաստատութիւնը յոյսի, հանդիպման եւ զարգացման վայր է», նշեց Սրբազան Քահանայապետը՝ յորդորելով, որ իսկական կրթական գործը պէտք է ըլլայ ոչ թէ լոկ նիւթական կառոյց, այլ ապրող ու աճող մարմին։
Համալսարանը՝ իբրեւ յառաջդիմութեան «Սէյպա»
Իր պատգամին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը օգտագործեց Հասարակածային Կուինէայի ազգային խորհրդանիշը՝ սէյպա (ceiba) ծառը, բնութագրելու համար համալսարանական առաքելութիւնը։ Ան նշեց, որ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը պէտք է գործէ հզօր ծառի մը նման. խարսխուած ըլլայ լուրջ ուսումնասիրութեան, ժողովուրդի կենդանի յիշողութեան եւ ճշմարտութեան անդադար որոնման վրայ։
Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ համալսարանի դերը լոկ մասնագիտական հմտութիւններ ջամբելը չէ։ Իսկական կրթութիւնը նոր սերունդին պէտք է տայ կեանքի իմաստ, զատորոշելու կարողութիւն եւ ծառայելու պատրաստակամութիւն։
Գիտութենէն դէպի իմաստութիւն. Խաչի ծառը
Անդրադառնալով Ծննդոց գրքի «գիտութեան ծառի» խորհրդանիշին՝ Պապը յստակացուց. «Հարկ է ընդգծել, որ ասիկա գիտութեան դատապարտում մը չէ, կարծես թէ հաւատքը վախնար բանականութենէն կամ կասկածով նայէր գիտնալու փափաքին»։ Մարդկային տագնապը, կը սկսի այնտեղ, ուր բանականութիւնը կը դադրի իրականութեան ծառայելէ եւ կը վերածուի տիրապետութեան ու հպարտութեան գործիքի։
Քրիստոնէական աւանդութիւնը Գիտութեան ծառին դիմաց կը բարձրացնէ Խաչի ծառը՝ որպէս փրկագնումի եւ վերածնունդի նշան։ Հոն է, որ ճշմարտութիւնը այլեւս չի պարտադրուիր, այլ կը մատուցուի սիրով։ «Ճշմարտութիւնը տիրանալիք մրցանակ մը չէ, այլ խոնարհութեամբ ընդունուող եւ պատասխանատուութեամբ ծառայուող արժէք մը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Կրթութիւնը՝ իբրեւ անշահախնդիր ծառայութիւն
Պատգամի աւարտին Քահանայապետը վերահաստատեց, որ համալսարանի մը իսկական արժէքը կը չափուի ոչ թէ շէնքերու շքեղութեամբ, այլ իր տուած «պտուղներուն» որակով՝ այսինքն այնպիսի շրջանաւարտներով, որոնք պատրաստ են իրենց կեանքը վերածելու նուէրի՝ ի նպաստ հասարակութեան։
Լեւոն ԺԴ. Պապը իր օրհնութիւնը բաշխեց պետական իշխանութիւններուն, դասախօսական կազմին, ուսանողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն, յանձնելով զանոնք Սուրբ Կոյս Մարիամի՝ Իմաստութեան Աթոռին մայրական պաշտպանութեան, «որպէսզի այս պտուղները, բացի առատ ըլլալէ, ըլլան նաեւ շատ բարի»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
