Լեւոն ԺԴ. Պապը Հրաժեշտ տուաւ Ափրիկէին. «Ափրիկէէն կը հեռանամ՝ ինծի հետ տանելով հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ անգին գանձ մը»

Լեւոն ԺԴ. Պապը Ափրիկէ կատարած իր տասնօրեայ առաքելական ճամբորդութեան աւարտին հրաժեշտ տուաւ հաւատացեալներուն՝ բարձր գնահատելով ցամաքամասի հոգեւոր հարստութիւնը։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց տեղական իշխանութիւններուն եւ եկեղեցական դասին՝ Ափրիկէն համարելով սրբութեան եւ քրիստոնէական վկայութեան կարեւոր կեդրոն։ Նորին Սրբութիւնը փոխադրող օդանաւը թռիչ առաւ ժամը 13:54-ին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2026-ին, Հասարակածային Կուինէայի մայրաքաղաք Մալապոյի մարզադաշտին մէջ մատուցաց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի աւարտին Լեւոն ԺԴ. Պապը, երախտագիտութեան խօսք ուղղեց տեղւոյն հաւատացեալներուն եւ իշխանութիւններուն ըսելով.

«Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր,
Հասած է Հասարակածային Կուինէայի եւ նաեւ Ափրիկէին հրաժեշտ տալու պահը՝ այս առաքելական ճամբորդութեան աւարտին, զոր Աստուած ինծի շնորհեց իրականացնել այս տասը օրերու ընթացքին։

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Գերապայծառ Խուանին, միւս եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու ձեզի բոլորիդ՝ Աստուծոյ ժողովուրդին, որ ուխտաւոր էք այս հողին վրայ. Քրիստոս Հասարակածային Կուինէայի լոյսն է, իսկ դուք երկրի աղն էք ու աշխարհի լոյսը։

Երախտագիտութիւնս կ'ուղղեմ երկրի քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով սատարեցին իմ այցելութեանս յաջողութեան։

Ափրիկէէն կը հեռանամ՝ ինծի հետ տանելով հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ անգին գանձ մը. մեծ գանձ մը՝ բաղկացած պատմութիւններէ, դէմքերէ ու վկայութիւններէ՝ թէ՛ ուրախ եւ թէ՛ տառապալից, որոնք առատապէս կը հարստացնեն իմ կեանքս ու իմ պաշտօնս՝ որպէս Պետրոսի յաջորդ։

Ինչպէս Եկեղեցւոյ առաջին դարերուն, այսօր ալ Ափրիկէն կոչուած է նշանակալից աւանդ ունենալու քրիստոնեայ ժողովուրդի սրբութեան եւ առաքելական նկարագիրին մէջ։ Այս մտադրութիւնը կը յանձնեմ Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան, որուն ի սրտէ կը վստահիմ ձեզ, ինչպէս նաեւ ձեր ընտանիքները, ձեր համայնքները, ձեր ազգը եւ ափրիկեան բոլոր ժողովուրդները»։

Այս խօսքերէն ետքը Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ Մոնկոմոյի միջազգային օդակայան եւ այնտեղ կայացած հրաժեշտի պաշտօնական արարողակարգէն ետքը բարձրացաւ օդանաւ վերադարձ կատարելու համար Հռոմ` ապա Վատիկան ուր ժամանումը նախատեսուած է գրեթէ վեց ժամ տասը վայրկեան տեւող թռիչքէ մը ետքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2026, 13:55