Լեւոն ԺԴ Պապը ընդունեց Միլանօ-Քորթինա 2026-ի մարզիկները. Մարզախաղը՝ խաղաղութեան համամարդկային լեզու
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ 2026-ին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ Պապը ընդունեց Միլանօ-Քորթինա 2026 Ձմեռնային Ողիմպիական եւ Փարա ողիմպիական խաղերու պատուիրակութիւններն ու մարզիկները։ Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, թէ մարզախաղը պարզապէս մրցակցութիւն չէ, այլ «համամարդկային լեզու» եւ խաղաղութեան պատգամ՝ պատերազմներով բզկտուած ներկայ աշխարհին համար։
Սահմանները որպէս յայտնութեան վայր
Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ փարալ Ողիմպիական մարզիկներուն, նշելով, որ անոնց օրինակը ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս ֆիզիքական սահմանափակումները կրնան վերափոխուիլ նոր որակներու։
«Մենք տեսանք ոչ միայն շարժող մարմիններ, այլեւ պատմութիւններ՝ զոհողութեան, կարգապահութեան եւ տոկունութեան պատմութիւններ»,- ըսաւ Ան աւելցնելով, որ սահմանը ոչ թէ արգելք է, այլ «յայտնութեան վայր»։
Յաղթանակը՝ հաւաքական ճիգ
Իր խօսքին մէջ Լեւոն ԺԴ ընդգծեց, որ «ոչ ոք առանձին կը յաղթէ»։ Ան յիշեցուց մարզիկներուն թիկունքը կանգնած ընտանիքներու, մարզիչներու եւ օժանդակող խումբերու կարեւորութիւնը։ Յղում կատարելով Սաղմոսաց գիրքին՝ Ան նշեց, որ նոյնիսկ մենութեան եւ ճնշումի պահերուն Աստուած ներկայ է՝ հարթելով մարզիկին ուղին։
Մարզախաղի վտանգներն ու իրական կոչումը
Քահանայապետը զգուշացուց այն «գայթակղութիւններէն», որոնք կրնան աղաւաղել մարզախաղի էութիւնը. Ամէն գնով արդիւնքի ձգտումը, որ կը տանի դէպի արգիլուած դեղերու (doping) գործածութիւն։
Շահամոլութիւնը, որ խաղը կը վերածէ շուկայի, իսկ մարզիկը՝ պարզապէս ապրանքի կամ «աստղի»։
Ցուցամոլութիւնը, որ մարդկային անհատը կը վերածէ սոսկ պատկերի կամ թիւի։Այս ուղղութեամբ Լեւոն ԺԴ. յորդորեց մնալ հաւատարիմ մարզախաղի բուն առաքելութեան՝ ըլլալ «կեանքի դպրոց», ուր կը սորվինք յաղթել առանց դիմացինը նուաստացնելու եւ պարտուիլ՝ առանց յուսահատելու։
Ողիմպիական զինադադար եւ խաղաղութիւն
Անդրադառնալով համաշխարհային տագնապներուն՝ Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց մարզիկներուն, որոնք իրենց վարքագիծով մարմնաւորեցին «Ողիմպիական զինադադարի» գաղափարը, նշելով որ մարզախաղը լաւագոյն վայրն է ապացուցելու, որ տարբերութիւնը ոչ թէ սպառնալիք է, այլ հարստութիւն, եւ կարելի է մրցակից ըլլալ՝ առանց թշնամի դառնալու։
Լեւոն ԺԴ Պապը պատգամը աւարտեց օրհնելով ներկաները եւ մարզիկներուն յանձնեց կարեւոր առաքելութիւն մը. «Թոյլ տուէք, որ մարդը միշտ մնայ մարզախաղի կեդրոնը ու Իր աղօթքը ապահովուեց որպէսզի Յիսուս Քրիստոս՝ «Աստուծոյ ճշմարիտ մարզիկը», ներշնչէ բոլորին՝ դիմագրաւելու կեանքի մարտահրաւէրները առաքինութեամբ եւ խանդավառութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
