Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը 

Լեւոն ԺԴ. «Քրիստոնէական կեանքը պէտք է ըլլայ յարութեան կենդանի վկայութիւն»

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը պատգամով մը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն՝ Յարութեան լոյսը դուրս բերելու տաճարներէն եւ զայն վերածելու կենդանի վկայութեան առօրեայ կեանքի ու հասարակութեան մէջ։ Յենելով նահատակներու օրինակին՝ Ան յորդորեց երիտասարդութիւնը չբաւարարուիլ հոգեւոր միջակութեամբ, այլ քաջութեամբ փնտռել Քրիստոսը եւ Աւետարանի ուրախութեամբ վերանորոգել Եկեղեցին ու աշխարհը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Զատկուան ութօրէքի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը յատուկ պատգամ մը յղեց շեշտելով Քրիստոսի Յարութեան զօրութեամբ հասարակական կեանքը վերանորոգելու կարեւորութիւնը։

Իր պատգամին մէջ Քահանայապետը նշեց, որ Յարութիւնը սոսկ անցեալին պատկանող իրողութիւն մը չէ, այլ կենդանի ուժ մը, որ ընդունակ է վերակենդանացնելու Եկեղեցւոյ կեանքը եւ աշխարհի մէջ վերարծարծելու Աւետարանի ուրախութիւնը։

Յարութիւնը՝ գերեզմանէն դէպի քաղաքի հրապարակները

Մէջբերելով Մատթէոսի Աւետարանը, Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ Տիրոջ Յարութենէն ետք սուրբերու մարմինները ելան գերեզմաններէն եւ մտան Սուրբ Քաղաք։ «Զատիկը փակուած չի մնար գերեզմանին մէջ. ան կը ներխուժէ քաղաք եւ կը մտնէ առօրեայ կեանքի մէջ՝ մարդոց միջոցով», նշեց Պապը՝ յորդորելով հաւատացեալները թոյլ տալու, որ Յարութեան լոյսը բանայ այն «գերեզմանները», որոնց վերածուած են շատերու սիրտերը։

Նահատակներու օրինակը եւ երիտասարդութեան դերը

Նորին Սրբութիւն առանձնայատուկ կերպով յիշատակեց անցեալ դարու նահատակներն ու վկաները, որոնց հաւատարմութիւնն ու անձնուիրութիւնը Քրիստոսի յաղթանակին պտուղներն էին։ Ան կոչ ուղղեց ներկայ սերունդին՝ չբաւարարուելու լոկ յիշատակութեամբ, այլ անոնց օրինակով դառնալու «վառուած կեանքեր», որոնք տեսանելի կը դարձնեն հաւատքի գեղեցկութիւնը։

«Աշխարհը կարիքը ունի լսելու Քրիստոսի մասին եւ տեսնելու զայն քրիստոնեաներու գործերուն մէջ։ Պէտք են երիտասարդներ, որոնք չեն ամչնար Աւետարանէն», շեշտեց Լեւոն ԺԴ.։

Կոչ՝ հոգեւոր արթնութեան

Քահանայապետը մաղթեց, որ Զատկուան մոմին կրակը դուրս գայ տաճարներէն եւ սպառէ ամէն տեսակ ներքին պաղութիւն, հրաժարականի հոգեվիճակ եւ հոգեւոր միջակութիւն,  Ան ապա պատգամը եզրափակեց անդրադառնալով յառաջիկայ յունիս ամսուն Սիպելեսի (Մատրիտ) մէջ կայանալիք հանդիպումին.

«Մինչ կը մօտենայ Սիպելեսի մէջ մեր հանդիպման պահը, կը խնդրեմ ձեզմէ.  մի՛ խուսափիք ներկայէն. աղօթեցէ՛ք, ճշմարտապէս փնտռեցէ՛ք Քրիստոսը. մի՛ բաւարարուիք նուազագոյնով, որովհետեւ կեանքը, Քրիստոսի հետ, իսկապէս արժէքաւոր է։ Կ’աղօթեմ ձեզի համար, կ’օրհնեմ ձեզ եւ կը սպասեմ ձեզի։ Եթէ Աստուած կամենայ, կը տեսնուինք Յունիսին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2026, 19:00