«Ժամանակն է վերակառուցելու խաղաղութեան խճանկարը» Սրբազան Պապին քարոզը Պամենտայի մէջ

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Պամենտայի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին կոչ ուղղեց վերակառուցելու խաղաղութեան խճանկարը՝ դատապարտելով տնտեսական տագնապը, փտածութիւնը եւ Ափրիկէի արտաքին շահագործումը: Ան յորդորեց հաւատացեալներուն պահպանել հաւատքի մաքրութիւնը եւ յոյսը՝ շեշտելով, որ իրական ազատութիւնը կը բխի միայն Աստուծոյ հնազանդելէն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 16 յունուարին, Քամերուն կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը յետմիջօրէին ժամանեց Պամենտայի օդակայան, ուր տեղի ունեցաւ անոր պաշտօնական դիմաւորումը։ Ժամը 14:45-ին, Սրբազան Պապը «փափամոպիլ»-ով շրջեցաւ հաւատացեալներու բազմութեան մէջ՝ արժանանալով ջերմ ընդունելութեան։

Օդակայանի տարածքին մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ՝ նախագահութեամբ Քահանայապետին։ «Խաղաղութեան եւ արդարութեան համար» մատուցուած այս արարողութեան ներկայ էին շուրջ 20,000 հաւատացեալներ։

Յոյսը՝ ընդդէմ տառապանքի

Իր քարոզին սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ներկաները որպէս «խաղաղութեան եւ միութեան ուխտաւոր»՝ բարձր գնահատելով տեղացի հաւատացեալներու անկոտրում յոյսը: Մէջբերելով Սաղմոսաց գիրքը՝ «Տէրը մօտ է սիրտը կոտրածներուն», Պապը անդրադարձաւ այն բազմաթիւ դժուարութիւններուն, որոնք կը հարուածեն այս տարածաշրջանը:

Քահանայապետը յստակօրէն մատնանշեց երկրին սպառնացող «վէրքերը».

Տնտեսական տագնապ. Պարենային ճգնաժամը եւ աղքատութեան տարբեր ձեւերը:

Փտածութիւն. Բարոյական, ընկերային եւ քաղաքական կաշառակերութիւնը, որ կը կաշկանդէ հաստատութիւններու զարգացումը:

Արտագաղթ. Յատկապէս երիտասարդներու հեռացումը՝ առողջապահական եւ կրթական համակարգերու տկարութեան պատճառով:

Արտաքին շահագործում. Պապը դատապարտեց այն ուժերը, որոնք շահոյթի համար կը շարունակեն «թալանել Ափրիկէ մայրցամաքը»:

«Այսօր եւ ո՛չ վաղը»

Նորին Սրբութիւնը յորդորեց հաւատացեալները չմատնուիլ յուսահատութեան եւ չընտելանալ չարիքին: «Այսօր եւ ո՛չ թէ վաղը, հիմա եւ ո՛չ թէ ապագային. ժամանակն է վերակառուցելու միութեան խճանկարը», յայտարարեց ան՝ շեշտելով, որ Աստուած միշտ նորութիւն կը բերէ եւ քաջութիւն կը պարգեւէ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար:

Հաւատքի մաքրութիւնը եւ ազատութիւնը

Մեկնաբանելով Գործք Առաքելոցի ընթերցումը՝ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց Առաքեալներու սկզբունքը. «Պէտք է հնազանդիլ Աստուծոյ, քան թէ մարդոց»: Աստուծոյ հնազանդիլը ստրկութիւն չէ, այլ ներքին ազատութեան աղբիւր, որ թոյլ կու տայ չհաշտուիլ չարիքին հետ:

«Ան որ Աստուծոյ կը հնազանդի նախքան մարդոց եւ մարդկային մտածելակերպը, կը վերագտնէ իր ներքին ազատութիւնը, կը յաջողի բացայայտել բարիին արժէքը եւ չի հաշտուիր չարին հետ. ան կը վերագտնէ կեանքի ուղին ու կը դառնայ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան կերտիչ։

Եղբայրնե՛ր եւ քոյրե՛ր, կոտրած սիրտերու մխիթարութիւնը եւ ընկերութեան փոփոխութեան յոյսը կարելի են միայն եթէ մենք մեզ վստահինք Աստուծոյ եւ Իր Խօսքին։»

Նորին Սբրութիւնը նաեւ զգուշացուց «կրօնական խառնակութիւններէ»՝ յորդորելով հեռու մնալ այնպիսի «կնոստիկեան» (gnostic) կամ յարանուանական (esoteric) աւանդութիւններէ, որոնք կը խառնուին կաթողիկէ հաւատքին հետ՝ յաճախ հետապնդելով քաղաքական կամ տնտեսական նպատակներ: «Միայն Աստուած է, որ կ’ազատագրէ», շեշտեց ան:

Մաղթանքներ եւ օրհնութիւն

Քարոզի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. իր օրհնութիւնը բաշխեց քահանաներուն, միսիոնարներուն եւ աշխարհականներուն, որոնք յոյսի փարոս կը հանդիսանան տեղական համայնքներուն համար: Ան երկիրը յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի՝ Առաքելոց Թագուհիի եւ Եկեղեցւոյ Մօր հովանիին ու պաշտպանութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2026, 16:43