Քահանայապետերը եւ պատերազմները արդի դարաշրջանին մէջ
Անտրէա Թորնիելլի
Մինչ վերստին կը սկսի խօսուիլ «արդար պատերազմի» մասին, կ՛արժէ յիշել վերջին հարիւր տարիներուն Պետրոսի Աթոռին յաջորդած Քահանայապետներուն խաղաղութեան վարդապետութիւնը։ Վարդապետութիւն մը, որ հետզհետէ հարստացած ու խորացած՝ հասնելով այն սահմանումին, թէ «արդար պատերազմի» գոյութեան կարելիութիւնը երթալով աւելի կը դժուարանայ։
Անցեալ դարերու աստուածաբանութեան եւ պատերազմի հաւանական արդարացումներուն վերաբերեալ խորհրդածութիւնները հաշուի չեն առներ այն իրողութիւնը, որ երբ անցեալի աստուածաբանները կը գրէին այս նիւթերուն մասին, պատերազմները կը մղուէին սուրերով ու մահակներով, եւ ոչ թէ մահացու ռումբերով ու մեքենայացուած անօդաչու սարքերով (տրոններով). իրողութիւն մը, որ դռներ կը բանայ ողբերգականօրէն սուր բարոյական հարցումներու։
Իրապէս, հետզհետէ աւելի հասունցած է այն գիտակցութիւնը, թէ պատերազմը ընթանալիք ճանապարհ մը չէ։
Պենետիկտոս ԺԵ.-ի 1917 թուականի պատերազմող կողմերուն ուղղուած նամակէն, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմը կը բնորոշէր իբրեւ «անօգուտ սպանդ», մինչեւ Պիոս ԺԲ.-ի փորձերը՝ կանխելու Երկրորդ համաշխարհային բախումին բռնկումը. Յովհաննէս ԻԳ.-ի «Pacem in terris» (Խաղաղութիւն երկրի վրայ) շրջաբերականի բառերէն, որ դտակաւին 1963-ին կը գրէր, թէ «գրեթէ անկարելի է խորհիլ, որ աթոմային դարաշրջանին պատերազմը կարենայ գործածուիլ իբրեւ արդարութեան գործիք», մինչեւ Պօղոս Զ.-ի աղաղակը ՄԱԿ-ի մէջ՝ «այլեւս երբե՛ք պատերազմ», եւ մինչեւ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի անսակարկ ու անլսելի մնացած փորձերը՝ կանխելու Միջին Արեւելքի չարաբաստիկ հակամարտութիւնները. Պետրոսի յաջորդները չեն զլացած իրենց ձայնը բարձրացնել՝ առաջնորդուած մարգարէութեամբ եւ իրատեսութեամբ, դժբախտաբար յաճախ մնալով անարձագանգ։
Յղումի հիմնական բնագիրը նախ եւ առաջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականն է (Catechism), որ կ'ընդունի օրինական ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը, բայց «խիստ պայմաններ» կը դնէ նոյնիսկ պաշտպանողական պատերազմի համար.
«Անհրաժեշտ է միաժամանակ. որ յարձակողին կողմէ ազգին կամ միջազգային ընտանիքին հասցուած վնասը ըլլայ տեւական, ծանր եւ ստոյգ. որ զայն դադրեցնելու բոլոր միւս միջոցները փաստուած ըլլան անգործադրելի կամ անարդիւնաւէտ. որ գոյութիւն ունենան յաջողութեան հիմնաւոր պայմաններ. որ զէնքի դիմելը չյառաջացնէ աւելի ծանր չարիքներ ու խռովութիւններ, քան այն չարիքը, որ պէտք է վերցուի։ Այս պայմանի գնահատման մէջ ահռելի կշիռ ունի կործանման արդի միջոցներուն հզօրութիւնը»։
Ո՞վ կրնայ հերքել, որ մարդկութիւնը այսօր կը գտնուի անդունդի եզրին՝ ճիշդ հակամարտութիւններու սրման (escalation) եւ «կործանման արդի միջոցներու» հզօրութեան պատճառով։
Պատերազմին ուղղուած «ոչ»-ը զօրաւոր կերպով կրկնուեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան օրօք, որ «Fratelli tutti» շրջաբերականին մէջ գրած է.
«Դիւրութեամբ պատերազմը կ'ընտրուի՝ յառաջ մղելով ամէն տեսակի թուացեալ մարդասիրական, պաշտպանողական կամ կանխարգելիչ պատրուակներ, դիմելով նաեւ տեղեկատուութեան նենգափոխման (manipulation)։ Փաստօրէն, վերջին տասնամեակներուն բոլոր պատերազմները յաւակնած են ունենալ "արդարացում" (...) Հարցն այն է, որ սկսեալ միջուկային, քիմիական եւ կենսաբանական զէնքերու զարգացումէն, ինչպէս նաեւ նոր արհեստագիտութեան ընձեռած հսկայական ու աճող կարելիութիւններէն, պատերազմին տրուած է անվերահսկելի կործանարար ուժ մը, որ կը հարուածէ բազմաթիւ անմեղ քաղաքացիներ։ Յիրաւի, "մարդկութիւնը երբեք այսքան իշխանութիւն չէ ունեցած ինքնիր վրայ, եւ ոչինչ կ'երաշխաւորէ, որ զայն պիտի գործածէ ի նպաստ բարիին"։ Հետեւաբար, այլեւս չենք կրնար պատերազմը խորհիլ իբրեւ լուծում, քանի որ վտանգները հաւանաբար միշտ աւելի մեծ պիտի ըլլան, քան անոր վերագրուած ենթադրեալ օգտակարութիւնը։ Այս իրականութեան առջեւ, այսօր շատ դժուար է պաշտպանել անցեալ դարերուն ձեւաւորուած բանական չափանիշները՝ խօսելու համար հաւանական "արդար պատերազմի" մասին։ Այլեւս երբե՛ք պատերազմ»։
Անոր յաջորդը՝ Լեւոն ԺԴ., խաղաղութիւնը դարձուցած է իր քահանայապետութեան առանցքային թեմաներէն մէկը։ Պատերազմական սրման մոլուցքին եւ սպառազինութեան համար կատարուող անչափելի ծախսերուն դիմաց, ան նոյնպիսի իրատեսութեամբ ու մարգարէութեամբ կ'ընթանայ իր նախորդներուն բացած ուղիով՝ պահանջելով խաղաղութիւն, երկխօսութիւն եւ բանակցութիւն։ Վերջին տարիներուն իրագործուած քաղաքացիներու սպանդները կը ցնցեն ամբողջ աշխարհի միլիառաւոր մարդոց խիղճը, որոնք իրենց հայեացքը կ'ուղղեն դէպի Հռոմի Եպիսկոպոսը։
Լեւոն Պապը, նման Յիսուսին Գեթսեմանիի մէջ, զօրաեղ կերպով կը հրաւիրէ սուրը պատեան դնելու. «Ամէնուրեք կը զգացուին սպառնալիքներ՝ փոխանակ մտիկ ընելու եւ հանդիպումի կոչերու», ըսած է ան Շաբաթ, 11 Ապրիլի աղօթքի հսկումի ընթացքին։ Բացատրելով, որ «ան որ կ'աղօթէ, գիտակից է իր սահմանափակութեան, չի սպաններ եւ մահով չի սպառնար։ Ընդհակառակը, մահուան ստրուկ դարձած է ան, որ թիկունք դարձուցած է կենդանի Աստուծոյ՝ իր անձն ու իր իշխանութիւնը դարձնելով համր, կոյր ու խուլ կուռք մը, որուն կը զոհաբերէ ամէն արժէք եւ կը պահանջէ, որ ամբողջ աշխարհը ծունկի գայ։ Բաւակա՛ն է ինքնապաշտութեան եւ դրամապաշտութեան կռապաշտութիւնը։ Բաւակա՛ն է ուժի ցուցադրութիւնը։ Բաւակա՛ն է պատերազմը։ Իսկական ուժը կը յայտնուի կեանքին ծառայելով»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
