2026.04.13 Viaggio Apostolico in Algeria - Centro di accoglienza e di amicizia delle Suore Agostiniane Missionarie

Քահանայապետը այցելեց Օգոստինեան միսիոնար քոյրերու հիւրընկալութեան կեդրոնը

Կեդրոնը կը ղեկավարուի Notre-Dame d’Afrique-ի տունին մէջ բնակող երեք կրօնաւորուհիներէն երկուքի կողմէ։ Ամէն օր հոն կը կատարուին բազմազան գործունէութիւններ՝ տարբեր ազգութիւններու մասնագէտ ուսուցիչներու մասնակցութեամբ․ դպրոցական աջակցութիւն երեխաներուն համար, ֆրանսերէնի եւ սպաներէնի դասեր երիտասարդներու եւ չափահասներու համար, եւ աշխատանոցներ կիներու համար, ուր անոնք կը սորվին կարել, գորգագործեր կատարել, նկարել եւ զարդեր պատրաստել։
Ունկնդրէ Քահանայապետին հայող լուրերը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ալճերիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան շրջագիծէն ներս Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը, երկուշաբթի 13 Փետրուարի կէսօրէն ետքը նախ քան տեղւոյն Կաթողիկէ համայնքին հետ հանդիպիլը այցելեց` Օգոստինեան միսիոնար քոյրերու բարեկամութեան եւ հիւրընկալութեան» կեդրոնը յարգելու համար այս համայնքէն երկու կրօնաւորուհիներու յիշատակը, որոնք ալճերիական քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին` 1994-էն մինչեւ 1996, սպաննուեցան այլ 17 նահատակներուն հետ, դառնալով հաւատքի եւ նուիրուածութեան նշանակալից վկայութեան նշան։

Կեդրոնը կը ղեկավարուի Notre-Dame d’Afrique-ի տունին մէջ բնակող երեք կրօնաւորուհիներէն երկուքի կողմէ։ Ամէն օր հոն կը կատարուին բազմազան գործունէութիւններ՝ տարբեր ազգութիւններու մասնագէտ ուսուցիչներու մասնակցութեամբ․ դպրոցական աջակցութիւն երեխաներուն համար, ֆրանսերէնի եւ սպաներէնի դասեր երիտասարդներու եւ չափահասներու համար, եւ աշխատանոցներ կիներու համար, ուր անոնք կը սորվին կարել, գորգագործեր կատարել, նկարել եւ զարդեր պատրաստել։

Մինչեւ 1990-ականներու սկիզբը, ասիկա վայրն էր, ուր կը բնակէին Օգոստինեան միսիոնար քոյրերը։ Անոնց շարքին էին քոյր Էսթեր Փանիակուա Ալոնսօն եւ քոյր Քարիտատ Ալվարես Մարթինը, որոնք, ինչպէս նշեցինք սպաննուեցան այդպէս կոչուած «Սեւ Տասնամեակ»-ին ընթացքին՝ 23 հոկտեմբեր 1994-ին, Զինուած Իսլամական Խումբի ահաբեկիչներուն կողմէ, մինչ Սուրբ Պատարագի կ՛երթային։

Այցելութեան ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը աղօթքի պահէ մը ետք քոյրերուն ուղղեց իր սրտին խօսքը յիշեցնելով միաբանութեան երկու սուրբերուն պատմութիւնը, որպէս այս երկիրն մէջ թանկարժէք ներկայութիւն. «Ձեր ներկայութիւնը այստեղ շատ կարևոր է» ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց քոյրերուն և խրախուսելով շարունակել իրեն աշխատանքը ակնարկելով նաեւ թէ Ալժէրի 19 սուրբերու տօնը կը նշուի մայիսի 8-ին, որ կը զուգադիպի իր Քահանայապետ ընտրութեան օրուան։

Օգիստոնեաններու այս կեդրոնին տուած Առանձնական այցելութեան աւարտին Սրբազան Պապը ուղղուեցաւ Ափրիկէի Տիրամայր Եկեղեցի, ուր հանդիպում ունեցաւ տեղական կաթողիկէ հասարակութեան հետ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2026, 19:04