2025.11.21 Incontro Digitale di Papa Leone XIV con i Giovani americani

Լեւոն ԺԴ.ի այցելութիւնը Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարան՝ Մայիս 14

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը Ապրիլ 25-ին, հրապարակեց յայտագիրը, որ նախապէս կը նախատեսէ կանգառ մը համալսարանի մատրան մէջ, ապա առանձնազրոյց մը համալսարանի տնօրէնուհի Անթոնելլա Փոլիմենիի հետ։ Առաւօտեան տարբեր պահերու կարգին են՝ այցելութիւնը «Սափիենցա եւ Պապութիւնը» ցուցահանդէսին եւ հանդիպումը դասախօսներու ու ուսանողներու հետ «Aula Magna» դահլիճին մէջ, ուր Քահանայապետը ճառ մը պիտի արտասանէ։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի այցելէ Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարանը յառաջիկայ Մայիս 14-ին։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը Ապրիլ 25-ին, հրապարակած հաղորդագրութեամբ որ կ՛ընգրկէր նաեւ այցելութեան յայտագիրը։

Օրակարգը ԿԸ սկսի ժամը 10:20-ին, «Divina Sapienza» համալսարանական մատրան մէջ։ Այնտեղ զինք պիտի դիմաւորեն Հռոմի Թեմի տեղակալ Կարդինալ Պալտօ Ռէյնան, համալսարանի տնօրէնուհի Անթոնելլա Փոլիմենին եւ մատռաՆԱպետ հայր Կապրիէլէ Վեքիոնէն։

Մատրան մէջ կարճատեւ լռակեաց աղօթքէ մը ետք Սրբազան Քահանայապետը կ՛ողջունէ խումբ մը ուսանողներ, ապա ինքնաշարժով կը փոխադրուի կեդրոնական հրապարակ, ուր յուշարձանային աստիճաններուն վրայէն իր խօսքը կ՛ուղղէ համալսարանականներուն։ Հուսկ նախատեսուած է առանձնազրոյց տնօրէնուհիին հետ Տնօրէնութեան պալատին մէջ եւ ստորագրութիւն՝ Պատուոյ մատեանին մէջ։

Ժամը 11:00-ին, Ներկայացուցչական գրասենեակի առջեւի միջանցքին մէջ, բացումը կը կատարուի օրուան յիշատակին նուիրուած յուշատախտակ մը, որուն կը յաջորդէ ողջոյնի խօսք՝ ակադեմական ծերակոյտի անդամներուն եւ համալսարանի աշխատակիցներուն։

Պապը երկխօսութեան մէջ՝ ապագային նայողներուն հետ

Ժամը 11:15-ին, Լեւոն Պապը կ՛ այցելէ «Սափիենցա եւ Պապութիւնը» ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած է համալսարանի տարածքին մէջ, իսկ տասնհինգ վայրկեան ետք, «Aula Magna» դահլիճին մէջ, իր պատգամը կը փոխանցէ դասախօսներուն եւ ուսանողներուն։

Աւարտին նախատեսուած է նուէրներու փոխանակում եւ ողջոյն՝ ուսանողներու ներկայացուցչութեան մը։

Վերջապէս, նախքան Վատիկան վերադառնալը, Քահանայապետը դարձեալ պիտի կենայ աստիճաններուն վրայ՝ ուսանողներուն վերջին ողջոյն մը տալու համար։

Հռոմի Թեմի Փոխանորդութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, Կարդինալ Ռէյնան իր ուրախութիւնը կը յայտնէ Պապին՝ հռոմէական համալսարան տալիք այս այցելութեան համար։ «Լեւոն ԺԴ Պապը միշտ մեծ ուշադրութիւն ցուցաբերած է երիտասարդական աշխարհին հանդէպ եւ իր թեմին կոչ ուղղած է ընկերակցելու նոր սերունդներու հաւատքի աճման ուղիին», - կը շեշտէ կարդինալը։

«Հռոմի Սափիենցա համալսարանը Եւրոպայի ամենամեծ համալսարանն է։ Հիմնական կարեւորութիւն ունի երկխօսութեան մէջ մտնել անոնց հետ, որոնք տարբեր գիտութիւններու եւ հետազօտութիւններու միջոցաւ կը նային դէպի ապագայ։ Մենք մտիկ պիտի ընենք այն ամէն բաներուն զոր Սրբազան Հայրը պիտի ըսէ այցելութեան ընթացքին եւ զայն պիտի որդեգրենք իբրեւ թանկագին ուղեցոյց՝ համալսարանական եւ երիտասարդական հովուական խնամքին համար» նշեց Հռոմի Թեմի տեղակալ Աքրեպիսկոպոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2026, 15:26