Pope Leo XIV visits St. Paul Catholic Hospital, in Douala

Լեւոն Պապին այցելութիւնը Սուրբ Պօղոս կաթողիկէ հիւանդանոց

Տուալայի մէջ մատուցած Պատարագէն ետք, Քահանայապետը այցելեց Տուալայի Առաջնորդարանի հովանիին տակ գտնուող Բուժարանը։ Սփոփանք՝ փոքրիկներուն, կիներուն և այն անձնակազմին, որոնք յատուկ դժուար պայմաններու մէջ կը խնամեն հիւանդները։
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Տուալայի ժափոմա մարզադաշտին մէջ մատուցուած Պատարագէն ետք, Լևոն ԺԴ Պապը մասնաւոր այցելութիւն մը տուաւ Սուրբ Պօղոս (Saint Paul) կաթողիկէ հիւանդանոցին՝ իր գուրգուրանքն ու սփոփանքը տանելով այնտեղ խնամուած հիւանդներուն։ Տնօրէնուհիին ընկերակցութեամբ, ան այցելեց քանի մը բաժանմունքներ։ Մատրան մէջ տեղի ունեցած խոկումի պահէն ետք, Պապը կանգ առաւ բակին մէջ՝ կարճ ողջոյնի խօսք ուղղելով անձնակազմին և հիւանդներուն։

Լեւոն Պապին այցելութիւնը Սուրբ Պօղոս կաթողիկէ հիւանդանոց
Լեւոն Պապին այցելութիւնը Սուրբ Պօղոս կաթողիկէ հիւանդանոց

Մխիթարութեան նշան մը

Այստեղ ամէն օր, առանց որևէ ընդհատումի, կը ջանան մատուցել մատչելի և որակեալ առողջապահութիւն։ Յատուկ ուշադրութիւն կը ցուցաբերուի կիներուն։ Այսօր որոշ հիւանդներ առիթը ունեցան սեղմելու Քահանայապետին ձեռքը, որ զինաթափող քնքշութեամբ մօտեցաւ թէ՛ փոքրիկներու և թէ՛ չափահասներու ցաւերուն։ Իր օրհնութիւնը բաշխեց բոլորին, ներառեալ ներկայ հարազատներուն, նախքան հիւանդներուն մէկիկ մէկիկ ողջունելը։

Լեւոն Պապին այցելութիւնը Սուրբ Պօղոս կաթողիկէ հիւանդանոց
Լեւոն Պապին այցելութիւնը Սուրբ Պօղոս կաթողիկէ հիւանդանոց

Հոգիի և մարմնի վէրքերը

«Հայր Մեր» աղօթքէն ետք, Քահանայապետը այցելեց այն սենեակները, ուր կը դարմանուին հիւանդները։ Ան մօտեցաւ մանուկներուն և տարեցներուն։ Այցելութեան աւարտին, տեղական ժամանակով ժամը 14:00-ին մօտ, Լևոն Պապը ուղղուեցաւ դէպի օդակայան՝ վերադառնալու համար Եաունտէ, ուր անոր կը սպասէր հանդիպումը Կեդրոնական Ափրիկէի Կաթողիկէ Համալսարանի ուսանողներուն և դասախօսներուն հետ։

Պետրոսի Յաջորդին ներկայութիւնը այսպիսով կը դպչի պատերազմի և մարմնի վէրքերուն՝ սփոփելով խորունկ վնասուածքները և հայցելով հոգիի ու մարմնի բժշկութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2026, 15:32