Լեւոն ԺԴ. Պապին խաղաղութեան պատգամը Ալճերիոյ ժողովուրդին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի` 13 ապրիլին, իր Քահանայապետութեան առաքելական երրորդ միջազգային ճամբորդութեան ծիրէն ներս Լեւոն ԺԴ. հազիւ Ալճերիա ժամանած այցելեց «Maqam Echahid » նահատակներու յուշարձանը։
Այց «Maqam Echahid» անուամբ նահատակներու նուիրուած նշանաւոր յուշարձան
Սրբազան Պապը յուշարձանի աստիճաններուն ստորոտը դիմաւորուեցաւ նախարարի մը կողմէ, այնուհետեւ բարձրացաւ աստիճանները՝ ընկերակցութեամբ ալճերական պահակախումբի երկու բարձրաստիճան սպաներու, որոնք կը կրէին ծաղկեպսակ մը, եւ զննելէ ետք Պատուոյ պահակախումբը յուշակոթողի ոտքին զետեղեց ծաղկեպսակը։
Օրհներգի հնչումին հետեւեցաւ լռութեան պահ մը՝ նահատակներուն յարգանք մատուցելու համար։
Այնուհետեւ Պապը եւ նախարարը ուղղուեցան պատշգամին ձախ կողմը՝ Ալժէյի նաւահանգիստին տեսարանին եւ պաշտօնական լուսանկարին համար հուս տեղափոխուեցան հակառակ կողմը, ուր Սրբազան Քահանայապետը շուրջ 2,000 հոգիէ բաղկացած բազմութեան մը ուղղեց ճամբորդութեան առաջին պատգամը` Ալժերի արքեպիսկոպոս` կարդինալ Jean-Paul Vesco-ի արտասանած ողջոյնի խօսքէն ետքը։
Նորին Սրբութեան ճամբորդութեան առաջին ճառը
«Սիրելի Ալեճերիոյ եղբայրներ եւ քոյրեր` խաղաղութիւնը ձեր հետ, Ալ սալամ ալայքոմ», ըսաւ Սրբազան Պապը ողջունելով ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ` որ իրեն առիթ տուաւ, որպէս Սուրբ Պետրոսի յաջորդ, այցելելու Երկիրը, զոր Ան արդեն այցելած էր երկու անգամ որպէս Օգոստինեան միաբան։
Սիրոյ կապերը նորոգող եղբայրը
Քահանայապետը ապա ինքզինք ներկայացուց որպէս եղբայր մը` որ կը փափաքի նորոգել սիրոյ կապերը, «որոնք, ըսաւ Ան, իրարու կը մօտեցնեն մեր սրտերը» ապա գովեց Ալճերիոյ ժողովուրդը անոր ուժին, երիտասարդութեան եւ հիւրասիրութեան խոր մշակոյթին համար, ընդգծելով թէ զօրակցութիւնը եւ վստահութիւնը հասարակութեան սիւներ են։
Մեծարանք նահատակներուն
Քահանայապետը առ այդ ակնարկեց Ալճերիայի պատմութեան որ յատկանշուած է տառապանքներով բայց նաեւ վերածնունդի եւ մեծ արժանապատւութեան կարողութեամբ նշելով` որ «Յուշարձանին մօտ կանգնիլը մեծարանք է այդ պատմութեան, ու անկախութեան, արժանապատւութեան ու Երկրի ինքնիշխանութեան համար պայքարող ժողովուրդի հոգիին», որմէ մեկնելով Քահանայապետը վերահաստատեց թէ իսկական խաղաղութիւնը միայն պատերազմին բացակայութիւնը չէ` այլ ներումի ու արդարութեան արտայայտումը։
Եւ ճիշտ ներումը հանդիսացաւ Նորին Սրբութեան ճառին կեդրոնական նիւթը որ ան որակեց որպէս անհրաժեշտ պայմանն մը կերտերու համար հաշտուած ապագայ։
Ներումը պայման կերտելու հաշտուած ապագայ
«Իրական ազատագրութեան պայքարը վերջնականապէս պիտի յաղթանակէ միայն այն ժամանակ, երբ վերջապէս ձեռք կը բերուի սրտերու խաղաղութիւնը։ Գիտեմ թէ որքան դժուար է ներել, սակայն մինչ հակամարտութիւնները կը շարունակեն բազմապատկուիլ ամբողջ աշխարհին մէջ, չէ կարելի սերունդէ սերունդ աւելցնել վրէժը վրէժին վրայ» հաստատեց Լեւոն ԺԴ., աւելցնելով որ ապագան կը պատկանի խաղաղութեան մարդոց եւ կիներուն ու թէ վերջաւորութեան արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ։
Մշակոյթներու եւ կրօններու խաչմերուկ
Ան ապա ընդգծեց Ալճերիոյ դերը` որպէս մշակոյթներու եւ կրօններու խաչմերուկ, քաջալերելով երկիրը շարունակելու խթանել երկխօսութիւնը եւ կայունութիւնը Միջերկրականին եւ աշխարհին մէջ։
Ան առ այդ արժեւորեց Աստուծոյ նկատմամբ հաւատքը, որպէս հիմնարար տարր՝ ընտանիքները զօրացնելու եւ ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութիւնը խթանելու համար։
«Մեր աշխարհը պէտք ունի իսկական հաւատացեալներու, հաւատքի մարդոց եւ կիներու որոնք ծարաւն ունին արդարութեան եւ միութեան» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը ընդգծելով որ բոլորս ալ իրար միջեւ եղբայրներ ենք զաւակները Միակ Աստուծոյն։
Իսկական ազատութիւնը ամէն օրուայ ընտրանք է
Ան ապա հրաւիրեց ներկաները խորհելու ազատութեան ու կեանքի իսկական իմաստի մասին յիշեցնելով թէ այս մէկը կախուած չէ նիւթական հարստութիւններէն այլ ինքզինք միւսներու նուիրելու կարողութենէն, յիշեցնելով Յիսուսին խօսքերը «Ինչ օգուտ մարդուն եթէ ամբողջ աշխարհը շահի բայց իր կեանքը կորսնցնէ (Մատթ. 16,26), որմէ մեկնելով յիշեց Ալճերիոյ նահատակները, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին ի սէր իրենց ժողովուրդին ու մաղթեց` որ անոնց պատմութիւնը թիկունք ըլլայ Ալճերիոյ ժողովուրդի ու բոլորի ուղեւորութեան, որովհետեւ ըսաւ Ան «իսկական ազատութիւնը ոչ միայն կը ժառանգուի այլեւ կ՜ընտրուի ամէն օր»։
Լեւոն ԺԴ. հուսկ խօսքը աւարտեց Յիսուսին լեռան քարոզի խօսքերով` Երանութիւններով` երանի հոգիով աղքատներուն .... երանի հարստահարուածներուն.... Երանի հեզերուն... Երանի ողորմածներուն... Երանի խաղարարներուն...եւայլն։
«Շնորհակալ եմ ձեր հիւրընկալութեան համար Աստուած օրհնէ ձեզ» եղան Քահանայապետին առաջին ճառին եզրափակիչ խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
