Քահանայապետին առաջին օրը Ալճերիոյ մէջ մէկ վայրկեանով

Լեւոն ԺԴ. Պապին Ալճերիա կատարած ճամբորդութեան առաջին օրուան ամէնէն տպաւորիչ պատկերները։

Այս առտու՝ 13 Ապրիլին, մեկնումը Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն եւ ողջոյնը օդանաւին մէջ՝ իրեն ընկերակցող շուրջ 70 լրագրողներուն։ Նախագահ Ապտելմաժիտ Թեպպունի կողմէ դիմաւորուելէն ետք, Քահանայապետը յարգանքի տուրք մատուցեց ալճերիացի նահատակներու յուշահամալիրին՝ «Մաքամ Էշշահիտ» յուշարձանին, յոյսի պատգամ մը յղելով հակամարտութիւններով յօշոտուած աշխարհի մը։ Անմիջապէս ետք, անձնական այցելութիւն տուաւ Էլ Մուրատիա պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ալճերիոյ նախագահին հետ, որուն յաջորդեց իշխանութիւններուն ուղղուած ճառը, որուն մէջ Ան շեշտեց բազմաթիւ հակամարտութիւններու դիմաց գործելաոճը (կամ մօտեցումը) փոխելու հրատապութիւնը։ Ան ապա կոչ ըրաւ խթանելու երկխօսութիւնը, ժողովուրդներուն միջեւ աւելի մեծ արդարութիւն հաստատելու եւ իշխանութեան այնպիսի գործադրում մը ցուցաբերելու, որ կը խուսափի տիրապետութեան տրամաբանութենէն։ Ալժէի Մեծ Մզկիթ եւ Օգոստինեան մայրապետներու կեդրոն այցելութենէն ետք` Ափրիկէի Տիրամօր Տաճարին մէջ տեղական համայնքին հետ տեղի ունեցած հանդիպումով եզրափակուեցաւ Պապին առաջին օրը ափրիկեան հողին վրայ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2026, 21:38