Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Սուրբ Օգոստինոսի հետքերով. ուխտագնացութիւն Աննապա

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը օրը կ՛անցնէ իրեն սրտին խօսող ամենանշանակալից եւ հոգեւորապէս ամենախիտ հանգրուաններէն մէկուն մէջ՝ Աննապա, հինաւուրց Հիփփոնան, որ անքակտելիօրէն կապուած է Սուրբ Օգոստինոսի կերպարին հետ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 14 ապրիլին, Ալճերիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը օրը անցուց իրեն սրտին խօսող ամենանշանակալից եւ հոգեւորապէս ամենախիտ հանգրուաններէն մէկուն մէջ՝ Աննապա, հինաւուրց Հիփփոնան, որ անքակտելիօրէն կապուած է Սուրբ Օգոստինոսի կերպարին հետ:

Տեղափոխութիւնը Ալժէէն Աննապա

Քահանայապետը օրը սկսաւ տեղական ժամով առաւօտեան 9,20 անց, երբ Ան Ալժէի միջազգային օդակայանէն փոխադրուեցաւ Աննապա։

Արդարփւ Ալժէի օդակայանին մէջ տեղական իշխանութիւններուն  հրաժեշտ տալէն ետքը, Սրբազան Պապը մեկնեցաւ Աննապա՝ շուրջ մէկ ժամ տեւող թռիչքով մը  եւ Ռապահ Պիթաթ օդակայան ժամանելուն դիմաւորուեցաւ տեղական իշխանութիւններուն կողմէ։

Հիփփոնա՝ պատմութեան եւ հաւատքի միջեւ

Նորին Սրբութեան Աննապայի մէջ առաջին հանգրուանը եղաւ հին Հիփփոնայի հնագիտական վայրը, ուր Ան շրջեցաւ հռոմէական եւ քրիստոնէական քաղաքի աւերակներուն մէջ, որոնք եղած են Սուրբ Օգոստինոսի կեանքի եւ ծառայութեան թատերաբեմը:

Սրբազան Պապը այնտեղ ծաղկեպսակ մը կը զետեղէ եւ կ՛ամփոփուի աղօթքի մէջ՝ հոգեւոր մեծ ապրումի պահ մը պարգեւելով ներկաներուն:

Փիւնիկեցիներու կողմէ հիմնադրուած եւ Հռոմի տիրապետութեան տակ զարգացած Հիփփոնան ափրիկեան քրիստոնէութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկն էր: Ճիշդ հոս է, որ Օգոստինոս ապրեցաւ իբրեւ եպիսկոպոս մինչեւ իր մահը։:

Հանդիպում ամենատկարներուն հետ

Նորին Սրբութեան օրակարգը կը շարունակուի «Աղքատներու Փոքրիկ Քոյրերու Տան» մէջ, որ կը գտնուի Լալա Պունա բլուրին վրայ՝ Սուրբ Օգոստինոսի պազիլիքայի կողքին, կը հիւրընկալէ եւ կը խնամէ կարիքաւոր տարեցներ, որոնց շարքին նաեւ՝ մահմետականներ։

«Աղքատներու Փոքրիկ Քոյրերու» միաբանութիւնը հիմնուած է 1839-ին Ժան Եուկանի կողմէ, որ յետագային՝ 2009-ին, սրբադասուեցաւ։

Այսօր, ալճերիական այս կառոյցը կը կառավարուի հինգ կրօնաւորուհիներու կողմէ՝ պաշտօնէութեան եւ կամաւորներու օգնութեամբ, եւ կ’ընդունի շուրջ 40 հիւրեր։ Անիկա ունի թէ՛ մատուռ եւ թէ՛ փոքր մզկիթ մը՝ գոյատեւելով նաեւ տեղական զօրակցութեան շնորհիւ։ Շէնքը 19-րդ դարու վերջաւորութեան կառուցուած է` արքեպիսկոպոս Շարլ-Մարսիալ-Ալման Լավիժըրիի կողմէ տրամադրուած հողատարածքի մը վրայ, որ այդ տարածքին մէկ մասը յատկացուցած էր հիւրընկալութեան տան կառուցման։

Քահանայապետը այնտեղ կը դիմաւորուի կրօնական համայնքի մեծաւորուհի` Քոյր Ֆիլոմենա Փիթըրի կողմէ որ զայն կ՜առաջնորդէ հանդիպման սրահ ուր Նորին Սրբութիւնը կը դիմաւորուի Տան հիւրերուն եւ անձնակազմին կողմէ։

Բարի գալուստի արտասանուած եւ Ալժէի երբեմնի Արքեպիսկոպոսին ու Իսլամ մէկ հիւրի մը վկայութիւններէն ետքը Սրբազան Պապը ողջոյնի խօսք մը կ՛ուղղէ ներկաներուն։

Երկխօսութիւն Օգոստինեաններուն հետ

Քահանայապետը առ այդ կը հանդիպի Օգոստինեան Միաբանութեան անդամներուն հետ, Օգոստինեան կրօնաւորներու համայնքի տան մէջ, որ կառուցուած է 1934-էն 1935 թուականներու միջեւ։

Ներկայիս, համայնքը կազմուած է ափրիկեան տարբեր ազգութիւններու պատկանող երեք կրօնաւորներէ, որոնք ամէն ուրբաթ Սուրբ Պատարագ կը մատուցեն քրիստոնեայ փոքր համայնքին համար։ Անոնք կ’ընդունին զբօսաշրջիկներ եւ ուխտաւորներ պազիլիքային մէջ, կը տնօրինեն Սուրբ Օգոստինոսի գրադարանը, որ կը գտնուի դամբարանին մէջ՝ «Սրբուհի Մոնիքա սրահին» մէջ, ինչպէս նաեւ ամէն տարի կը կազմակերպեն «Օգոստինեան օրեր»։ Կրօնաւորները նաեւ օգնութիւն եւ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն ենթասահարական Ափրիկէէն եկած ուսանողներուն եւ սերտօրէն կը գործակցին Աղքատներու Փոքրիկ Քոյրերուն հետ։

Սրբազան Պապը իր եղբայրակիցներուն հետ հանդիպում ունենալէն ետքը անոնց հետ կը կիսէ նաեւ կէսօրուան ճաշը։

Սուրբ Պատարագ Սուրբ Օգոստինոսի Պազիլիքային մէջ

Օրուան գագաթնակէտը կը հանդիսանայ Սուրբ Պատարագի մատուցումը Սուրբ Օգոստինոսի պազիլիքային մէջ, որ կը պահէ Սուրբին մասունքներէն մէկը:

Շուրջ 1500 հաւատացեալներու առջեւ, բազմամշակութային եւ բազմալեզու իրականութեան մը մէջ, Սրբազան Պապը կը նախագահէ արարողութիւնը։

Սուրբ Օգոստինոսի պազիլիքան կառուցուած է 1881-էն 1907 թուականներու միջեւ՝ Ալժէի արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Շարլ-Մարսիալ-Ալման Լավիժըրիի փափաքով, եւ 24 ապրիլ 1914-ին Պիոս Ժ. Պապին կողմէ, պապական կոնդակով, բարձրացուած է «փոքր պազիլիքայի» աստիճանի։ Յատակագիծը պատրաստուած է Աւինիոնի թեմի քահանայ եւ ճարտարապետ Ժոզեֆ Փունիէի կողմէ. անիկա մտայղացուած է արաբա-մաւրիտանական եւ հռոմէա-բիւզանդական ոճերով՝ ներդաշնակուելով Աննապայի պատմութեան, բնական եւ մշակութային միջավայրին հետ։ Շէնքը ունի լատինական խաչի ձեւ՝ թմբուկի վրայ բարձրացող գմբեթով. գլխաւոր ճակատը ունի երկու զանգակատուն։ Պազիլիքան զարդարուած է հոյակապ գունաւոր ապակիներով, որոնցմէ շարք մը կը պատկերացնէ Սուրբ Օգոստինոսի կեանքը։

Խորանին մէջ կը գտնուի Սուրբ Օգոստինոսի մասնատուփ-արձանը, որ կը պարունակէ անոր աջ բազուկի ոսկորը։ Այս մասունքը Աննապա բերուած է 1842-ին Ալժէի առաջին եպիսկոպոս Գերապայծառ Անթուան Ատոլֆ Տիւփիւշի կողմէ, որ զայն իբրեւ նուէր խնդրած էր Փաւիա քաղաքէն (Իտալիա), ուր Ը. դարէն ի վեր կը պահուին Եկեղեցւոյ մեծ Հօր մարմնական նշխարները։

Վերադարձ Ալժէ

Աննապայի Սուրբ Օգոստինոսի անուան պազիլիքային մէջ մատուցած սուրբ պատարագէն ետքը, Քահանայապետը կը փոխադրուի Աննապայի Ռապահ Պիթաթ օդակայան ուր տեղական իշխանութիւններուն հրաժեշտ տալէ ետքը կը բարձրանայ օդանաւ վերադարձ կատարելով Ալժէ ու վերջ տալով պատմութեան, հաւատքի եւ երկխօսութեան հանդիպումով յատկանշուած օրուան։

Կամուրջ՝ անցեալի եւ ներկայի միջեւ

Աննապա կատարած այս այցելութիւնը շատ աւելին էր, քան պաշտօնական հանգրուան մը. անիկա ուխտագնացութիւն էր դէպի հիւսիսային ափրիկեան քրիստոնէութեան արմատները եւ միջկրօնական երկխօսութեան զօրաւոր նշան մը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2026, 10:00