Լեւոն ԺԴ. Պապին Այցելութիւնը Անկոլա` երրորդ օրուայ յայտագիրը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 20 ապրիլը, կը ներկայանայ որպէս Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի Քահանայապետութեան առաքելական միջազգային երրորդ ճամբորդութեան այլ մէկ խորհրդանշական օրերէն մին ամբողջութեամբ նուիրուած Անկոլային եւ յատկանշուած հանդիպումներով, արարողութիւններով ու հովուական մօտիկութեան պահերով։
Առաւօտեան Ճամբորդութիւն դէպի Սաուրիմօ
Օրը կը սկսի տեղական ժամով արշալոյսին, երբ Սրբազան Քահանայապետը կը փոխադրուի Լուանտայի «4 de Fevereiro» միջազգային օդակայան եւ տեղական իշխանութիւններուն հրաժեշտ տալէ ետք, կը մեկնի դէպի Սաուրիմօ (Լունտա Սուլ նահանգ) ուր կը ժամանէ մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ տեւող թռիչքէ մը ետքը։
Սաուրիմօ ժամանելու, Սրբազան Պապը ջերմօրէն կը դիմաւորուի տեղական իշխանութիւններուն կողմէ։ Աւելի քան հազար մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող այս քաղաքը ունի պատմութիւն մը՝ դրոշմուած եւրոպացի հետախոյզներու եւ տեղական Լունտա-Քոքուէ (Lunda-Cokwe) ժողովուրդներու հանդիպումով։
Գորովի եւ աղօթքի պահեր
Օրուան ամենայուզիչ պահերէն մին կը հանդիսանայ Նորին Սրբութեան այցելութիւնը տարեցներու խնամքի տան ուր Ան կը դիմաւորուի կառոյցի տնօրինուհիին ու երկրի առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչի մը կողմէ, ապա երգերու, վկայութիւններու եւ սիրոյ արտայայտութիւններու մթնոլորտի մը մէջ, Քահանայապետը կը հանդիպի հաստատութեան հիւրերուն, ունկնդրելով անոնց պատմութիւնները եւ փոխանցելով սփոփանքի իր խօսքը
Լեւոն ԺԴ. ապա կ’ուղղուի դէպի պատարագի վայրը՝ կարճատեւ ժամանակ կանգ առնելով Վերափոխման Սուրբ Աստուածածին Մայր Տաճարին մէջ, Սուրբ Հաղորդութեան առջեւ լուռ աղօթքի պահ մը անցնելով։ Այս առանձնացումը կը կանխէ օրուան գլխաւոր իրադարձութիւնը՝ Սուրբ Պատարագը, որ տեղի կ’ունենայ Սաուրիմոյի հրապարակին վրայ՝ շուրջ 30,000 հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Վերափոխման Սուրբ Աստուածածին Մայր Տաճարը Սաուրիմոյի Արքեպիսկոպոսութեան գլխաւոր եկեղեցին է։ Այս թեմը հաստատուած է Սուրբ Պօղոս Զ Պապին կողմէ 1975-ին, իսկ 2011-ին բարձրացած է իր ներկայ կարգավիճակին (Արքեպիսկոպոսութիւն) Պենետիկտոս ԺԶ Պապին «Quandoquidem accepimus» կոնդակով։
Վերադարձ Լուանտա եւ Հանդիպում Նուիրեալներուն հետ
Սուրբ պատարագէն ետքը Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղուի տեղւոյն օդակայան ուրտեղէն վերադարձ կը կատարէ մայրաքաղաք Լուանտա եւ կարճ դադարէ մը ետք, երեկոյեան դէմ, կ’այցելէ Ֆաթիմայի Սուրբ Աստուածածին ծխական համայնքը եւ Եկեղեցին, որ կառուցուած է 1960-ական թուականներուն Քափուչին միաբաններուն կողմէ, եւ որուն անկիւնաքարը բերուած է փորթուկալէն։
Այնտեղ Սրբազան Պապը կը հանդիպի եպիսկոպոսներու, քահանաներու, կրօնաւորներու եւ հովուական գործիչներուն հետ։
Հանդիպման ընթացքին կը հնչեն վկայութիւններ եւ երաժշտական կատարումներ որոնց աւարտին Սրբազան Պապը իր յորդորական խօսքերը կ՛ուղղէ ներկաներուն ապա «հայր մեր» աղօթքէն ետք անոնց կը շնորհէ իր օրհնութիւնը եւ վերադարձ կը կատարէ Պապական Նուիրակութիւն վերջ տալով Անկոլայի մէջ իր երրորդ օրուայ յայտագիրին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
