Լեւոն ԺԴ. Ալճերիայէն դէպի Քամերուն. դիւանագիտութեան, հաւատքի եւ ընկերային յանձնառութեան հանգրուան

Քահանայապետը Քամերունի մէջ կը հանդիպի Երկրին Իշխանութիւններուն հետ, ապա կ՛այցելէ որբանոց մը հուսկ կը հանդիպի Երկրի եպիսկոպոսներուն հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 15 ապրիլը, նշանակալից հանգրուան մը կը հանդիսանայ Լեւոն ԺԴ. Պապի առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս։ Ան անցեալ երկուշաբթի օր սկիզբ առած Քահանայապետութեան երրորդ միջազգային ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը աւարտելէն ետքը, Ալճերիայէն հրաժեշտ առնելով կ՜ուղղուի ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան` Եաունտէ՝ Քամերունի քաղաքական եւ հոգեւոր սիրտը։

Լեւոն Պապի խօսքերը Ափրիկէի մէջ անցուցած այս երկու օրերուն ընթացքին վերահաստատեցին երկխօսութեան հրաւէրը՝ որ հիմնուած պէտք է ըլլայ փոխադարձ յարգանքի վրայ ապա իւրաքանչիւրին յանձնառութիւնը, յատկապէս կաթողիկէներուն, կերտելու համար եղբայրութիւն, ընկերային արդարութիւն եւ խաղաղութիւն ինչպէս նաեւ Ափրիկէի կեդրոնականութիւնը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար։ Այս առաքելութիւնը կը քաջալերէ սրտերու դարձը առ Քրիստոս, ինչ որ իր հերթին կը յառաջացնէ նոր յարաբերութիւններ եւ ստեղծագործական նախաձեռնութիւններ, յաղթանակ մահուան եւ բռնատիրութեան տրամաբանութեան դէմ, փոփոխութեան մղումներ, որոնք կը բանան լայն հորիզոններ՝ աճելու եւ ըլլալու համար «երկրի աղն ու լոյսը»։

Այցելութիւն Նորթ Տամ Տ՛աֆրիք մանկապարտեզին
Այցելութիւն Նորթ Տամ Տ՛աֆրիք մանկապարտեզին

Այցելութիւն  Նոթր Տամ Տ’Աֆրիք մանկապարտէզին

Սրբազան Քահանայապետը Ալժէի Պապական Նուիրակութեան մէջ սուրբ պատարագը մատուցելէն ետքը, հրաժեշտ առաւ Նուիրակութենէն եւ. նախ քան օդակայան ուղղուիլը  կարճ այցելութիւն մը կատարեց Նոթր Տամ Տ’Աֆրիք մանկապարտէզին, որ մատակարարուած է Գթութեան Միսիոնարներ Քոյրերուն կողմէ։ Այնտեղ մանուկները փոքրիկ ներկայացում մը բեմադրեցին Պապին համար, որ ապա ողջունեց զանոնք եւ քոյրերը՝ ապա  ուղղուեցաւ Հուարի Պումետիեն միջազգային օդակայան, ուր զինք դիմաւորեց Ալճերիոյ նախագահ Ապտելմաժիտ Թեպունը եւ կարճատեւ առանձնազրոյցէ մը ետք տեղի ունեցաւ հրաժեշտի արարողութիւնը՝ քայլերգերով, զինուորական պատիւներով եւ պատուիրակութիւններու ողջոյններով։

Մեկնում Եաունտէ

Ժամը 10:16 անց Սրբազան Պապը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները փոխադրող օդանաւը թռիչք առաւ ուղղուելով դէպի Քամերուն. կտրելով աւելի քան 4,000 քիլոմեթր եւ անցնելով Ալճերիոյ, Նիճերի, Չատի, Նիճերիոյ եւ Քամերունի օդային տարածքներուն վրայէն։

Գրեթէ հինգ ժամ տեւող ճամբորդութենէն ետք Լեւոն ԺԴ. Պապը փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Եաունտէ-Նսիմալեն միջազգային օդակայան ուր դիմաւորուեցաւ Քամերունի հանրապետութեան վարչապետ Ժոզեֆ Տիոն Նկութէյի եւ Պապական նուիրակ Ժոզէ Աւելինօ Պեթանքուրի կողմէ։

Քամերունի մայրաքաղաքը Եաունտէն է, որ կը կոչուի նաեւ «եօթը բլուրներու քաղաք»։ Անիկա երկրի երկրորդ մեծագոյն քաղաքն է՝ Տուալա նաւահանգստային քաղաքէն ետքը։ Անոր արմատները կը հասնին մինչեւ գաղութատիրական դարաշրջան, երբ գերմանացիները հիմնեցին քաղաքային եւ առեւտրական առաջին կեդրոնը, որ յետագային անցաւ ֆրանսացիներուն ձեռքը, եւ ի վերջոյ, 1960-ին, ձեռք բերաւ իր անկախութիւնը։

Եաունտէյի սպասումը
Եաունտէյի սպասումը

Բարի գալուստի արարողութիւն

Եաունտէյի պաշտօնական օդակայանին մէջ տեղի ունեցած բարի գալուստի հանդիսաւոր փրոթոքոլային արարողութենէն ետքը Սրբազան Պապը ուղղուեցաւ Քամերունի յայտագիրի առաջին պաշտօնական հանգրուան հանդիսացող «Միասնութեան պալատը»` այսինքն Նախագահական Պալատ, որ նախագահ Փոլ Պիյայի պաշտօնական նստավայրն է։ Յայտնենք որ Պիայի նախագահը այս պաշտօնի վրայ է 1982-էն ի վեր եւ նախագահ ընտրուած է ութը անգամներ եւ այսօր կը հանդիսանայ աշխարհիս ամենածեր նախագահը։

Հանդիպում իշխանութիւններուն հետ

Նախագահական Պալատէն ներս նախատեսուած է Նորին Սրբութեան քաղաքավարական այցելութիւնը՝ նուէրներու փոխանակումվ, Ոսկեայ մատեանի մէջ ստորագրութեամբ եւ առանձնազրոյցով, որով կը շեշտուի Սուրբ Աթոռի եւ Քամերունի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա կը հանդիպի իշխանութիւններուն, քաղաքացիական հասարակութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ որոնց կ՛ուղղէ ի պատգամը եւ այս հանդիպումէն ետքը Ան կը փոխադրուի Քամերունի առաջին օրուայ հովուական այցելութեան սիրտը հանդիսացող «Նկուլ Զամպա» որբանոց։

Նկուլ Զամպա որբանոցը
Նկուլ Զամպա որբանոցը   (AFP or licensors)

«Նկուլ Զամպա» որբանոց

Յայտնենք` որ որբանոցը կը գործէ բացառապէս նուիրատուութիւններու շնորհիւ։ Ան կը հիւրընկալէ 18 ամսականէն մինչեւ 20 տարեկան երիտասարդներ։ Անիկա կը դիմագրաւէ տնտեսական եւ նիւթական դժուարութիւններ, յատկապէս՝ օրապահիկի եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու հայթայթման գծով։

Որբանոցի այցելութեան ծիրէն ներս նախատեսուած են մանուկներու եւ խնամակալներու վկայութիւնները, երգեր, նուէրներու փոխանակում, աղօթք եւ Քահանայապետին սրտի խօսքը։

Հանդիպում եպիսկոպոսներուն հետ

Քամերունի ճամբորդութեան առաջին օրուան օրակարգը կ՜աւարտի Քամերունի եպիսկոպոսներուն հետ առանձնական հանդիպումով՝ արքեպիսկոպոս Էնտրիու Նկէա Ֆուանիայի գլխաւորութեամբ, Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի  կեդրոնատեղիին մէջ։ Ասիկա տեղական Եկեղեցւոյ ներքին երկխօսութեան պահ մը պիտի ըլլայ, որմէ ետքը Սրբազան Հայրը կը փոխադրուի Պապական Նուիրակութիւն՝ որ այս օրերուն պիտի ըլլայ անոր նստավայրը։

Դիւանագիտութեան, հոգեւորականութեան եւ դէպի լուսանցքայիններուն ուղղուած ուշադրութեան միջեւ, Լեւոն ԺԴ. Պապի քամերունեան առաջին օրը կը ներկայանայ իբրեւ  խճանկար մը, որ ունակ է միահիւսելու պաշտօնական մակարդակը եւ աւետարանական առաքելութիւնը՝ տագնապալից, բայց յոյսով լեցուն շրջագիծէ մը ներս։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2026, 09:09