Papa Leone all'incontro con i giovani e le famiglie in Guinea Equatoriale

Սրբազան Պապը այսօր կ՛աւարտէ իր առաքելական ճամբորդութիւնը եւ վերադարձ կը կատարէ Վատիկան

Մեկնումը նախատեսուած է տեղական ժամով 12:45-ին, ITA Airways- ընկերութեան օդանաւով։ Թռիչքը պիտի տեւէ շուրջ 6 ժամ եւ 10 վայրկեան, որուն ընթացքին Քահանայապետը եւ անոր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամները փոխադրող օդանաւը կը սաւառնի Հասարակածային Կուինէայի, Քամերունի, Նիճերիայի, Նիժերի, Ալճերիայի, Թունիզի եւ Իտալիոյ օդային տարածքներուն վրայէն, որոնց Պետական Ներկայացուցիչներուն Սրբազան Պապը կ՛ուղղէ փրոթոքոլային հեռագիրներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Հինգշաբթի, 23 ապրիլ 2026ն եղաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին Ալճերիա, Քամերուն, Անկոլա եւ Հասարակածային Կուինէա կատարած առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը։

Արդարեւ այսօր Նորին Սրբութիւնը կ՛աւարտէ անցեալ 13 Ապրիլին սկսած Քահանայապետութեան Միջազգային առաքելական երրորդ ճամբորդութիւնը, որ յատկանշուեցաւ խանդավառութեան, յոյսի, մօտիկութեան ու քաջալերանքի պահերով եւ տարբեր ձեւի հանդիպումներով, որոնց ընթացքին Լեւոն ԺԴ. փոխանցեց իր պատգամները, քաջալերական խօսքերը, յորդորները հրաւիրելով ափրիկեան ցամաքամասի ժողովուրդները` ապագային նայելու յոյսով ու թոյլ չտալու որ ուրիշներ որոշեն իրենց այդ ապագան։ Ան նաեւ խիստ կերպով դատապարտեց այդ երկիրներուն նկատմամբ կատարուած չարաշահումները ինչպէս նաեւ ապրուած անարդարութիւնները։

Նորին Սրբութեան Ճամբորդութեան վերջին օրը կը սկսի առաւօտեան ժամը 09:00-ին՝ Հասարակածային Կուինէայի երբեմնի մայրաքաղաք Մալապոյի Պապական Նուիրակութենէն հրաժեշտով, որտեղէն ան ինքնաշարժով կը փոխադրուի Մալապոյի մարզադաշտ, որ կը գտնուի դիւանագիտական նստավայրէն շուրջ 6 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։

Մալապոյի մարզադաշտը

2007-ին բացուած այս մարզահամալիրը Հասարակածային Կուինէայի գլխաւոր մարզական կեդրոններէն մէկն է, ուր տեղի կ'ունենան երկրի ազգային հաւաքականի եւ գլխաւոր ակումբներու մրցումները. հոն հիւրընկալուած են նաեւ կարեւոր իրադարձութիւններ, ինչպէս 2012-ի եւ 2015-ի Ափրիկէի բաժակի մրցաշարքերը։

Մարզադաշտ Ժամանումին, Սրբազան Պապը Քահանայապետական բացօթեայ ինքնաշարժով ով կը շրջի մարզադաշտին մէջ՝ ողջունելով այնտեղ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալները` որոնք եկած են մասնակցելու Սրբազան Քահանայապետին մատուցած Սուրբ Պատարագին` որ ճամբորդութեան վերջին պատարագն է, նախ քան անոր մեկնումը։

Սուրբ Պատարագը

Պատարագի ընթացքին ընթերցումները կը կատարուին զանազան տեղական եւ միջազգային լեզուներով, որոնց կարգին՝ սպաներէն, պուպի, ֆրանսերէն, անգլերէն, անոպոնեզ եւ փորթուկալերէն։

Սուրբ Զոհի ընթացքին ընթերցուած Յովհաննէսի Աւետարանէն (Գլուխ 6) քաղուած բնաբանը` «Ես եմ կենդանի հացը, որ երկինքէն իջած է», հնչեցուց կեդրոնական պատգամը:

Հրաժեշտ եւ վերադարձ

Արարողութեան աւարտին, Մալապոյի Արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Խուան Նսուէ Էտժանկ Մայէ, երախտագիտութեան խօսք կ՛ուղղէ Սրբազան Պապին, որմէ ետքը Լեւոն ԺԴ. իր օրհնութիւնը շնորհելէ ետքը բոլոր հաւատացեալներուն, կ՜ուղղուի Մալապոյի միջազգային օդակայան, ուր տեղի կ՛ ունենայ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը։

Օդակայանին մէջ Քահանայապետը կը դիմաւորուի Նախագահ Թէոտորօ Օպիանկ Նկուեմա Մպասոկոյի եւ անոր տիկնոջ կողմէ՝ զինուորական պատիւներով, քայլերգերով եւ պատուիրակութիւններու փոխադարձ ողջոյններով որմէ ետքը կը բարձրանայ օդանաւ եւ օդանաւ չմտած կու տայ իր վերջին ողջոյնը։

Մեկնումը նախատեսուած է տեղական ժամով 12:45-ին, ITA Airways- ընկերութեան օդանաւով։ Թռիչքը պիտի տեւէ շուրջ 6 ժամ եւ 10 վայրկեան, որուն ընթացքին Քահանայապետը եւ անոր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամները փոխադրող օդանաւը կը սաւառնի Հասարակածային Կուինէայի, Քամերունի, Նիճերիայի, Նիժերի, Ալճերիայի, Թունիզի եւ Իտալիոյ օդային տարածքներուն վրայէն, որոնց Պետական Ներկայացուցիչներուն Սրբազան Պապը կ՛ուղղէ փրոթոքոլային հեռագիրներ։

Նորին Սրբութեան ժամանումը նախատեսուած է Հռոմի ժամով երեկոյեան ժամը եօթի ժամանակները` Ֆիումիչինօ օդակայան, որով վերջ կը գտնէ հանդիսաւոր արարողութիւններով, պաշտօնական հանդիպումներով եւ ժողովրդային ջերմ մասնակցութեամբ յատկանշուած Քահանայապետութեան այս երրորդ միջազգային ճամբորդութիւնը որ ինչպէս նշեցինք ընդգրկեց չորս երկիներ` Ալճերիան` «Խաղաղութիւնը ձեր հետ» կարգախօսով, ուր Սրբազան Քահանայապետը ուխտագնացութիւն կատարեց Օգոստինեան Միաբանութեան հիմնադիր Սուրբ Օգոստինոսի ծննդավայր, ապա Քամերունը` «Անոր մէջ մենք մէկ ենք» կարգախօսով, ուր Լեւոն ԺԴ. ուզեց տանիլ միութեան եւ հաշտութեան պատգամ մը, հուսկ Անկոլան «Յոյսի, խաղաղութեան եւ հաշտութեան ուխտաւոր» կարգախօսով, ապա Հասարակածային Կուինէան` «Քրիստոս լոյս Հասարակածային Կուինէային, դէպի յոյսի ապագայ» կարգախօսով` որ կ՛ուզէ ընգծել անցեալի երախտագիտական յիշողութիւնը, Աւետարանի վերափոխիչ ուժը եւ հաւատքի ու յոյսի քայլերով դէպի ապագայ ընթանալու վստահութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2026, 09:00