Վատիկանի մէջ խաղաղութեան համար աղօթքի հսկում Լեւոն ԺԴ.ի նախագահութեամբ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր շաբաթ 11 ապրիլին, երեկոյեան ժամը վեցին, Լեւոն ԺԴ. Պապին նախագահութեամբ տեղի կ՛ունենայ խաղաղութեան համար աղօթքի հսկում մը որուն մասին ակնարկած էր Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը անցեալ չորեքշաբթի օր 8 ապրիլին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին հրաւիրելով «բոլոր հաւատացեալները՝ միանալու իրեն խաղաղութեան համար աղօթքի պահուն»։
Նորին Սրբութիւնը այս միեւնոյն յայտարարութիւնը կատարած էր նաեւ անցեալ Կիրակի օր` Սուրբ Զատկուայ պատարագէն ետքը, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն աշխարհին ուղղած իր աւանդական «Urbi et Orbi» պատգամին ընթացքին։
Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը անցեալ օրերուն այս առնչութեամբ հրատարակեց Հաղորդագրութիւն մը` նշելով, որ աղօթքի պահը պիտի նախագահէ Սրբազան Պապը եւ թէ ան բաց պիտի ըլլայ «բոլոր հաւատացեալներուն մասնակցութեան»։
Յիսուսի Յարութեան տօնին առիթով Քահանայապետը աշխարհին ուղղած իր Ուրպի էթ Օրպի պատգամին մէջ հրաւիրած էր բոլոր անոնք որոնք «զէնքեր ունին իր ձեռքին, վար առնելու զանոնք, ապա աւլեցուցած «Ով` որ իշխանութիւն ունի պատերազմներ հրահրելու, թող խաղաղութիւնը ընտրէ՛։ Ո՛չ թէ ուժով հետապնդուած խաղաղութիւն, այլ՝ երկխօսութեամբ։ Ո՛չ թէ միւսին տիրելու կամքով, այլ՝ անոր հանդիպելու», ըսած էր Ան եւ զգուշացուցած անտարբերութեան երեւոյթէն։
«Մենք կը վարժուինք բռնութեան, կը համակերպինք անոր եւ կը դառնանք անտարբեր։ Անտարբեր՝ հազարաւոր մարդոց մահուան հանդէպ։ Անտարբեր՝ այն ատելութեան եւ բաժանման հետեւանքներուն, զոր հակամարտութիւնները կը սերմանեն։ Անտարբեր՝ անոնց տնտեսական եւ ընկերային հետեւանքներուն, զորս սակայն բոլորս կը զգանք» ըսած էր Լեւոն ԺԴ. խօսելով նաեւ անտարբերութեան համաշխարհայնացումի՛ մասին որ Ֆրանչիսկոս Պապին սիրելի արտայայտութիւն մը եղած է։
«Խաղաղութիւնը զոր Յիսուս մեզի կը յանձնէ չի բաւարարուիր լռեցնելով զէնքերը այլ կը դպչի եւ կը փոխէ մեր իւրաքանչիւրիս սիրտը։ Դարձի գանք Քրիստոսի խաղաղութեան» կոչ ուղղած էր Լեւոն ԺԴ. ու հրաւիրած բոլորը իրեն միանալու խաղաղութեան ի սպաս հսկումին որ ինչպէս նշեցինք նախատեսուած է այսօր երեկոյեան ժամը վեցին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
