Որոնել

UKRAINE-RUSSIA-CONFLICT-WAR

Լեւոն ԺԴ. «Թող Լռեն Զէնքերը Ուքրանիոյ Մէջ». Սփոփանք՝ Լիբանանի Զինադադարին Համար

Լեւոն ԺԴ. Պապը Քիլամպայի մէջ Ուքրանիոյ դէմ սաստկացած յարձակումներու դադարեցման եւ երկխօսութեան վերսկսման հրատապ կոչ ուղղեց։ Միաժամանակ, ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց Լիբանանի զինադադարին համար՝ յոյս յայտնելով, որ դիւանագիտական ջանքերը մշտական խաղաղութիւն կը հաստատեն ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ Քահանայապետին այս եւ այլ լուրերը

Կիրակի 19 ապրիլին, Քիլամպայի մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի աւարտին, Ուրախ Լեր Թագուհի երկնից Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Պապը աւելի քան 100 հազար հաւատացեալներու առջեւ կոչ ըրաւ ըսելով

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Միանանք հիմա Երկնքի Թագուհիին ուղղուած աղօթքին, որպէսզի իրեն հետ՝ մեր Մօր եւ ճամբու ընկերոջ, բաժնեկցինք Յարութեան ուրախութիւնը։
Այս ցնծալից երգով չենք ուզեր մարել կամ խլացնել տառապողներուն պաղատանքը, այլ ընդհակառակը՝ կ՚ուզենք զայն գրկել ու միացնել մեր ձայնին, նոր ներդաշնակութեամբ մը, որպէսզի նոյնիսկ ցաւի մէջ վառ մնայ հաւատքի լոյսը եւ անոր հետ մէկտեղ՝ աւելի լաւ աշխարհի մը յոյսը։

Խորապէս կը ցաւիմ Ուքրանիոյ դէմ վերջին շրջանին սաստկացած յարձակումներուն համար, որոնք կը շարունակեն հարուածել նաեւ քաղաքացիական բնակչութիւնը։ Իմ մօտիկութիւնս կը յայտնեմ բոլոր տառապողներուն եւ կը հաւաստիացնեմ աղօթքներս ողջ ուքրանացի ժողովուրդին համար։ Դարձեալ կոչ կ՚ուղղեմ, որպէսզի զէնքերը լռեն եւ ընթանանք երկխօսութեան ճամբով։

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ յայտարարուած զինադադարը յոյսի առիթ է՝ հանդիսանալով սփոփանքի նշան լիբանանցի ժողովուրդին եւ Մերձաւոր Արեւելքի համար։ Կը քաջալերեմ զանոնք, որոնք յանձնառու են դիւանագիտական լուծում գտնելու՝ շարունակելու խաղաղութեան երկխօսութիւնները, որպէսզի թշնամութիւններու դադարեցումը ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ դառնայ մշտական։

Քրիստոս յաղթեց մահուան, եւ այս ստոյգ գիտակցութեամբ է, որ մենք բոլորս՝ իրեն հետ եւ իրմով միացած իբրեւ մէկ մարմին, այսօր եւ ամէն օր կը ջանանք մեր շուրջը աճեցնել Զատկուան պտուղները, որոնք են՝ սէրը, ճշմարիտ արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը, վեր՝ ամէն տեսակ խոչընդոտներէ եւ դժուարութիւններէ։
Թող Յիսուսի Մայրը՝ Սուրբ Սրտի Մայրը, մեզի օգնէ միշտ կենդանի եւ զօրաւոր զգալու իր Յարուցեալ Որդւոյն ներկայութիւնը մեր քով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2026, 14:08