Pope Leo XIV meet members of European People's Party (EPP)

Քաղաքականութիւն, հաւատք եւ ժողովուրդ. Լեւոն ԺԴ. Պապին կոչը Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութեան

«Քաղաքականութեան ի սպաս լուծուած քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ ներդրում կատարել ազատութեան մէջ. ոչ թէ սովորական դարձած ու լոկ հաճոյքի վերածուած ազատութեան մը, այլ ճշմարտութեան վրայ հիմնուած ազատութիւն, որ կը պաշտպանէ կրօնական, մտքի եւ խղճի ազատութիւնը ամէնուր եւ մարդկային ամէն պայմանի մէջ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 25 Ապրիլ 2026-ին, Լեւոն ԺԴ Պապը Առաքելական Պալատի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս ընդունեց Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութեան գրեթէ 190 անդամները, եւ այս առիթով անոնց ուղղեց ճառ մը` որուն միջոցաւ լայնածաւալ խորհրդածութիւն մը ներկայացուց արդի Եւրոպայի մէջ քաղաքականութեան դերի մասին՝ իրար հիւսելով պատմական յիշողութիւնը, գաղափարական տեսլականը եւ գործնական մարտահրաւէրները։

Ողջունելով բոլոր ներկաները Լեւոն ԺԴ. նշեց թէ այս հանդիպումը շարունակութիւնն է իր նախորդներուն՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի, Պենետիկտոս ԺԶ.-ի եւ Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ սկսած երկխօսութեան։

Երկխօսութեան շարունակութիւն

«Հետեւաբար ուրախ եմ վերսկսելու այս երկխօսութեան ուղին Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութեան հետ, որ իր քաղաքական ներշնչումը կը քաղէ այնպիսի անհատականութիւններէ, ինչպիսիք են Ատենաուէրը, Տը Կասփերին եւ Շումանը, որոնք միաձայնութեամբ կը նկատուին ժամանակակից Եւրոպայի հիմնադիր հայրերը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը յիշեցնելով, թէ ինչպէս եւրոպական նախագիծը ծնունդ առաւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի փլատակներուն վրայ՝ ոչ միայն նոր բախումներ կանխելու, այլեւ հաւաքական իտէալ մը կերտելու համար։

Քրիստոնէական սկզբունքները ընդհանուր ու միաւորիչ գործօն

Այս առումով, ան մատնանշեց հիմնադիր հայրերու՝ ժառանգութեան, որոնք, տոգորուած էին իրենց անձնական հաւատքով եւ քրիստոնէական սկզբունքները կը նկատէին ընդհանուր ու միաւորիչ գործօն մը, որ «կրնար նպաստել մէկդի դնելու այն վրիժառու եւ հակամարտական ոգին, որ պատճառ դարձած էր Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. եւ ակնարկեց Ֆրանչիսկոս Պապի այն սկզբունքին թէ «միասնութիւնը գերակայ է հակամարտութեան» նշելով, որ այս մէկը հրաւէր է յաղթահարելու մակերեսային բաժանումները՝ ճանչնալու համար իւրաքանչիւր անհատի խորին արժանապատուութիւնը եւ կառուցելու համատեղ ուղիներ՝ խուսափելով հակադրութեան կործանարար հետեւանքներէն։

Քաղաքականութիւնը որպէս «սիրոյ բարձրագոյն ձեւ»

Նորին Սրբութիւնը առ այդ քաղաքականութիւնը բնորոշեց որպէս գործունէութիւն մը, որ կոչուած է առաջարկելու գաղափարական հորիզոն մը, ունակ ըլլալով հեռուն նայելու եւ ընդունելու նոյնիսկ դժուար որոշումներ՝ յանուն ընդհանուր բարիքին։ Որդեգրելով քրիստոնէական աւանդութեան հարազատ արտայայտութիւնը՝ ան զայն նկարագրեց որպէս «սիրոյ բարձրագոյն ձեւը», երբ ան վաւերականօրէն ուղղուած է հաւաքականութեան ծառայութեան։

Գաղափարախօսութիւններու վտանգը

Այդուհանդերձ, ան զգուշացուց գաղափարախօսութիւններու վտանգէն, որոնք կը խեղաթիւրեն իրականութիւնը եւ անհատը կը ստորադասեն վերացական սխեմաներու։

«Իտէալի մը հետամուտ ըլլալ, չի նշանակեր գաղափարախօսութիւն մը փառաբանել։ Արդարեւ, վերջինս միշտ ալ իրականութեան խեղաթիւրման եւ անոր հանդէպ գործադրուած բռնութեան արդիւնքն է» յարեց Քահանայապետը աւելցնելով, որ «որեւէ գաղափարախօսութիւն կը խեղաթիւրէ գաղափարները եւ մարդը կը ստրկացնէ իր սեփական ծրագիրին՝ նուաստացնելով անոր իսկական ձգտումները, ազատութեան տենչը, երջանկութիւնը, ինչպէս նաեւ անձնական ու ընկերային բարօրութիւնը»։

Իտէալի մը հետամուտ ըլլալ կը նշանակէ մարդ անհատը զետեղել կեդրոնը

Ասկէ մեկնելով Ան յիշեցուց, որ Եւրոպան ինքնին ծնունդ առած է որպէս հակազդեցութիւն այն մեծ գաղափարախօսական համակարգերու ձախողման, որոնք ողբերգականօրէն դրոշմեցին իր պատմութիւնը։

«Իտէալի մը հետամուտ ըլլալ կը նշանակէ, յիշեցնելով Տը Կասփերին, մարդ անհատը զետեղել կեդրոնը», ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. ակնարկելով կուսակցութեան անուանումին` «Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութիւն» որ կ՛ընդգծէ, նշեց Ան «ժողովուրդ» հասկացողութեան կեդրոնականութիւնը։

«Ժողովուրդ» հասկացողութեան կեդրոնականութիւնը

Արդարեւ Քահանայապետին համար ժողովուրդը քաղաքականութեան կրաւորական ենթական չէ, այլ գործօն ենթակայ մը, որ կոչուած է մասնակցելու հանրային կեանքի կերտման ե ասոր համար հարկաւոր է յաղթահարել թէ՛ ամբոխահաճութիւնը, որ կը փնտռէ դիւրին համաձայնութիւն, եւ թէ՛ «ընտրանիութիւնը» , որ կը գործէ առանց քաղաքացիներու իրական ներգրաւման։

Վերակառուցել յարաբերութիւններու ցանցը ընտրեալներու եւ ընտրողներուն միջեւ

Քաղաքական մասնակցութեան տագնապը դիմագրաւելու համար Սրբազան Պապը անհրաժեշտ կը նկատէ վերակառուցել յարաբերութիւններու ցանցը, վերահաստատել ուղիղ կապը ընտրեալներուն եւ ընտրողներուն միջեւ եւ վերագտնել նիւթական/իրական չափանիշը թուային դարաշրջանին մէջ։ Միայն այսպէս կարելի է հակազդել լոզունգներու վերածուած քաղաքականութեան եւ վերականգնել մարդոց վստահութիւնը։

Քրիստոնեայ ըլլալ քաղաքականութեան մէջ այսօր

Քահանայապետը ապա ուրուագծեց, թէ գործնականին մէջ ինչ կը նշանակէ ներշնչուիլ քրիստոնեայ-ժողովրդավարական արժէքներով։

«Քաղաքականութեան մէջ քրիստոնեայ ըլլալ չի նշանակեր ըլլալ դաւանաբանական, այլ թոյլ տալ, որ Աւետարանը լուսաւորէ առնուելիք որոշումները, նոյնիսկ անոնք, որոնք կարծես դիւրին համաձայնութիւն չեն գտներ։ Կը նշանակէ աշխատիլ, որպէսզի չտկարանայ կապը բնական օրէնքի եւ դրական օրէնքի միջեւ, քրիստոնէական արմատներու եւ քաղաքական գործունէութեան միջեւ», ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով) որ այս մօտեցումը կը պահանջէ իրապաշտութիւն եւ ուշադրութիւն յատկապէս հետեւեալ հարցերուն շուրջ. արժանապատիւ աշխատանք, ժողովրդագրական տագնապ, գաղթականութիւն, շրջակայ միջավայրի պահպանութիւն եւ արհեստական բանականութեան մարտահրաւէրները։

Ճշմարտութեան վրայ հիմնուած ազատութիւն

«Քաղաքականութեան ի սպաս լուծուած քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ ներդրում կատարել ազատութեան մէջ. ոչ թէ սովորական դարձած ու լոկ հաճոյքի վերածուած ազատութեան մը, այլ ճշմարտութեան վրայ հիմնուած ազատութիւն, որ կը պաշտպանէ կրօնական, մտքի եւ խղճի ազատութիւնը ամէնուր եւ մարդկային ամէն պայմանի մէջ՝ խուսափելով սնուցանելէ մարդկային իրաւունքներու «կարճ միացում» մը, որ ի վերջոյ տեղ կը բանայ ուժին եւ բռնութեան» ըսաւ ճառին աւարտին Լեւոն ԺԴ. զոր եզրափակեց իր լաւագոյն մաղթանքները փոխանցելով եւրոպական ժողովուրդներուն մատուցած անոնց ծառայութեան համար, ապա շնորհեց իր Առաքելական Օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2026, 11:27