Լեւոն Պապը հրաժեշտ առաւ Քամերունէն եւ ժամանեց Անկոլա
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Լեւոն Պապը փոխադրող օդանաւը Քամերունի Եաունտէ-Նսիմալէն միջազգային օդակայանէն թռիչք առաւ շաբաթ 18 ապրիլի ժամը 13,47-ի ժամանակները։ Անոր Լուանտա ժամանումըտեղի ունեցաւ երկու ու կէս ժամուան թռիչքէ մը ետք:
Քամերունէն հրաժեշտի արարողութիւնը կատարուեցաւ պատշաճ բոլոր պատիւներով. հնչեցին քայլերգերը՝ Պատուոյ պահակախումբի ներկայութեամբ, եւ տեղի ունեցաւ պատուիրակութիւններու փոխադարձ ողջոյնը:
Սրբազան Պապը Անկոլայի մէջ պիտի մնայ մինչեւ Երեքշաբթի՝ 21 Ապրիլ, որմէ ետք պիտի մեկնի առաքելական ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը հանդիսացող երկիր` Հասարակածային Կուինէա:
Անկոլայի Ճամբորդութեան նշանաբանն է. «Լեւոն ԺԴ. Պապ, յոյսի, հաշտութեան եւ խաղաղութեան ուխտաւոր, կ՛օրհնէ Անկոլան»: Իսկ խորհրդանիշին (logo) մէջ ակնարկութիւններ կան Հարաւային Ափրիկայի այս երկրի դրօշակին, ուր կը տեսնուի ատամնաւոր անիւը՝ իբրեւ աշխատանքի խորհրդանիշ, եւ թերթիկներ, որոնք կը յիշեցնեն «մուլեմպա»-ն՝ երկրի խորհրդանիշ ծառը:
Բազմաթիւ են Սրբազան Պապին սպասող հանդիպումները՝ սկսեալ այսօր կէսօրէն ետք, երբ ան քաղաքավարական այցելութիւն պիտի տայ Հանրապետութեան նախագահի ապա Նախագահական պալատին մէջ պիտի հանդիպի քաղաքական եւ կրօնական իշխանութիւններու, գործարարներու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ մշակոյթի ներկայացուցիչներուն հետ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
