Գիտութեան Փորձառութիւնը. Պատգամ «Սուրբ Սիրտ Կաթողիկէ Համալսարանի 102-րդ Օրուան» առթիւ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Կիրակի` 19 ապրիլ 2026ֆ-ին հրատարակուեցաւ Կարդինալ Փարոլին ստորագրութիւնը կրող 12 ապրիլ թուականը կրող Լեւոն ԺԴ. Պապին մէկ պատգամը ուղղուած «Գիտութեան փորձառութիւնը» թեմայով «Սուրբ Սիրտ Կաթողիկէ Համալսարանի 102-րդ Օրուան» առիթով։
Բնագիրը կը սկսի Սուրբ Պօղոսի մէկ մէջբերումով՝ շեշտելով, որ գիտութիւնը առանց սիրոյ (գթութեան) ունայն է։ Այս հիման վրայ կ’ուրուագծուին երեք գլխաւոր գաղափարներ.
Գիտութիւնը կը ծնի սէրէն. Գիտնալը լոկ մտաւոր վարժութիւն մը չէ, այլ կը բխի խորունկ փափաքէ մը։ Այս մօտեցումը կը կանխէ գիտութեան գաղափարախօսական կամ գործիքային շահագործումը՝ զայն ուղղելով դէպի կեանքի իսկական իմաստնութիւն։
Գիտութիւնը պէտք է ըլլայ բաց եւ յարաբերական. Ներշնչուելով Ֆրանչիսկոս Պապի սկզբունքներէն՝ կը շեշտուի երկխօսութեան, միջգիտակարգային կապերու, «հանդիպման մշակոյթի» եւ կարիքաւորներուն հանդէպ ուշադրութեան կարեւորութիւնը։ Միայն այս ձեւով գիտութիւնը կրնայ նպաստել ընդհանուր բարիքին եւ ոչ թէ պարզապէս շահոյթին կամ տիրապետութեան։
Նոր արհեստագիտութեանց եւ Արհեստական Բանականութեան (AI) մարտահրաւէրը. Արհեստական բանականութեան յառաջխաղացքը կը պահանջէ բարոյական պատասխանատուութիւն եւ քննական մտածողութիւն։ Բաւարար չէ միայն ալկորիթմներ մշակել. անհրաժեշտ է համապարփակ՝ մարդկային եւ թուային կրթութիւն, յատկապէս երիտասարդներուն համար։
«...Լեւոն ԺԴ. Պապը մեզի կը յիշեցնէ, թէ «որպէս կաթողիկէներ՝ կրնանք եւ պարտինք մեր նպաստը բերել, որպէսզի անհատները, յատկապէս երիտասարդները, ձեռք ձգեն քննադատական մտածողութեան կարողութիւնը եւ աճին հոգիի ազատութեան մէջ»։ Արդարեւ, «ինչպէս արդիւնաբերական յեղափոխութիւնը կը պահանջէր տարրական գրագիտութիւն՝ մարդոց թոյլ տալու համար, որ անոնք արձագանգեն նորութիւններուն, նոյնպէս ալ թուային (digital) յեղափոխութիւնը կը պահանջէ թուային գրագիտութիւն (մարդկային եւ մշակութային կրթութեան կողքին)» (Հաղորդագրութիւն Սոցիալական հաղորդակցութեան Կ. Համաշխարհային օրուան առթիւ), հասկնալու եւ կառավարելու համար Արհեստական Բանականութեան (ԱԲ) գործունէութիւնը», կը կարդանք պատգամին մէջ որուն մէջ կը վերահաստատէ Կաթողիկէ Համալսարանի դերը՝ հաւատքն ու բանականութիւնը միացնող գիտութեան ջատագովման գործին մէջ, շարունակելով հիմնադիրներուն՝ Ակոսթինօ Ժեմելլիի եւ Արմիտա Պարելլիի ուղին։
Պատգամին մէջ հուսկ կը գնահատուի կաթողիկէ Համալսարանի մը յանձնառութիւնը՝ նոր ռազմավարական ծրագրի մը մշակման գործին մէջ, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով «Ափրիկէի ծրագիր»-ին, զօրակցութեան խթանման եւ Եկեղեցւոյ սոցիալական վարդապետութեան խորացման:
Սրաբզան Պապը, հուսկ յիշեցնելով նաեւ իր նախորդին՝ Պիոս ԺԱ.-ի ուշադրութիւնը, իր գնահատանքը կը յայտնէ Համալսարանի գործունէութեան համար եւ կը տնօրինէ տնտեսական յատկացում մը, որ պիտի ուղղուի յատկապէս սակաւամիջոց, բայց արժանաւոր տիպար ուսանողներուն: Ան կը վերահաստատէ իր մօտիկութիւնը, շնորհակալութիւն կը յայտնէ աղօթքներուն համար եւ իր Առաքելական Օրհնութիւնը կը բաշխէ համալսարանական ամբողջ ակադեմական ընտանիքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
