Pope Leo XIV visits Equatorial Guinea

Լեւոն ԺԴ. Հասարակածային Կուինէայի մէջ երկրորդ օր` հաւատքի, յիշատակի եւ յոյսի հետքերով

Օրուան յայտագիրը կը նախատեսէ այց Մնկոմօ եւ Պաթա քաղաքներուն ուր Սրբազան Պապը կը մատուցէ Սուրբ Պատարագը եւ կ՛ այցելէ «Ֆրանչիսկոս Պապ» արհեստագիտական վարժարան: Ան ապա կը փոխադուրի Պաթա ուր կ՛այցելէ Պաթայի բանտը ապա Յարգանքի տուրք եւ աղօթք կը մատուցէ ՝ 7 Մարտ 2021-ի պայթումի զոհերու յուշարձանին առջեւ: Երեկոյեան Ան Պաթայի մարզադաշտին մէջ կը Հանդիպի երիտասարդներու եւ ընտանիքներուն հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 22 ապրիլի, Լեւոն ԺԴ. Պապին Հասարակածային Կուինէա կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուան յայտագիրը միահիւսեց կրօնական արարողութիւններ, պաշտօնական հանդիպումներ եւ խորունկ մարդկայնութեամբ լեցուն պահեր՝ Մալապոյի, Մոնկոմոյի եւ Պաթայի միջեւ։

Օրը սկսաւ առաւօտեան կանուխ՝ Մալապոյի միջազգային օդակայան փոխադրութեամբ եւ դէպի Մոնկոմօ թռիչքով։ Մօտ մէկ ժամ տեւած թռիչքէն ետք, Քահանայապետը ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ տեղական իշխանութիւններուն կողմէ այս ներքին քաղաքին մէջ, որ կը հանդիսանայ երկրի վերջին տասնամեակներու տնտեսական վերափոխման խորհրդանիշը։

Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Անարատ Յղութեան Մայր Տաճարին մէջ, որ Կեդրոնական Ափրիկէի մեծագոյն կրօնական կառոյցներէն մէկն է։ Հոն, շուրջ 100,000 հաւատացեալներու ներկայութեամբ, Լեւոն ԺԴ. նախագահեց Զատկուան Գ. շաբթուան չորեքշաբթի օրուան Սուրբ Պատարագը։

Մոնկոմոյի Անարատ Յղութեան Պազիլիքան

Մոնկոմոյի Անարատ Յղութեան Պազիլիքան Կեդրոնական Ափրիկէի ամենամեծ կրօնական կառոյցն է եւ ցամաքամասի ամենամեծ պազիլիքաներէն մէկը, որուն ներշնչման աղբիւրը հանդիսացած է Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքան։ Հաւատքի եւ ազգային հպարտութեան խորհրդանիշ այս տաճարը նուիրուած է Անարատ Յղութեան՝ երկրի պաշտպան սուրբին։

Պազիլիքային օծումը կատարուեցաւ 2011-ին իսկ 2017-ին ստացաւ աւելի մեծ կարեւորութիւն, երբ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց Թեմի ստեղծումը։ Անոր իւրայատուկ տարրերուն շարքին են սիւնաշարքի երկայնքով գտնուող Վարդարանի Խորհուրդներու զարդարանքները եւ Մաքարենայի Յոյսի Տիրամօր թանկագին արձանը։ Շէնքը ունի լատինական խաչի յատակագիծ եւ 39 մեթր բարձրութեամբ հսկայ գմբէթ մը, որ կը հանդիսանայ ճարտարապետական առանցքը։

Սուրբ Պատարագը

Արարողութեան վայր ժամանելուն Սրբազան Պապը Քահանայապետական բացօթեայ ինքնաշարժով շրջանը կատարեց տարածքին ողջունելով համախմբուած բազմահազար հաւատացեալները։

Սուրբ Զոհի ընթացքին ընթերցումներն ու երգեցողութիւնը կատարուեցան տեղական տարբեր լեզուներով եւ սպաներէնով հանդիսանալով երկրի մշակութային բազմազանութեան մէջ միասնութեան հզօր նշան մը։

Այս առիթով Սրբազան Հայրը օրհնեց Չուտատ տէ լա Փասի (Ciudad de la Paz) ապագայ տաճարին հիմնաքարը՝ խորհրդանշական արարք մը, որ կը նայի տեղական Եկեղեցւոյ ապագային։ Այցելութիւնը շարունակուեցաւ դէպի նորաբաց «Ֆրանչիսկոս Պապ» արհեստագիտական վարժարան, ուր Լեւոն ԺԴ. օրհնեց շէնքը եւ հանդիպեցաւ ուսանողներուն ու պատասխանատուներուն հետ։

Մեկնում Պաթա

Ան ապա փոխադրուեցաւ Առաջնորդարան ու կէսօրուայ ճաշէն մը ետքը ուղղուեցաւ Մոնկոմոյի օդակայան ուրտեղէն մեկնեցաւ դէպի Պաթա քաղաք։

Քաղաքը հիմնադրուած է 17-րդ դարուն փորթուկալցիներու կողմէ, ապա անցած է ֆրանսական տիրապետութեան տակ, իսկ աւելի ուշ՝ Փարիզի դաշնագիրով՝ սպանական հսկողութեան, դառնալով Սպանական Կուինէայի մայրաքաղաքը։

1917-էն ետք, Քամերունի մէջ գերմանացիներու պարտութեամբ, բազմաթիւ գերմանացիներ հաստատուեցան քաղաքին մէջ՝ նպաստելով տնտեսական զարգացման եւ եւրոպացիներու ներգաղթին։ Այս վերելքը ընդհատուեցաւ 1969-ին, երբ հակասպանական ապստամբութիւն մը պատճառ դարձաւ եւրոպացի բնակչութեան արտագաղթին, որուն յաջորդեց աւելի քան 15 տարուան տնտեսական անշարժութիւն՝ մինչեւ քարիւղի արդիւնաբերութեան բարգաւաճման հետ կապուած վերաշխուժացումը։

Այց Պաթայի բանտին 

Հազիւ Պաթա ժամանած Սրբազան Պապը կ՛ուղղուի Քաղաքի բանտը` ուղեւորութեան ժամանակ կանգ առնելով Սուրբ Յակոբոսի եւ Սուրբ Կոյս Մարիամ Փիլարի տաճարին մօտ ուր կարճ աղօթքէ մը ետք, կը շարունակէ իր ճանապարհորդութիւնը դէպի  Պաթայի բանտը։

Սուրբ Յակոբոսի եւ Սուրբ Կոյս Մարիամ Փիլարի տաճարը Պաթայի Թեմին Աթոռանիստ Եկեղեցին է որուն կառուցումը աւարտած է 8 դեկտեմբեր 1954-ին։ Ան ընդգրկուած է ազգային ժառանգութեան յուշարձաններու ցանկին մէջ։

Իսկ գալով բանտին ան ծանօթ է` որպէս խիստ կալանավայր, որ յաճախ կը յիշատակուի վիճայարոյց դատական գործերու եւ բանտարկութեան ծանր պայմաններու առնչութեամբ։

Բանտ ժամանելուն Քահանայապետը կը դիմաւորուի Արդարութեան Նախարարի, Բանտի տնօրէնի, Մատրանապետի ու այլ անձնաւորութիւններու կողմէ հուսկ Բանտի ներքին բակին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ բանտարկեալներուն, բանտի անձնակազմին ու հովուական ծառայութեամբ զբաղող անձանց հետ` վկայութիւններով, երգերով եւ աղօթքով յատկանշուած պահով մը` որուն ընթացքին Լեւոն ԺԴ.  ներկաներուն կը փոխանցէ իր պատգամը։

 7 մարտ 2021-ի պայթումի զոհերուն նուիրուած յուշարձան

Բանտին տուած այցելութենէն ետքը Սրբազան Պապը կ՛այցելէ 7 մարտ 2021-ի պայթումի զոհերուն նուիրուած յուշարձանը, որ խոր հետք ձգած է քաղաքի յիշողութեան մէջ։

Արդարեւ 7 Մարտ 2021-ի յետմիջօրէին, պայթիւններու չորս յաջորդական շարք մը տեղի ունեցաւ Պաթայի Նքոանթոմա թաղամասի զինուորական զօրանոցին մէջ։ Առնուազն 107 հոգի մահացան եւ աւելի քան 600 հոգի վիրաւորուեցան եւ ամբողջ քաղաքին մէջ ենթակառուցուածքային ահաւոր վնասներ արձանագրուեցան։

Նախագահը այս աղէտը վերագրեց ռազմակայանին մէջ անփոյթ կերպով պահեստաւորուած պայթուցիկներու բռնկման, որոնք որոտացած էին շրջակայքի հողագործներու կողմէ դաշտերը այրելու հետեւանքով։ Այնուամենայնիւ, մարդկային իրաւանց խմբաւորումներ եւ «Associated Press»-ը կասկած յայտնեցին այս վարկածին շուրջ, քանի որ մօտակայքը երկրագործական որեւէ գործունէութեան ապացոյց չկար։

Նորին Սրբութիւնը այնտեղ ծաղկեպսակ մը կը զետեղէ եւ աղօթք կը բարձրացնէ ննջեցեալներուն համար՝ խոկումի եւ հաւաքական յիշատակի մթնոլորտի մէջ։

Հանդիպումը երիտասարդներուն եւ ընտանիքներուն հետ

Սրբազան Քահանայապետին Պաթա քաղաքին մէջ անցուցած օրը կ՛եզրափակուի Քաղաքի մարզադաշտին մէջ, երիտասարդներուն եւ ընտանիքներուն հետ ունեցած հանդիպումով մը։

Աւանդական պարերու, վկայութիւններու եւ երգերու ընկերակցութեամբ, Լեւոն ԺԴ. կը զրուցէ նոր սերունդին հետ՝ քաջալերելով զանոնք կերտելու ապագայ մը, որ հիմնուած ըլլայ հաստատուն արժէքներու, պատասխանատուութեան եւ հաւատքի վրայ։

Սոյն հանդիպումի աւարտին` երեկոյեան, Սրբազան Պապը վերադարձ կը կատարէ Մալապօ վերջ տալով Հասարակածային Կուինէա կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուան յայտագիրին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2026, 09:00