Սրբազան Պապին խօսքը՝ Կաթողիկէ Կրօնի ուսուցիչներու ազգային հաւաքի մասնակիցներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 25 Ապրիլին Վատիկանի Պօղոս Զ. դահլիճին մէջ, Սրբազան Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ բոլոր կողմերէն Հռոմ ժամանած Կրօնի Ուսուցիչներու (IRC) Գ. Ազգային Համագումարի մասնակիցներուն։
Այս առիթով անոնց ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց «թանկագին ծառայութեան» համար՝ այնպիսի դպրոցական համակարգի մը մէջ, որ այսօր աւելի քան երբեք կոչուած է դիմագրաւելու գոյութենական մեծ հարցումները։
Կրօնը ոչ թէ լրացուցիչ տարր է, այլ «հիմնարար բաղադրիչ»
Քահանայապետը յորդորեց ուսուցիչներուն չյուսահատելու այն դժուարութիւններուն առջեւ, որոնք կ'ընկերակցին իրենց աշխատանքին, որ յաճախ «լռակեաց է եւ աննկատ» է, բայց կենսական է պատանիներու աճումին համար։ Ան ապա մէջբերեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի (CEI) 2025 Դեկտեմբերի վերջին հովուական գրութիւնը՝ վերահաստատելով, որ կրօնական չափանիշը մարդկային փորձառութեան հիմնարար բաղադրիչն է։
Դաստիարակը որպէս առաջնորդ՝ դէպի ներքին «սուզում»
Ան ակնարկեց նաեւ Սուրբ Օգոստինոսի «Խոստովանութիւններուն»՝ յիշեցնելով, թէ ինչպէս մարդկային սրտի տագնապն ու անհանգստութիւնը այն զսպանակն է, որ կը մղէ դէպի անհունին փնտռտուքը։
Այս որոնումը կրնայ վերածուիլ ուժի՝ «խաղաղութիւնը խրատելու եւ հասարակութիւնը նորոգելու» համար, նշեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը հաստատելով որ «Կաթողիկէ կրօնի դասաւանդումը մեծ մշակութային արժէք ներկայացնող առարկայ մըն է, որ օգտակար է հասկնալու համար պատմական եւ ընկերային զարգացումները (dynamic), ինչպէս նաեւ մտքի, հանճարի եւ արուեստի այն արտայայտութիւնները, որոնք ձեւաւորած են եւ կը շարունակեն կերտել Իտալիոյ, Եւրոպայի եւ աշխարհի բազմաթիւ այլ երկիրներու դիմագիծը։»
Ճշմարտութիւնը կ’անցնի անձերու միջոցաւ
Սրբազան Պապը ապա գործածելով պատկերաւոր փոխաբերութիւն մը՝ ուսուցիչներուն ծառայութիւնը նմանցուց «ցատկահարթակի» մը, ուրկէ երիտասարդները կրնան սորվիլ սուզուիլ ներքին երկխօսութեան արկածախնդրութեան մէջ։
«Սիրելինե՛ր, ճշմարտութիւնը կ’անցնի անձերու միջոցաւ, եւ ձեր աշակերտներուն համար այդ անձերը դո՛ւք էք նաեւ. կոչուած՝ ըլլալու վստահելի վարդապետներ, որովհետեւ սիրահարուած էք Աստուծոյ եւ իրենց (աշակերտներուն)։ Կոչուած էք փոխանցելու արժէքներ՝ առանց ինքնակեդրոնութեան կամ բարոյախօսութեան, ընծայելու քաջալերող նայուածքներ եւ ըլլալու վկաները այն խոնարհ ու մտերիմ հետեւողականութեան, որ սիրելի ու փափաքելի կը դարձնէ նոյնիսկ ամենադժուար բովանդակութիւնները» ըսաւ Սրբազան Պապը
Դաստիարակչական դաշինք մը՝ յանուն ապագային
«Այսօր դպրոցը՝ Իտալիոյ մէջ, եւ ոչ միայն, իր առջեւ ունի ողբերգական եւ միաժամանակ ոգեշնչող մարտահրաւէրներ։ Այս պատճառով Եկեղեցին, որ ձեզի հետ կը քալէ, ձեզ կ՛ուղարկէ հոն որպէս «կրթական աշխարհի սպասաւորներ, յոյսի բեմադրիչներ, իմաստութեան անխոնջ հետազօտողներ, գեղեցկութեան արտայայտութիւններու վստահելի կերտիչներ» (Առաքելական նամակ՝ Յոյսի նոր քարտէսներ գծել, 11.3)» ըսաւ ճառին աւարտին Սրբազան Պապը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին ու քաջալերելով որ յառաջ ընթանանք իրենց աշխատանքին մէջ ապա զանոնք յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
