Որոնել

Քահանայապետին հանդիպումը Քամերունի իսլամական որոշ համայնքներու 12 ներկայացուցիչներէ կազմուած խումբի մը հետ Քահանայապետին հանդիպումը Քամերունի իսլամական որոշ համայնքներու 12 ներկայացուցիչներէ կազմուած խումբի մը հետ  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. հանդիպեցաւ իսլամ ներկայացուցիչներու խումբի մը հետ. խաղաղութեան պատգամը

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը իր Թելեկրամի ալիքով տեղեկացուց Ապրիլ 16-ին երեկոյեան, Նուիրակութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպման մասին՝ Լեւոն ԺԴ Պապի եւ իսլամական տեղական խմբաւորումներու տասներկու ներկայացուցիչներու միջեւ։ Այս խումբերուն հետ Եկեղեցին կը գործակցի ընկերային արդարութեան եւ համագործակցութեան ծրագիրներու շուրջ։ Նախորդ օրը, Քահանայապետը հանդիպած էր երկրի եպիսկոպոսներուն հետ՝ շեշտելով հովիւներու հոգեւոր կեանքին եւ միութեան արժէքը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

«Այս երեկոյ, Ապրիլ 16-ին, ժամը 19:30-ին, Պապական Նուիրակութիւն վերադառնալէ ետք, Լեւոն ԺԴ Պապը հանդիպում ունեցաւ Քամերունի իսլամական համայնքներու 12 ներկայացուցիչներու հետ, որոնցմէ ոմանք նախորդ Դեկտեմբերին ընդունուած էին Հռոմի մէջ։ Անոնց եւ իրենց համայնքներուն հետ Եկեղեցին կ՛ իրականացնէ համագործակցութեան եւ ընկերային արդարութեան ծրագիրներ՝ ի նպաստ երկրի ամենաաղքատ խաւերուն»։ Այս մասին հաղորդեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը իր Թելեկրամ ալիքին միջոցաւ։

Երկխօսութիւն իսլամ համայնքներուն հետ

Պապը անձամբ ողջունեց իւրաքանչիւր մասնակից՝ մտիկ ընելով անոնց, որոնք երախտագիտութիւն յայտնեցին անոր համատեղ աշխատանքին եւ Պամենտայի մէջ երկխօսութեան ու խաղաղութեան մասին իր վերջին ելոյթներուն համար։ Իր խօսքին մէջ Քահանայապետը ուրախութիւն յայտնեց երկրի բոլոր կրօնական կողմերուն՝ քրիստոնեաներու, իսլամներու եւ աւանդական կրօններու հետեւորդներու կողմէ արժանացած ընդունելութեան համար՝ շեշտելով այս համակեցութեան արժէքը։

Ան չանտեսեց նաեւ դժուարութիւնները. կրօններու միջեւ բաժանումներն ու թիւրիմացութիւնները, որոնք ըստ Սրբազան Պապին, աւելի հրատապ կը դարձնեն իսկական խաղաղութիւն կառուցելու ընդհանուր պատասխանատուութիւնը։

Ան նշեց նաեւ իր խօսքը կը հայի այն խաղաղութեան մասին, որ կը ծնի տիեզերական եղբայրութեան եւ իւրաքանչիւր անձի արժանապատուութեան ճանաչումէն։

Քամերունը, աւելցուց Նորին Սրբութիւնը, մեծ ներուժ ունի այս իտէալը իրականացնելու համար։

Հանդիպում եպիսկոպոսներուն հետ. միութիւն եւ պատասխանատուութիւն

Նախորդ օրը` 15 ապրիլի երեկոյեան Սրբազան Պապը հանդիպած էր Քամերունի եպիսկոպոսներուն հետ՝ քննարկելով Եկեղեցւոյ եւ երկրի կեանքին համար հիմնական հարցեր։

Անոր անոնց ուղղած խօսքին առանցքը եղած էր եկեղեցական հաղորդութեան արժէքը՝ որպէս վկայութիւն, հակամարտութիւններով եւ բեւեռացումներով բնորոշուող աշխարհի մը մէջ։

Ան յիշեցուց հովիւներու հոգեւոր կեանքի եւ երիտասարդ քահանաներու պատրաստութեան կարեւորութիւնը՝ շեշտելով, որ Եկեղեցւոյ մէջ իսկական հեղինակութիւնը ծառայութիւնն է՝ ըստ ոտնլուայի աւետարանական օրինակին։

Պատասխանելով եպիսկոպոսներու հարցումներուն՝ Քահանայապետը անդրադարձաւ զանազան խնդիրներու.

  • Եկեղեցւոյ միութիւնը. Ան էական է խաղաղութիւնը խրատելու համար, յատկապէս լարուածութիւններէ տուժած շրջաններուն մէջ։

  • Աւետարանումը. Պէտք է ըլլայ շարունակական գործընթաց, որ երբեք չ՚աւարտիր եւ կը վերաբերի բոլոր դարաշրջաններուն ու տարածքներուն։

  • Երկխօսութիւն իսլամներուն հետ. Յատկապէս զգայուն հարց երկրի հիւսիսային հատուածին մէջ որ կը պահանջէ ներքին տարբերութիւններու ըմբռնում եւ համայնքներու պատրաստութիւն։

  • Մշակութայնացում (Inculturation). Արժեւորել տեղական մշակոյթները՝ առանց աղաւաղելու վարդապետութիւնը կամ Աւետարանը։

  • Բազմակնութիւն (Polygamy). Անդրադարձ կատարուեցաւ հովուական մօտեցումով, որ կ՚ընկերակցի անհատներուն՝ առանց փոխելու ամուսնութեան մասին Եկեղեցւոյ Վարդապետութիւնը։

  • Երիտասարդներ եւ արտագաղթ. Համաշխարհային մարտահրաւէր մը, որ կը սրի մարդկային առեւտուրի եւ նոր արհեստագիտութեանց ազդեցութեան պատճառով։

Այս վերջին կէտին շուրջ Պապը յիշեցուց Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան բաժանմունքին (Dicastery) դերը՝ միջազգային մակարդակով լուծումներ համակարգելու գործին մէջ, եզրափակելով զօրաւոր կոչով մը. «Ասիկա արդարութեան հարց է»։

Լեւոն ԺԴ. հանդիպեցաւ իսլամ ներկայացուցիչներու խումբի մը հետ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2026, 07:58