Որոնել

VATICAN-DIPLOMACY-AFRICA-ANGOLA

Լեւոն ԺԴ. «Ափրիկէ կը գտնուիմ քաջալերելու համար կաթողիկէները եւ ոչ թէ Թրամփի հետ վիճաբանելու»

Դէպի Լուանտա (Անկոլա) թռիչքի ընթացքին՝ իր առաքելական ճամբորդութեան երրորդ հանգրուանին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ողջունեց իրեն ընկերակցող լրագրողները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Քամերունին՝ իր բացառիկ հիւրընկալութեան համար։ Ան նաեւ յստակեցուց, որ իր ճառերը պատրաստուած էին շաբաթներ առաջ, հետեւաբար պէտք չէ մեկնաբանուին որպէս փորձ՝ վերստին վիճաբանելու ԱՄՆ-ի նախագահին հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եաունտէէն Լուանտա թռիչքի ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը ծաւալուն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն՝ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց աշխատանքին համար եւ պարզաբանումներ ներկայացնելով իր խօսքերուն տրուած որոշ մեկնաբանութիւններուն համար։

Քամերունը Ափիկէի սիրտ

Իր խօսքի սկիզբը Սրբազան Պապը շեշտեց քամերունեան հանգրուանի կարեւորութիւնը՝ զայն որակելով որպէս «Ափրիկէի սիրտը»։ Երկիր մը, որ իր մէջ կը բովանդակէ մշակութային եւ լեզուական արտակարգ հարստութիւն՝ անգլիախօս եւ ֆրանսախօս համայնքներով ու հարիւրաւոր տեղական լեզուներով, բայց նաեւ ափրիկեան իրականութեան բնորոշ հակասութիւններով, ինչպէս է հարստութեան անհաւասար բաշխումը։

Ես Ափրիկէ կու գամ իրպէս Հովիւ

«Ես Ափրիկէ կու գամ նախեւառաջ որպէս հովիւ, որպէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գլուխ, տօնախմբելու, քաջալերելու եւ ընկերակցելու բոլոր ափրիկէի կաթողիկէներուն» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ գոհունակութեամբ յիշեց այցելութեան որոշ կարեւոր պահեր, ինչպէս կաթողիկէ համալսարանի հանդիպումը եւ Սուրբ Օգոստինոսին նուիրուած յուշարձանի օրհնութիւնը։

Ան խօսեցաւ նաեւ այլ հարցերու կարեւորութեան մասին, յատկապէս՝ միջկրօնական երկխօսութեան ուղիով յիշելով Քամերունի մէջ իր հանդիպումը խումբ մը իմամներու հետ ու շեշտելով եղբայրութեան եւ խաղաղութեան կերտման անհրաժեշտութիւնը բոլոր հաւատքներու տէր մարդոց հետ։

Իրողութիւններու աղաւաղուած ընկալում 

«Ստեղծուած է որոշ պատմուածք մը, որ ամբողջովին ճշգրիտ չէ, պայմանաւորուած քաղաքական իրավիճակով, երբ ճամբորդութեան առաջին օրը ԱՄՆ նախագահը որոշ յայտարարութիւններ ըրաւ իմ մասին», բացատրեց ապա Լեւոն Պապը՝ ակնարկելով Թրամփի մեղադրանքներուն։ Մինչ ԱՄՆ նախագահը եւ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը յաջորդ օրերուն շարունակեցին իրենց քննադատութիւնները, Սրբազան Պապին համար հարցը փակուած էր ճիշտ առաջին օրէն։ Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը բացատրեց, որ բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ վերածուած են «մեկնաբանութիւններու մեկնաբանութեան»՝ ստեղծելով իրողութիւններու աղաւաղուած ընկալում մը։

Որպէս օրինակ՝ ան յիշեց խաղաղութեան աղօթքի հանդիպման ժամանակ արտասանած իր ճառը, որ պատրաստուած էր շաբաթներ առաջ, բայց ոմանց կողմէ ան մեկնաբանուեցաւ որպէս ուղիղ պատասխան նախագահի յայտարարութիւններուն։

Նպատակը բանավէճը չէ այլ աւետարանութիւնը

Սրբազան Քահանայապետը պարզաբանեց, որ իր նպատակը բնաւ բանավէճի մէջ մտնելը չէր, այլ վերահաստատել հովուական ընթացքը։ Ան առ այդ ընդգծեց որ ճիշտ աւետարանական պատգամն է որ կը մնայ հիմնական ուղեցոյցը. հրաւէր՝ ապրելու եղբայրութեամբ, վստահելու Աստուծոյ եւ գործնականապէս լուծուելու աշխարհի մէջ արդարութեան եւ խաղաղութեան հաստատման։

Քամերունը հիանալի երկիր

Քամերունցի լրագրողի մը խնդրանքով, Սրբազան Քահանայապետը քանի մը խօսք նուիրեց հիւրընկալ երկրին՝ իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Քամերունի ժողովուրդին՝ ջերմ ընդունելութեան համար. «Բացարձակապէս հիանալի էր» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ այս խանդավառութեան միջոցաւ շատեր բացայայտեցին, թէ որքան սքանչելի է Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդ ըլլալը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2026, 15:54