Լեւոն ԺԴ. Քամերունի մէջ հանդիպում ունեցաւ կրօնական միաբանութիւններու մեծաւորներուն հետ

Եաունտէի Պապական նուիրակութեան մէջ տեղի ունեցած սրտակից երկխօսութեան ընթացքին, Քահանայապետը լսեց կրօնաւորներուն մտահոգութիւնները եւ վերահաստատեց, թէ «նուիրեալ կեանքը Եկեղեցւոյ էական մէկ մասնիկն է»:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Քամերուն կատարած առաքելական ճամբորդութեան երրորդ օրուան աւարտին, Լեւոն ԺԴ Պապը Եաունտէի Պապական նուիրակութեան մէջ ընդունեց խումբ մը կրօնաւորներ՝ իբրեւ ներկայացուցիչներ Մեծաւորաց բարձրագոյն ազգային համաժողովին եւ Քամերունի մէջ գործող աւելի քան 250 կրօնական հաստատութիւններուն ու միաբանութիւններուն։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը «Թելեկրամ»ի միջոցաւ տեղեկացուց, թէ հանդիպումը առիթ մը եղաւ լսելու այն դժուարին առաքելութեան մասին, որ կրօնաւորները կ’իրականացնեն ի նպաստ երիտասարդներուն, տեղահանուածներուն, բռնութեան զոհերուն եւ մարդկային առեւտուրի (թրաֆիքինկ) ենթարկուած անձերուն։ Միաբանութեանց ներկայացուցիչները շեշտեցին եպիսկոպոսներուն եւ թեմական քահանաներուն հետ աւելի սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը երախտագիտութիւն յայտնեց կրօնաւորներուն՝ հաստատելով. «Նուիրեալ կեանքը Եկեղեցւոյ կեանքին անբաժանելի մասն է»։ Անդրադառնալով կրօնաւորներու եւ եպիսկոպոսներու յարաբերութեան՝ Քահանայապետը յիշեցուց Սիւնհոդոսի եզրակացութիւնները՝ նշելով Mutuae Relationes փաստաթուղթի արդիականացման անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի իւրաքանչիւր թեմի մէջ յարգուին ու արժեւորուին տարբեր միաբանութիւններու յատուկ շնորհները (charisms)։

Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ կազմաւորման գործընթացին։ Պապը շեշտեց, որ թեկնածուները պէտք է պատրաստուին զոհողութեան, ինքնանուիրումի եւ համայնքային սպասարկութեան կեանքի մը։ Ան յորդորեց կրօնաւորները իրենց յատուկ շնորհները ի սպաս դնել Եկեղեցւոյ՝ դիմագրաւելու համար այնպիսի մարտահրաւէրներ, ինչպիսիք են տարբեր կրօններու միջեւ համակեցութիւնը եւ երիտասարդական հովուական խնամքը։

Պատասխանել արդի մարտահրաւէրներուն

«Պապը եկաւ ու պիտի մեկնի, բայց ձեզի կը մնան իր արտասանած խօսքերը», ըսաւ Սրբազան Հայրը՝ խրախուսելով կրօնաւորները տէր կանգնելու այդ պատգամներուն եւ զանոնք վերածելու գործնական քայլերու։ Լեւոն ԺԴ եզրափակեց՝ ըսելով, թէ նուիրեալ կեանքը կը պահանջէ քաջութիւն եւ երբեմն՝ արմատական որոշումներ.

«Պէտք է ըլլաք աշակերտներ, որոնք կը հասնին ամենաբարդ խնդիրներուն, աշխարհի ամենահեռաւոր սահմաններուն, փոքրիկներուն, բանտարկեալներուն եւ անոնց, որոնք Աստուծոյ սիրոյն ու յոյսին ամենաշատ կարիքը ունին»։

Հանդիպման աւարտին Քահանայապետը ներկաներուն հետ միասին աղօթեց «Հայր Մեր» Տէրունական աղօթքը, ապա տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը եւ անձնապէս ողջունեց իւրաքանչիւր կրօնաւոր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2026, 10:03