Որոնել

Viaggio Apostolico in Türkiye e Libano

Լևոն ԺԴ-ը Ափրիկեան ցամաքամասին մէջ՝ ուխտաւոր «տարբեր ժողովուրդներու և աշխարհներու» միջև

Սուրբ Աթոռի Մամուլի գրասենեակի տնօրէնը լրագրողներին ներկայացուց Քահանայապետական յաջորդ երկարատև առաքելական ուղևորութիւնը, զոր Լեւոն ԺԴ. կը պատրաստուի կատարել 13-էն 23 Ապրիլ այցելելով Ալճերիան Քամերունը, Անկոլան և Հասարակածային Կուինէան։ Ճամբորդութիւն որ նկարագրուած է որպէս պատմութիւններու, մշակոյթներու և աւանդոյթներու հարստութեամբ ու բազմազանութեամբ։ Քահանայապետը խօսքեր պիտի արտասանէ չորս լեզուներով
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Տասնմէկ քաղաքներ, 19 թռիչք, 25 ելոյթներ, տասնմէկ օրուայ ճամբորդութիւն, որ պիտի ընդգրկէ Ափրիկեան չորս երկիրներ` Ալճերիա, Քամերուն, Անկոլա և Հասարակածային Կուինէա։ Ասոնք Լևոն ԺԴ-ի յառաջիկայ ապրիլ 13-էն մինչև 23, Ափրիկեան ցամաքամաս կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան մի քանի տուեալներ են զոր ներկայացուց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի, ակնարկելով յատկապէս ափրիկեան ցամաքամասի մշակութային հարստութեան ու բազմազանութեան, բայց նաև անոր դիմաց կայացող մարտահրաւէրներուն՝ ինչպիսիք ենք հակամարտութիւնները, գաղթը, ծայրայեղականութիւնն ու զարգացումը։

Բարդ եւ երկար ճամբորդութիւն մը, որուն ընթացքին Քահանայապետը պիտի անդրադառնայ հիմնական թեմաներու շուրջ՝ ինչպիսիք են խաղաղութիւնը, շրջակայ միջավայրը, երիտասարդութիւնը, ընտանիքը և գաղութատիրութիւնը, խօսելով չորս լեզուներով։

Ալճերիան

Առաջին Հանգրուանը պիտի ըլլայ ՝ Ալճերիան, զոր Լեւոն ԺԴ. որպէս Օգոստինեան Միաբանութեան Աբբա այցելած էր արդեն այլ անգամներ, բայց այս առաջին անգամը պիտի ըլլայ` որ Քահանայապետ մը կ՛այցելէ այս Երկիրը, ուր քրիստոնէութիւնը ունի հին արմատներ, թէեւ տարիներու ընթացքին թիւերը մեծապէս նուազած են եւ այսօրուայ դրութեամբ անոնք կը հաշուեն բնակչութեան մէկ առ հարիւրը։ Նորին Սրբութիւնը այս հանգրուանը կը կատարէ նաեւ որպէս ուխտագնացութիւն Օգոստինեան Միաբանութեան Հիմնադիր Սուրբ Օգոստինոսի Երկիր, մեծարելու համար Միաբանութեան եւ նոյնինքն Լեւոն ԺԴ. հոգեւոր հայրը ու միեւնոյն ժամանակ թիկունք կանգնելու տեղական կաթողիկէ հասարակութեան, խրախուսելով զայն դառնալու խաղաղութեան եւ երկխօսութեան կամուրջ մը, ընդմէջ քրիստոնեայ եւ իսլամ աշխարհին։ Այցելութեան ծիրէն ներս Սրբազան Պապը պիտի մեծարէ նաեւ Ալճերիայի նահատակները եւ իր ելոյթներուն մէջ պիտի կեդրոնանայ միջկրօնական երկխօսութեան և Սուրբ Օգոստինոսի ժառանգութեան վրայ։

Քամերունը

Ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ Քամերունը` որ ականատես եղած է այլ քահանայապետերու այցելութեան, ինչպէս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. որ Երկիրը այցելած է երկու անգամ 1985ին եւ 1995-ին եւ Պենետիկտոս ԺԶ` որ առաքելական ճամբորդութեամբ այնտեղ մեկնած է 2009-ին։ Նորին Սրբութիւնը այնտեղ պիտի շեշտէ համակեցութեան և խաղաղութեան կարեւորութիւնը ի միտ ունենալով գործել որպէս միութեան եւ հաշտութեան ուխտաւոր, բաժանումներով յատկանշուած Երկրի մը մէջ, ապա պիտի աջակցի տեղական Եկեղեցիին, որ վերջին տարիներուն մեծ աճ արձանագրած է, վերագտնելու իր ինքնութիւնը։ Քահանայապետին այցը կ՛ուզէ նաեւ ձայն տալ յաճախ մոռցուած ժողովուրդներու։

Անկոլա

Անկոլայի ճամբորդութիւնը պիտի ըլլայ յոյսի եւ արդարութեան ուխտագնացութիւն մը, ուր Նորին Սրբութիւնը, որ կը հանդիսանայ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. էն ետքը Երկրորդ քահանայապետը որ կ՛այցելէ երկիրը, պիտի ակնարկէ յոյսի և երիտասարդութեան դերի մասին, տրուած ըլլալով որ այս Երկրին մէջ պատանիները կը կազմեն բնակչութեան մեծամասնութիւնը։

Հասարակածային Կուինէան

Անկոլայէն յետոյ, զոր այցելած էր նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը՝ 1992 թուականին Լևոն ԺԴ ճամբորդութիւնը պիտի աւարտէ Հասարակածային Կուինէայի մէջ, որ այս տարի կը նշէ երկրի աւետարանութեան 170-ամեակը։

Այստեղ եւս Լեւոն ԺԴ. կը հանդիսանայ երկրորդ Քահանայապետը որ պիտի այցելէ Երկիրը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի 1982 կատարած առաքելական ճամբորդութենէն ետքը։ Լեւոն ԺԴ. այստեղ պիտի կեդրոնանայ բնական հարստութիւններու և մշակոյթի նիւթերուն վրայ։

Ճամբորդութեան ընթացքին պիտի չպակսի նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին յիշատակը` անոր մահուան առաջին տարելիցին առիթով` 21 ապրիլին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2026, 09:31