Կարդինալ Ամպոնկօ. «Պապին այցելութիւնը պիտի ամրապնդէ Ափրիկէի մէջ մարդկային արժանապատուութիւնն ու ազատութիւնը»

Կարդինալ Ամպոնկօ կը շեշտէ Լեւոն ԺԴ. Պապին Ափրիկէ կատարած այցելութեան մարգարէական նշանակութիւնը, որ կոչ կ'ուղղէ ղեկավարներուն՝ ապահովելու արդարութիւն եւ արժանապատիւ ապագայ երիտասարդութեան համար: Ան լաւատեսութեամբ կը հաստատէ, որ այս առաքելութիւնը կ'ամրապնդէ ափրիկեան Եկեղեցւոյ ինքնութիւնն ու դերը տիեզերական հարթակի վրայ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին Ափրիկեան չորս երկիրներ կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին, Քինշասայի արքեպիսկոպոս եւ Ափրիկէի եւ Մատակասքարի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու Համագումարի նախագահ, Կարդինալ Ֆրիտոլէն Ամպոնկօ Պեսունկուն ամփոփեց այցելութեան արդիւնքները։ Ան իր հպարտութիւնն ու լաւատեսութիւնը յայտնեց Սրբազան Հօր մարգարէական պատգամին նկատմամբ, որ ուղղուած էր ցամաքամասի առաջնորդներու խղճին։

Այցելութեան վայրերու ընտրութիւնը՝ Ալճերիա, Քամերուն, Անկոլա եւ Հասարակածային Կուինէա, ինքնին կը պատկերէ Ափրիկէի առջեւ ծառացած բազմազան մարտահրաւէրները։ Կրօնական երկխօսութենէն մինչեւ խաղաղութեան որոնում եւ հարստութեան արդար բաշխում, Լեւոն ԺԴ. Պապը շեշտեց այն հիմնական կէտերը, որոնք կրնան կերտել մայրցամաքին ապագան։

Եկեղեցւոյ ինքնութիւնը եւ առաջնորդներու պատասխանատուութիւնը

Կարդինալ Ամպոնկօ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, թէ այս այցելութիւնը ոչ միայն պատիւ էր, այլեւ՝ պատասխանատուութիւն։ «Վաղուայ տիեզերական Եկեղեցին պիտի առնչուի ափրիկեան Եկեղեցւոյ հետ. ասիկա մեր ուսերուն դրուած լուրջ պարտականութիւն մըն է», ըսաւ ան։

Ըստ Կարդինալին, Պապին պատգամը ունէր երկու հիմնական հասցէատէր.

Հաւատացեալները. Խորացնել կաթողիկէ ինքնութիւնը եւ հաւատքը՝ նախքան ուրիշներուն հետ շփման մէջ մտնելը։

Քաղաքական առաջնորդները. Պապը զօրաւոր կերպով դատապարտեց հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ առկայ անդունդը՝ կոչ ուղղելով ստեղծել արժանապատիւ կեանքի պայմաններ, որպէսզի երիտասարդները ստիպուած չըլլան լքել իրենց հայրենիքը։

«Պապին պատգամը մարգարէական է։ Ինչպէս Յիսուսի օրով, ոմանք պիտի լսեն, իսկ ուրիշներ՝ ոչ։ Սակայն ասիկա կոչ մըն է ուղղուած ղեկավարներուն՝ կասեցնելու երիտասարդներու արտահոսքը դէպի կեղծ դրախտներ, ուր շատերը իրենց մահկանացուն կը կնքեն անապատներուն կամ ծովերուն մէջ»։

Յոյսի եւ տագնապի միջեւ

Խօսելով Ափրիկեան Եկեղեցւոյ «դիմագիծին» մասին, Կարդինալ Ամպոնկօ զայն նկարագրեց որպէս երիտասարդ, կայտառ եւ ապագայի հանդէպ վստահութեամբ լեցուն իրականութիւն մը։ Սակայն, միւս կողմէ, ան չթաքցուց այն դժուարութիւնները, ինչպիսիք են աղքատութիւնը, անարդարութիւնը։

Հակառակ իր ծննդավայրի՝ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ տիրող տագնապալի իրավիճակին, կարդինալ Ամպոնկօ մնաց լաւատես. «Ես կը հաւատամ այս ցամաքամասի ապագային։ Մենք հպարտ ենք եւ վստահ, որ Պապին այս մէկ տարուայ քահանայապետութեան ընթացքին կատարած աշխատանքը պիտի տայ իր բարի պտուղները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2026, 12:39