2026.04.13 Viaggio Apostolico in Algeria - Visita alla Grande Moschea

Ափրիկէ, Կարդինալ Քուվաքատ. Կրօնները՝ խաղաղութեան արտօնեալ ուղի

Պապը ներկայացուցած է գործնական առաջարկ մը՝ կերտելու համար արդարութիւն, ընկերային կայունութիւն եւ ժողովուրդներու միջեւ համակեցութիւն։ Այսպէս է որ, Միջկրօնական երկխօսութեան գրասենեակի Վերատեսուչը կը գծագրէ Լեւոն ԺԴ. Պապի առաքելական երրորդ ճամբորդութեան առաջին ամփոփումը։

Կարդինալ Ճորճ Ժ. Քուվաքատ

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապի առաքելական ճամբորդութեան միջկրօնական իրադարձութիւնները առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունեցան յատկապէս Ալճերիոյ եւ Քամերունի մէջ, բայց նաեւ Անկոլայի ու Հասարակածային Կուինէայի իշխանութիւններուն եւ դիւանագիտական մարմնին ուղղուած ճառերուն մէջ։ Անոնք ուրուագծեցին կրօններու միջեւ երկխօսութեան հետեւողական տեսլական մը՝ որպէս խաղաղութեան, հաշտութեան եւ ընկերային կայունութեան արտօնեալ ուղի։ Ճամբորդութեան փուլերու ամբողջութիւնը կը յայտնաբերէ միասնական թել մը, ուր խորհրդանշական ժեստերն ու խօսքերը կը միաձուլուին նոյն աստուածաբանական եւ հովուական հեռանկարին շուրջ։

Ալճերիոյ մէջ, ճամբորդութիւնը սկիզբէն իսկ ներկայացաւ որպէս կամուրջներու կառուցման եւ հաշտութեան ուղղուած նախաձեռնութիւն։ Պապը զայն բնորոշեց որպէս «թանկագին առիթ՝ շարունակելու նոյն ձայնով եւ նոյն պատգամով, որով կ’ուզենք խթանել խաղաղութիւնը, հաշտութիւնը, յարգանքը եւ յարգալիր վերաբերմունքը բոլոր ժողովուրդներուն հանդէպ»՝ յիշատակելով Սուրբ Օգոստինոսը որպէս «կարեւորագոյն կամուրջ միջկրօնական երկխօսութեան մէջ»։

Ալճէրի մէջ, իշխանութիւններուն ուղղած իր խօսքին մէջ, ան կեդրոնացաւ տիեզերական եղբայրութեան վրայ. «Մենք եղբայրներ եւ քոյրեր ենք, որովհետեւ ունինք նոյն Երկնաւոր Հայրը», մատնանշելով հաւատքին որպէս համախմբող սկզբունք, որ կարող է սատարել արդարութեան, զօրակցութեան եւ խաղաղութեան։

Այս ուղղուածութիւնը գործնական արտայայտութիւն գտաւ կատարուած քայլերուն մէջ, յատկապէս Մեծ Մզկիթ այցելութեան ժամանակ, ուր ան վերահաստատեց «իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութիւնը» եւ յայտարարեց. «Կրնանք սորվիլ փոխադարձաբար յարգել զիրար, ապրիլ ներդաշնակութեան մէջ եւ կերտել խաղաղութեան աշխարհ մը»։ Պատուոյ մատեանին մէջ թողած իր գրութիւնը՝ «Թող Բարձրեալին ողորմութիւնը խաղաղութեան եւ ազատութեան մէջ պահպանէ ազնիւ ալճերիացի ժողովուրդը եւ ողջ մարդկային ընտանիքը», դիպուկ կերպով կ’ամփոփէ այս տիեզերական տեսլականը։

Նաեւ Notre-Dame d’Afrique սրբավայրին մէջ երկխօսութիւնը դրսեւորուեցաւ գործնական եւ առօրեայ ձեւով, ինչպէս կը վկայէ այն հաստատումը, թէ հաւատքը «այնպիսի հաւատք մըն է, որ չի մեկուսացներ, այլ կը բանայ, կը միացնէ՝ առանց շփոթեցնելու, կը մօտեցնէ՝ առանց նոյնացնելու»։ Վերջապէս, Աննապայի մէջ, օգոստինոսեան հեռանկարը ճամբորդութիւնը արմատաւորեց աւելի խոր հոգեւոր չափանիշի մը մէջ՝ կապելով Աստուծոյ փնտռտուքը խաղաղութեան կերտման եւ սիրոյ հետ. «Հաւատքը մէկ Աստուծոյ հանդէպ... կը միաւորէ մարդիկը ըստ կատարեալ արդարութեան, որ բոլորը կը հրաւիրէ գթասիրութեան»։

Քամերունի մէջ, անգլիախօս շրջանակներու տագնապով բնորոշուած, բայց կրօնական բախումի չվերածուած համապատկերին մէջ, Պապը յստակօրէն շեշտեց կրօններու դրական դերը, երբ անոնք չեն աղաւաղուիր «արմատաապաշտութեան թոյնով»։ Իշխանութիւններուն ուղղուած իր խօսքին մէջ ան հրաւիրեց «մերժել բռնութեան եւ պատերազմի տրամաբանութիւնը»՝ ընդկրկելու համար «խաղաղութեան մը, որ ըլլայ զինաթափուած... եւ զինաթափող», ընդգծելով պետութիւններու եւ կրօնական առաջնորդներու համատեղ պատասխանատուութիւնը հակամարտութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ։

Ամենանշանակալից պահը Պամենտայի հանդիպումն էր, ուր քրիստոնեայ, իսլամ եւ աւանդական առաջնորդները մատուցեցին ապրուած եղբայրութեան գործնական վկայութիւն մը։ Իմամը հաստատեց. «Շնորհակալ ենք Աստուծոյ, որ այս տագնապը չվերածուեցաւ կրօնական պատերազմի...», մինչդեռ Պապը մատնանշեց Խաղաղութեան Շարժումին որպէս «տիպար՝ ամբողջ աշխարհին համար», զգուշացնելով անոնցմէ, «որոնք կրօնները կը ծառայեցնեն... իրենց սեփական նպատակներուն»։ Այս իրադարձութիւնը ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս միջկրօնական երկխօսութիւնը կրնայ ծնունդ առնել տառապանքի ընդհանուր պատմութենէ մը եւ վերածուիլ հաշտութեան ուղիի։ Իսլամ ներկայացուցիչներու եւ եպիսկոպոսներու հետ հանդիպումներուն ժամանակ, Լեւոն Պապը պնդեց խաղաղութեան կերտման գործին մէջ ընդհանուր պատասխանատուութեան եւ իրապաշտ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը, որ ընդունակ է ճանչնալու կրօնական համայնքներու ներքին բազմազանութիւնը եւ խթանելու վաւերական մշակութայնացում (inculturazione)։

Անկոլայի մէջ, դիմելով դիւանագիտական մարմնին, Պապը ընդլայնեց հեռանկարը դէպի ողջ ափրիկեան ցամաքամասը՝ շեշտելով հակամարտութիւններու եւ բաժանումներու հետ կապուած մարտահրաւէրները. «Ափրիկէն հակամարտութեան եւ թշնամանքի իրավիճակներն ու երեւոյթները յաղթահարելու հրատապ կարիքն ունի... Միայն հանդիպման մէջ է, որ կեանքը կը ծաղկի։ Սկիզբը երկխօսութիւնն է»։ Այս ծիրէն ներս, ան յիշեցուց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի ուսուցումները՝ ընդգծելով երկխօսութեան եւ խաղաղութեան վերաբերեալ եկեղեցական վարդապետութեան յարատեւութիւնը։

Հասարակածային Կուինէայի մէջ ան պնդեց այնպիսի ընդհանուր արժէքներու վրայ, ինչպիսիք են խղճի ձեւաւորումը եւ ընդհանուր բարիքի կեդրոնականութիւնը, յայտարարելով. «Կամայականութիւններով (prepotenza) վիրաւորուած աշխարհի մը մէջ, ժողովուրդները արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունին», եւ իւրացնելով Ֆրանչիսկոս Պապի կոչը. «Այսօր մենք պէտք է «ոչ» ըսենք բացառման եւ անարդարութեան տնտեսութեան։ Այս տնտեսութիւնը կը սպանէ»։

Ընդհանուր հաշուեկշիռին մէջ, Լեւոն ԺԴ. բացայայտօրէն վերյիշեց Ֆրանչիսկոս Պապի ժառանգութիւնը՝ յիշատակելով անոր յանձնառութիւնը «տիեզերական եղբայրութեան» եւ «բոլոր մարդոց ու կիներու հանդէպ վաւերական յարգանքի» համար։ Այսպիսով, ամբողջ ճամբորդութիւնը համակուած է քանի մը միաւորող թեմաներով. եղբայրութիւնը՝ որպէս համակեցութեան հիմք, կրօնի ամէն տեսակ շահարկման դատապարտումը եւ կրօնական առաջնորդներու վճռորոշ դերը հակամարտութիւններու միջնորդութեան մէջ։ Այս տեսանկիւնէն, տարբեր երկիրներու մէջ ապրուած փորձառութիւնները չեն մնար մեկուսացած, այլ կը ներկայանան որպէս հետեւողական եւ գործնական առաջարկ՝ արդի աշխարհին մէջ խթանելու միջկրօնական այնպիսի երկխօսութիւն մը, որ ընդունակ է սատարելու խաղաղութեան, արդարութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ կայուն համակեցութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2026, 13:57