Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Պաղտատի Քաղդէացի Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի եպիսկոպոսները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ` 10 ապրիլ 2026-ին, Լեւոն ԺԴ-ը Առաքելական Պալատէն ներս ընդունեց Պաղտատի Քաղդէացի Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի եպիսկոպոսները, որոնք Հռոմ կը գտնուին նոր Պատրիարքի ընտրութեան համար, Կարդինալ Լուիս Ռ. Սաքոյի անցեալ ամիսներուն ներկայացուցած հրաժարականէն ետքը։
Այս առիթով ներկաներուն ուղղած Իր խօսքին մէջ Քահանայապետը այս պահը բնորոշեց` որպէս «շնորհքի եւ պատասխանատուութեան ժամանակ», կոչ ուղղելով մասնակիցներուն՝ առաջնորդուելու Սուրբ Հոգիով՝ ընտրելու այնպիսի առաջնորդ մը, որ կրնայ ամրապնդել միութիւնը եւ եկեղեցական հաղորդութիւնը։
Հալածանքներով ու տառապանքներով յատկանշուած Եկեղեցի մը
Յիշեցնելով Քաղդէական Եկեղեցւոյ առաքելական արմատները եւ անոր պատմութիւնը՝ յատկանշուած հալածանքներով ու տառապանքներով, Լեւոն ԺԴ. շեշտեց, թէ ճիշտ այդ տառապանքի վէրքերուն մէջ կը յայտնուի հաւատքի ուժը եւ քրիստոնէական յոյսը։
«Ձեր պատմութիւնը փառաւոր է, բայց նաեւ յատկանշուած է չափազանց ծանր փորձութիւններով՝ պատերազմներ, հալածանքներ, նեղութիւններ, որոնք հարուածած են ձեր համայնքները եւ ցրուած են շատ հաւատացեալներ աշխարհի տարբեր կողմերը։ Եւ ճիշտ այս վէրքերուն մէջ է, որ կը փայլի հաւատքի լուսաւոր վկայութիւնը, որովհետեւ եթէ ձեր Եկեղեցին կը կրէ պատմութեան սպիները, ապա Յարուցեալ Տէրն է, որ մեզի ցոյց կու տայ, թէ ամենացաւալի վէրքերը կրնան Իր մէջ դառնալ յոյսի եւ նոր կեանքի նշաններ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.։
Ապագայ Պատրիարքին կերպարը
Ան առ այդ նկարագրեց ապագայ Պատրիարքին կերպարը՝ որպէս խոնարհ հովիւ, ժողովուրդին մօտիկ, աղօթքի եւ ունկնդրութեան մարդ, որ կոչուած է ծառայելու եւ ոչ թէ իշխանութիւն բանեցնելու։
«Նոր Պատրիարքը նախ եւ առաջ թող ըլլայ հաւատքի մէջ հայր եւ հաղորդութեան նշան՝ բոլորին հետ եւ բոլորին միջեւ։ Թերեւս կրնայ թուիլ, թէ Աւետարանին համաձայն ապրիլը՝ այսինքն հեզութեան մէջ եւ միութեան համբերատար որոնումով, հոսանքին դէմ է եւ երբեմն նոյնիսկ անարդիւնք, բայց իրականութեան մէջ կը յայտնուի որպէս ամենաիմաստուն ուղին, որովհետեւ սէրը միակ ուժն է, որ կը յաղթէ չարին եւ պարտութեան կը մատնէ մահը» ըսաւ Քահանայապետը։
Յորդոր եպիսկոպոսներուն
Ան ապա յորդորեց եպիսկոպոսները՝ ըլլալու թափանցիկ, հոգ տանելու քահանաներուն եւ հաւատացեալներուն, եւ արժեւորելու արեւելեան եկեղեցական աւանդութիւնները, ընդգծելով Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն աջակցելու կարեւորութիւնը, որպէսզի անոնք կարենան ապրիլ լիակատար ազատութեամբ եւ արժանապատուութեամբ։
«Եղբայրնե՛ր, դուք յոյսի նշաններ էք աշխարհին մը մէջ, որ յատկանշուած է անմիտ եւ անմարդկային բռնութիւններով, որոնք այս օրերուն, շարժուած ագահութենէն եւ ատելութենէն, վայրագութեամբ կը տարածուին ճիշտ այն հողերուն վրայ, ուր փրկութիւնը ծագեցաւ՝ Արեւելեան քրիստոնէութեան սուրբ վայրերուն մէջ, որոնք պղծուած են պատերազմի հայհոյանքով եւ շահախնդրական դաժանութեամբ՝ առանց հաշուի առնելու մարդկային կեանքը, որ կը նկատուի լոկ որպէս կողմնակի հետեւանք իրենց շահերուն» շեշտեց Լեւոն ԺԴ հաստատելով որ ոչ մէկ բան կարող է արդարացնել անմեղներու կեանքին կորուստը ու թէ Քրիստոսին հետեւողը կը մերժէ պատերազմը, որովհետեւ Աստուած չ՛օրհներ հակամարտութիւնները եւ որովհետեւ խաղաղութիւն չի ծագիր զէնքերէն այլ միայն երկխօսութենէն ու ժողովուրդներու միջեւ համակեցութենէն։
Հռչակել Քրիստոսը
Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց Քաղդէական Եկեղեցին՝ հռչակելու Քրիստոսը նոյնիսկ դժուարութիւններուն մէջ եւ կենդանի պահելու հաւատքը, սէրը եւ յոյսը` հուսկ խօսքը աւարտեց Սիւնհոդոսը ու սիւնհոդոսական հայրերը յանձնելով Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ սուրբ առաքեալներու բարեխօսութեան` ընտրելու համար նոր Պատրիարքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
