Որոնել

2025.11.03 Santa Maria Maggiore - Preghiera davanti alla Tomba di Papa Francesco

Լեւոն ԺԴ. յիշեց Ֆրանչիսկոսը. ան շատ բան պարգեւեց եւ նուէր մը եղաւ Եկեղեցւոյ ու աշխարհին

Անկոլայէն դէպի Հասարակածային Կուինէա թռիչքի ընթացքին՝ առաքելական ճամբորդութեան վերջին հանգրուանին, Պապը սիրով յիշեց իր նախորդը՝ անոր մահուան առաջին տարելիցին առթիւ. «Ան շատ բան պարգեւեց իր կեանքով եւ աղքատներուն հանդէպ իր մօտիկութեամբ։ Ան քարոզեց ողորմութեան պատգամը։ Աղօթենք, որ ան վայելէ Տիրոջ ողորմութիւնը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան. - Վատիկան

«Կ’ուզեմ այս մահուան առաջին տարելիցին յիշել Ֆրանչիսկոս Պապը, որ այնքան շատ բան ձգեց ու պարգեւեց Եկեղեցւոյ՝ իր կեանքով, իր վկայութեամբ, իր խօսքով եւ իր արարքներով։ Լեւոն ԺԴ. Պապին խօսքերն են ասոնք զոր ան արտասանեց` Ափրիկէի առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Անկոլայէն Հասարակածային Կուինէա տեղափոխութեան ընթացքին` 21 Ապրիլ 2026-ին յիշելով մէկ տարի առաջ 21 Ապրիլ 2025-ի լուսաբացին կեանքէն հեռացած Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ֆրանչիսկոսին ժառանգութիւնը

Քահանայապետը ընդգծեց, թէ ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապը խորունկ ժառանգութիւն մը ձգած է Եկեղեցւոյ եւ համայն աշխարհին, բաղկացած ոչ միայն ուսուցումներէ, այլ մանաւանդ գործնական քայլերէ։ «Ան շատ բան պարգեւեց իր կեանքով, իր վկայութեամբ եւ իր խօսքով», ըսաւ Լեւոն ԺԴ, յատկապէս յիշելով Ֆրանչիսկոսի մշտական մօտիկութիւնը ամենատկարներուն՝ աղքատներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն եւ մանուկներուն։

Տիեզերական Եղբայրութիւնը

Անոր քահանայապետութեան կեդրոնական թեմաներուն կարգին, Լեւոն ԺԴ վերյիշեց տիեզերական եղբայրութեան գաղափարը՝ որպէս շարունակական հրաւէր զիրար ճանչնալու իբրեւ եղբայրներ եւ քոյրեր, վեր ամէն տեսակ տարբերութիւններէ։ Աւետարանին մէջ արմատացած այս պատգամը Ֆրանչիսկոս Պապը ջանաց իրականութեան վերածել՝ խթանելով յարգանքը, երկխօսութիւնը եւ համերաշխութիւնը բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ։

Ողորմութիւնը

Lեւոն ԺԴ. մեծ տեղ յատկացուց նաեւ ողորմութեան թեմային, որ Ֆրանչիսկոսի վարդապետութեան հիմնասիւնն էր այս ուղղութեամբ յիշելով 17 Մարտ 2013-ի քարոզը՝ շնացող կնոջ մասին, ուր ուժգնօրէն ի յայտ եկաւ անսահման ներումի եւ սիրոյ ընդունակ Աստուծոյ դէմքը։

Այս ոգին իր բարձրագոյն արտայայտութիւններէն մէկը գտաւ Ողորմութեան արտակարգ Յոբելեանին մէջ, որուն գլխաւոր ջատագովը եղաւ Ֆրանչիսկոսը։

Լեւոն ԺԴ Պապը հրաւիրեց բոլորը աղօթելու, որպէսզի Ֆրանչիսկոս Պապը արդէն իսկ վայելէ աստուածային ողորմութիւնը, միաժամանակ յայտնելով իր շնորհակալութիւնը անոր կեանքին եւ ծառայութեան պարգեւին համար ուղղուած ամբողջ Եկեղեցւոյ եւ ամբողջ աշխարհին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2026, 12:33