Ապրեցէք եղբայրութեան մէջ եւ շարունակեցէք ծառայութիւնը սիրոյ եւ հաւատարմութեան հոգիով. Լեւոն ԺԴ. Անկոլայի կղերական դասին

Անկոլայի կղերական դասին ուղղած իր խօսքին մէջ Պապը երախտագիտութիւն յայտնեց անոնց, որոնք կը ծառայեն Աւետարանին եւ կը նպաստեն հասարակութեան զարգացման՝ հաշտութեան ու խաղաղութեան հիմքերու վրայ։ Ան քաջալերեց ներկաները չվախնալու ամբողջովին նուիրուելու Քրիստոսին՝ շեշտելով, որ Տէրը ոչինչ կը խլէ, այլ կը պարգեւէ ճշմարիտ ուրախութիւն եւ յոյս։ Պապը ընդգծեց կազմաւորումի եւ հոգեւոր կեանքի կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ քրիստոնէական վկայութիւնը պէտք է ըլլայ ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ կեանքով։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Երկուշաբթի` 20 ապրիլ 2026-ին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Քահանայապետութեան միջազգային երրորդ առաքելական ճամբորդութեան շրջագիծէն ներս Անկոլա կատարած այցելութեան երրորդ օրուան յայտագիրը եզրափակեց Լուանտայի Ֆաթիմայի Տիրամօր ժողովրդապետութեան մէջ հանդիպելով Երկրին եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, նուիրեալ անձանց, կրօնուսոյցներու եւ հովուական ծառայութեան գործիչներուն հետ` ուր ունկնդրելէ ետք իրեն ուղղուած բարի գալուստի խօսքը եւ ներկայացուած տարբեր վկայութիւնները Ան իր սրտին խօսքը ուղղեց ներկաներուն իր ուրախութիւնը յայտնելով անոնց միջեւ գտնուելուն եւ իրեն վերապահուած հիւրընկալութեան համար։

Երախտագիտութիւն Աւետարանի ծառայողներուն

«Եւ նախ եւ առաջ կ՜ուզեմ երախտագիտութիւնս յայտնել անոնց որոնց Անկոլայի մէջ ծառայեցին ու կը շարունակեն ծառայել Աւետարանին» ըսաւ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ որ անոնք կը շարունակեն իրենց սատար մատուցելու Պետութեան զարգացումին` այդ սատարը հիմներով հաշտութեան եւ խաղաղութեան ամուր հիմքերուն վրայ։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց` թէ Տէրն է` որ զանոնք պիտի վարձատրէ մէջբերելով Մարկոս Աւետարանիչն քաղուած խօսքերը (Մարկոս10,29-30). « չկայ մէկը` որ ինծի կամ Աւետարանին համար ձգած ըլլայ տուն, եղբայրներ, քոյրեր, հայր, մայր, զաւակներ կամ կալուածքներ, եւ այժմէն իսկ չընդունի հարիւրապատիկը... հալածանքներով միասին ու հանդերձեալ աշխարհին մէջ յաւիտենական կեանքը»։

Մի վախնաք «այո՛» ըսելու Քրիստոսին

Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը խրախուսեց ներկաները իրենց սիրտը բանալու Քրիստոսին, հակառակ որ շատ անգամ փորձութիւն կայ մտածելու` թէ մի գուցէ Ան բան մը պիտի խլէ անոնցմէ։

«Մի վախնաք «այո՛» ըսելու Քրիստոսին, ու ձեր կեանքը ձեւաւորելու անոր կեանքին ...Դուք կը պատկանիք Տիրոջ, կ՜արժէ անոր հետեւիլ, հնազանդութեան, աղքատութեան եւ ողջախոհութեան մէջ։ Ան ոչ մէկ բան կը խլէ ձեզմէ, եթէ ոչ միայն իր վրայ առած ձեր մեղքը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով` որ Տէրը անոնց կը պարգեւէ ուրախութիւնը ըլլալու իր «միսիոնար – աշակերտները» եւ կու տայ նաեւ ուժը «յաղթահարելու չարին թակարդները» ու կը պարգեւէ «յաւիտենական կեանքին յոյսը»։

Կրօնուսոյցներուն ծառայութիւնը Ափրիկէի Եկեղեցւոյ կեանքին հիմնական արտայայտութիւն

«Այս բոլոր բաները ձերն են, պարգեւ են եւ ամենամեծ պարգեւը Սուրբ Հոգին է` որ ձեր սրտերուն մէջ զեղեց Սուրբ Մկրտութեան միջոցաւ, ի տես ձեր առաքելութեան կերտելու համար անկոլական ազատ ընկերութիւն մը» յարեց ապա ի միջի այլոց Լեւոն ԺԴ. այս առաքելութեան մէջ կարեւորելով յատկապէս կրօնուսոյցներուն ծառայութիւնը, որ «Ափրիկէի մէջ Եկեղեցւոյ կեանքին հիմնական մէկ արտայայտութիւն է, որ կարող է ներշնչում դառնալ համայն աշխարհի կաթողիկէ հասարակութիւններուն» ըսաւ Ան եւ կրկնեց Սուրբ Պօղոսին Կորնթացիներուն ուղղած նամակին խօսքերը «Ամէն բան ձերն է։ Բայց դուք Քրիստոսին էք» (Ա. Կորընթ. 3,23)։

Կառուցել Երկիրը օրէնքին համաձայն

«Ձեր երկրի անկախութեան յիսնամեակին առթիւ, Առաքեալին այս խօսքերը մեզի կ’ըսեն, թէ Անկոլայի ներկան ու ապագան ձեզի կը պատկանին, բայց դուք Քրիստոսի կը պատկանիք։ Բոլոր անկոլացիները, առանց բացառութեան, իրաւունք ունին կառուցելու այս երկիրը եւ անկէ արդար կերպով օգտուելու. սակայն, Տիրոջ աշակերտները պարտաւոր են զայն ընելու սիրոյ օրէնքին համաձայն», շեշտեց Պապը դիտել տալով, որ իրենց կ՛իյնայ ըլլալ Յիսուսին պատկերը ու այս մէկին մէջ է որ կը կայանայ անոնց եզակիութիւնը։

«Դուք այս երկրի աղն ու լոյսն էք, որովհետեւ Քրիստոսի Մարմնին անդամներն էք. հետեւաբար, ձեր շարժումները, խօսքերն ու գործերը, արտացոլացնելով Անոր սէրը, ներսէն կը կառուցեն համայնքները եւ կը շինեն զանոնք յաւիտենականութեան համար» յարեց ապա Քահանայապետը կարեւոր նկատելով Քրիստոսին հետ սերտ միութեան մէջ ըլլալը։

Կազմաւորումի կարեւորութիւնը` հաւատարիմ եւ ուրախ աշակերտներ

Ան ապա ակնարկեց իրենց ապրած հովուական ուղեւորութեան որ նուիրուած է աղօթքին ու հոգեւոր կեանքին` «հաւատարիմ աշակերտներ, ուրախ աշակերտներ» բնաբանով որմէ մեկնելով շեշտը դրաւ կազմաւորումի կարեւորութեան վրայ։

«Քրիստոսի դպրոցին մէջ` որ է ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք միշտ ալ շատ բաներ կան սորվելիք» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. հաստատելով, որ Քրիստոսը ճանչնալը կը պահանջէ հաստատուն նախնական կազմաւորում մը՝ ընկերակցութեամբ հոգեւոր առաջնորդներու, անհատական ուսումնասիրութեան եւ եկեղեցական ուղիներուն յարելու, որպէսզի օգնէ հաւատացեալներուն եւ կանխէ շեղումները։

Առանց խոկումի կը կորսուի Աւետարանին հետ ներդաշնակութիւնը

Այսուհանդերձ, կազմաւորումը միայն մտաւորական չէ. անիկա կը ներգրաւէ ամբողջ անձը՝ ներառեալ ներքին կեանքը, ինքնախնամքը եւ այնպիսի միջոցներու օգտագործումը, ինչպիսիք են արուեստը, մշակոյթը, մարզանքը եւ յատկապէս խոկումի աղօթքը, դիտել տուաւ հուսկ Քահանայապետը ընդգծելով, թէ դժուարին պահերու ընթացքին կենսական է կանգ առնել Աստուծոյ առջեւ, որովհետեւ ան կը նորոգէ հոգեւոր կեանքը եւ վաւերական կը դարձնէ քրիստոնէական վկայութիւնը, ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապը կը յիշեցնէ Evangelii gaudium-ի մէջ։ «Առանց խոկումի, արդարեւ, կը կորսուի Աւետարանին հետ ներդաշնակութիւնը»։

Վկայութեան կարեւորութիւնը

Վերյիշելով հուսկ Պօղոս Զ. Պապը Evangelii nuntiandi-էն քաղուած խօսքերը Լեւոն ԺԴ. ընդգծեց, թէ արդի մարդը աւելի շատ թոյլ կու տայ, որ զինք առաջնորդեն վկաները, քան վարդապետները եւ ասկէ մեկնելով հաստատեց թէ ուսուցումը արդիւնաւէտ է միայն այն ատեն, երբ անիկա զօրավիգ ունի հետեւողական ու համապատասխան կեանք մը։

Իրար միջեւ խթանել եղբայրութիւնը

Ասոր համար «Քրիստոսին հաւատարմութիւնը` որ մեզ սիրեց մինչեւ վերջ, մեր հաւատարմութեան իսկական խթանն է» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ու քաջալերեց ներկաները ապրելու միութեան մէջ եւ իրարու միջեւ խթանելու եղբայրութիւնը` անկեղծութեամբ եւ թափանցիկութեամբ։ Ան ապա ակնարկեց ընտանեկան կառոյցին, որ վայրն է «անդամներու սրբութեան» եւ ուր շատերուն համար ծնունդ առաւ կոչումը, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ընտանիքներուն որոնք թիկունք կանգնեցան այդ կոչումին, ապա խրախուսեց զանոնք օգնելու իրենց հարազատին հաւատարիմ մնալու աւետարանին թիկունք կանգնելով նաեւ աղօթքի միջոցաւ, յիշեցնելով` որ իրենք բոլորին ծառաներ են։

Անկոլայի մէջ խաղաղութեան եւ հաշտութեան առաքելութիւնը չէ աւարտած

Սրբազան Պապը առ այդ քաջալերեց Անկոլայի Եկեղեցին՝ շարունակելու իր յանձնառութիւնը ի նպաստ խաղաղութեան, յիշեցնելով այն քաջութիւնը, որ ցուցաբերուեցաւ պատերազմը դատապարտելու, ժողովուրդին սատարելու եւ վերաշինութեան նպաստելու գործին մէջ։

«Այս առաքելութիւնը տակաւին չէ աւարտած» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ հարկաւոր է խթանել հաշտութիւնը, դաստիարակել համերաշխութեան ոգիով եւ արժեւորել օրինակն անոնց, որոնք գիտցան ներել՝ մեծ տառապանքներէն ետքը։

Առաջարկել քրիստոնէական սիրոյ վրայ հիմնուած լուծումներ

Ան ապա հաստատեց թէ զարգացումը էական է խաղաղութեան համար, հետեւաբար կարեւոր է դատապարտել անարդարութիւնները եւ առաջարկել քրիստոնէական սիրոյ վրայ հիմնուած լուծումներ՝ շարունակելով գործել յատկապէս կրթութեան եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ, նման այն առաքեալներուն (միսիոնարներուն), որոնք իրենց կեանքը տուին ժողովուրդին եւ Աւետարանին համար «նախընտրելով մահը քան չդաւաճանելու համար Քրիստոսի արդարութիւնը, ճշմարտութիւնը, ողորմութիւնը, սէրն ու խաղաղութիւնը»։

«Դուք եւս, սիրելինե՛ր, ամէն Սուրբ Պատարագէ մեկնելով, ընծայուած մարմին եւ թափուած արիւն էք ձեր եղբայրներու կեանքին ու փրկութեան համար։ Ձեր կողքին է միշտ Սուրբ Կոյս Մարիամը՝ Mama Muxima-ն։ Աստուած օրհնէ եւ պտղաբեր դարձնէ ձեր նուիրումն ու առաքելութիւնը» եղան Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին Անկոլայի կղերական դասին ուղղած եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2026, 19:39