Սանթա Մարի Մաճորէ Տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի գերեզմանը Սանթա Մարի Մաճորէ Տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի գերեզմանը 

Յիշատակի տուրք երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի յիշատակին

Ապրիլ 21-ին, Սանթա Մարիա Մաճորէ պազիլիքային մէջ հանդիսաւորապէս պիտի նշուի Ֆրանչիսկոս Պապի մահուան առաջին տարելիցը՝ յատուկ յուշաքարի բացումով եւ Վարդարանի աղօթքով։ Արարողութիւնը պիտի եզրափակուի Սուրբ Պատարագով, որուն ընթացքին պիտի ընթերցուի Լեւոն ԺԴ. Պապի պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ երեքշաբթի՝ 21 ապրիլին, կը լրանայ Ֆրանչիսկոս Պապի մահուան առաջին տարելիցը։ Արժանթինցի Քահանայապետը իր հոգին աւանդեց Սանթա Մարթա տան մէջ, առաւօտեան ժամը 7:35-ին։ Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ հինգ օր ետք, իսկ մարմինը, իր փափաքին համաձայն, կը հանգչի Սանթա Մարիա Մաճորէ պապական պազիլիքային մէջ։ Այս տխուր առիթով, պազիլիքայի տնօրէնութիւնը հրապարակած է յիշատակի յատուկ յայտագիր մը, որով պիտի մեծարուի երջանկայիշատակ Քահանայապետին յիշատակը։

Յուշաքարի զետեղում եւ աղօթք

Յիշատակի հանդիսութիւնները պիտի սկսին ժամը 17:00-ին, Փաոլինա մատրան մէջ՝ Վարդարանի աղօթքով։ Այնուհետեւ, նոյն մատրան աջակողմեան պատին վրայ պիտի բացուի յուշաքար մը, որ պիտի յաւերժացնէ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ «Salus Populi Romani - Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն» սրբապատկերին միջեւ եղած սերտ կապը։

Պրոնզաձոյլ տառերով եւ լատիներէնով գրուած յուշաքարին վրայ արձանագրուած է հետեւեալը. «Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ 126 անգամ ծնրադիր աղօթեց Salus Populi Romani սրբապատկերին առջեւ, իր կամքով կը հանգչի այս պապական տաճարին մէջ։ 21 Ապրիլ 2026, մահուան առաջին տարելից»։

Լեւոն ԺԴ. Պապի պատգամը

Երեկոյեան ժամը 18:00-ին պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ, որուն ընթացքին պիտի ընթերցուի Լեւոն ԺԴ. Պապի պատգամը։ Ներկայիս Քահանայապետը չի կրնար անձամբ ներկայ գտնուիլ, քանի որ առաքելական ճամբորդութեամբ կը գտնուի Ափրիկէի շարք մը երկիրներու մէջ։
Հաւատացեալներուն դիւրութիւն ընծայելու համար, արարողութիւնը ուղիղ եթերով պիտի սփռուի պազիլիքայի առջեւ գտնուող հրապարակի մեծ պաստառին վրայ, ինչպէս նաեւ «Վատիկան Նիուզ»-ի կայքէջով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2026, 12:03